Յաղթելու Ցանկութիւնս Թուրքիոյ Մէջ Այս Անգամ Կրկնակի Մեծ էր. Լեւոն Աղասեան

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

Առաջին անգամ այլ զգացողութիւն ունէի Թուրքիոյ մէջ մրցելոյթիս ժամանակ: Շատ ուրախ եմ այս յաղթանակիս համար: Այս մասին NEWS.am Sport-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Հայաստանի առաջնակարգ եռացատկորդ Լեւոն Աղասեան, որ Մարտ 5-ին, Պոլսոյ մէջ իրականացուած Պալգանեան երկիրներու առաջնութեան ժամանակ եռացատկի մրցաշարին նուաճած է ախոյեանի կոչումը:

Ան ունեցած է 16մ 26 սմ արդիւնք: Ասիկա, ըստ աղբիւրին, կապանցի եռացատկորդի առաջին մրցելոյթն էր այս տարի:

«Մրցելոյթէս դժգոհ չեմ իրականութեան մէջ։ Լաւ մարզավիճակի մէջ կը գտնուիմ: Մինչեւ աշխարհի առաջնութիւն աւելի պիտի լաւացնեմ զայն։ Թուրքիոյ մրցաշարին հեռու ցատկեր ըրի, բայց ցատկատախտակը թոյլատրելիէն շատ անցած էի եւ, անոնք իբրեւ արդիւնք չարձանագրուեցան։ Վստահ կրնամ ըսել, որ մրցաշրջանի առաջին մրցման համար վատ չմասնակցեցայ։

Բազմիցս նշած եմ, որ ինծի համար նշանակութիւն չունի, թէ ուր կը մասնակցիմ մրցումին։ Այս անգամ նոյն զգացողութիւնը չունէի, որովհետեւ 2020 թուականի պատերազմէն ետք՝ մեր խումբը առաջին անգամ ըլլալով Թուրքիոյ մէջ կը մասնակցէր մեծ մրցաշարի:

Լաւ հանդէս գալու եւ յաղթելու ցանկութիւնս այս անգամ այնտեղ կրկնակի մեծ էր: Շատ ուրախ եմ այս յաղթանակին համար եւ առաւել ուրախացայ, երբ մեզ սիրողները զայն ընդունեցին խանդավառութեամբ եւ դրական յոյզերով:

Այսօր վերադարձած ենք Թուրքիայէն: Մարզումներու փուլը պիտի շարունակենք նոյն ընթացքով եւ պիտի նախապատրաստուինք աշխարհի առաջնութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Մարտ 18-20 Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ»,- ըսած է Լեւոն Աղասեան։

Աշխարհի ձմեռնային առաջնութիւնը (մարզադահլիճ) պիտի իրականացուի Մարտ 18-20 Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ։