Երբ Կը Շփոթենք Մարդկայինը, Ազգայինը եւ Ցուցականը (Յ. Պալեան)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ի՞նչ ըսել մարդոց կեանքին կրօններու բերած նպաստին մասին, երբ անոնք զիրենք կը բարձրացնեն իրենց պարզ կացութենէն հասնելու համար բացարձակին: Երբ զիրենք կը հեռացնեն ատելութենէ եւ եսասիրութիւններէ, եւ խմբեն բաց եւ մեծհոգի համայնքի մը մէջ:

Ժագ Շիրաք, Ֆրանսայի նախագահ,

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի 31րդ ընդհանուր Ժողովի բացման խօսք

            Կը դիտեմ, կը լսեմ եւ չեմ յաջողիր անտարբեր մնալ:

            Միաժամանակ կը մտածեմ, որ խօսիլ եւ գրել բանի մը կը ծառայե՞ն:

Ազգային եւ մարդկային հիմնական ըմբռնումի բացակայութիւնը պատճառ է պառակտումներու, անհասկացողութիւններու, պայքարներու, պատերազմներու, աւերներու եւ մահերու: Այսպէս ընթացած է պատմութիւնը եւ հակառակ մեծ մտածողներու գաղափարներու աւանդին, մարդկութիւնը շարունակած է ընկերային, մարդկային եւ ազգային հիմնականի եւ ինքնացուցադրութեան շփոթը, որ անյագուրդ ԵՍն է իր այլազան դրսեւորումներով:

Պարզ կացութենէ բարձրանալ եւ հասնիլ բացարձակին

            Ընդհանրապէս. բայց նաեւ մեր «փոքրիկ ածու»ի պարագային:

            Միթէ՞ հրաւէր պէտք է անդրադառնալու, որ պատմութեան ահաւորութիւնները ապրած ենք, անոնց հետեւանքները մեր անմիջական կեանքին մէջ են, դառն ժառանգութիւն: Եթէ ոչինչ ընենք, նոյնը պիտի կտակենք մեր յետնորդներուն: Այս գիտակցութեամբ, այսօ՛ր, պէտք է վերականգնենք ազգային եւ մարդկային հիմնականի ըմբռնումը մեր անհատական եւ հաւաքական կեանքին մէջ, յաղթահարելով մեր եսերը, քաղաքական թէ ընչաքաղցական, որոնք ցուցադրութիւն են մեր պարտուածի հոգեխոցը ծածկելու անկարողութեան:

            Մարդկութիւնը ընդհանրապէս: Մենք ալ անոր մաս՝ որպէս հայ ժողովուրդ:

            Հայաստանի մամուլին հետեւողը եւ նոյնիսկ հեռուն նստած Ազգային Ժողովի հարց ու պատասխանի բրտութեան, պոռչտուքին եւ սկսած-չաւարտող կռփամարտին հանդիսատեսը, յուսահատ հարց կու տայ ինքնիրեն, հարց պէտք է տանք իրարու, թէ՝ ո՞ւր կ’երթանք, ո՞ւր կը տանին, այս ընթացքով ո՞ւր պիտի հասնինք: Միթէ՞ պետութիւն եւ անկախութիւն պերճա՞նք են մեր ժողովուրդին համար, որմէ կարելի է հրաժարիլ եւ կրկին դառնալ հպատակ:

            Խօսի՛լ հաւատքի մասին, դեռ կրնա՞նք խօսիլ այնպէս ինչպէս խօսած է ֆրանսայի նախագահ Ժաք Շիրաք կրօններու մասին, որոնք մարդը կ’առաջնորդեն բացարձակին, որուն հասնիլ պէտք է ըլլայ մարդուն բնական երթը:

Բայց ի՞նչ է բացարձակը:

            Ան ունայնութիւն չէ, հրաւէր է եւ պատգամ, որպէսզի մարդը ինքզինք իմաստաւորէ, անմիջական նիւթականէն անդին իր գոյութենական հոգեկանը եւ արժէքները: Մեր ժողովուրդի (ներսի եւ դուրսի) պատմութեան ներկայի հանգուցային պահուն, խառնակ, ընկճուածի եւ անտեղի ցուցադրականութեամբ դրոշմուած ունայն փառասիրութիւնները յաղթահարելով, պիտի կարենա՞նք ունենալ ազգի եւ հայրենիքի գոյութենական հրամայականներուն տեսիլքը եւ ըստ այնմ խորհինք ու գործենք: Կը մտածե՞նք, թէ ի՞նչ պիտի կտակենք մեզի յաջորդելու կոչուած սերունդներուն. մեր պառակտումնե՞րը, մեր պարտութիւննե՞րը…

            Կտակ՝ ցուցադրական ունայնասիրութիւններու, ընչաքաղցութեան, դիրքի, տիտղոսի, աթոռի եւ աթոռակի: Փուչիկ:

            Հայաստան եւ բազմագոյն սփիւռք(ներ) մասնակիի, անմիջականի եւ ԵՍերու (ego) հանդէս են: Մարդկային եւ ազգային հիմնականը մոռցուած է, պատճառ դառնալով, որ խախտի մեր ճակատագրի գիտակցութենէն բխելիք պատասխանատուութեան ըմբռնումը: Այսօր մարդկային եւ ազգային բացարձակը,- արդարութիւն, իրաւունք, ազատութիւն,- չ’առաջնորդեր մեր քաղաքական եւ ղեկավարական միտքը, որ փոխարինուած է հանգամանաւորական ախտով, իշխանատենչութեամբ, չարաշահումներով եւ խարդաւանանքներով (քոմպինացիա):

            Վերջին երեսուն տարիներու փորձը լաւատեսութիւն չի ներշնչեր եւ իրատեսութեամբ կարելի է հարց տալ, թէ երեսուն տարի ալ այսպէս կարելի՞ է շարունակել: Ինչպէս 428ին, Պարսից արքային օրինակով իշխող մը, կրնայ մէկուն եւ միւսին գլխուն զարնել եւ սուլել… մեր անհասկացողութիւններու գումարի հետեւանքով պատի առջեւ կանգնած անկախութեան խաղի աւարտը:

            Ընչաքաղցութիւն, իշխանատենչութիւն, երեւելիապաշտութիւն, քաղաքական համարուած մեքենայութիւններ (այսինքն՝ անատակութիւն ճիշդ մարդը ճիշդ գործին տեսնելու) ներսէն կրծած են եւ կը կրծեն պետութիւնը եւ ընդհանրապէս ղեկավարական փառասիրութիւնները (միշտ ներսը եւ դուրսը), ԱԶԳը կ’առաջնորդեն բարձրաձայնուած տպաւորիչ յայտարարութիւններու հակառակ ուղղութեամբ: Մեր աչքերը կը յառենք արտաքին կոչուած թշնամիներու վրայ, զանոնք մատնանիշ կ’ընենք, հանրային կարծիքը այդպէս կը զբաղեցնենք, բայց ոչ ոք նուազագոյն ճիգը կ’ընէ նախ մեր հոգեբանական ներքին թշնամիներուն վրայ բանալու լուսարձակները, քանի որ այդ ընել, առաջին հերթին պէտք է ըլլայ ինքնաքննադատութիւն:

            Քաղաքական իրաւ մշակոյթ պէտք է, եւ այդ պէտք է յառաջացնէ ազնիւ եւ անկախ մտաւորականութիւնը, որպէսզի մեզմէ իւրաքանչիւրը վարժուի ինքնիրեն հարց տալ, թէ ի՞նչ կ’ընէ ինք, ի՞նչ կ’ընէ այս կամ այն դիրքին վրայ, որսորդը ինքզինք չտեսնէ թնդանօթաձիգ սպայի դիրքին վրայ: Եթէ միայն կարելի ըլլար հասնիլ այն պարզ ողջախոհական իմաստութեան, մարդիկ պահ մը կանգ առնէին եւ իրենք իրենց հարց տային, թէ ի՞նչ կ’ընեն, ատա՞կ են այս կամ այն աշխատանքը ընելու: Պատահմամբ խօսափողի առջեւ կանգնած ամէն քաղաքացի, ամէն ազգային, ո՛չ Պերիկլես է, ո՛չ Խրիմեան Հայրիկ: Այսօր խօսափողի ախտը վարակած է զանգուածները եւ մատնած շուարումի:

            Ֆրանսացի իմատասէր Ռընէ Տէքարթի իմաստութիւնը հայուն չ’առնչուիր: Ան ըսած էր, որ ողջախոհութիւնը աշխարհի հաւասարապէս լաւ բաժնուած բանն էր: Եթէ այդպէս ըլլար, ամէն առիթով ամէն մարդ ամէն բանի մասին չէր խօսեր, ամէն մարդ այս կամ այն թառին վրայ ցատքել չէր ուզեր եւ ապա մնալ թառին վրայ: Անձ մը որ դրամապանակին մէջ եղած գումարին հաշուապահութիւնը ընել չի գիտեր, կրնա՞յ յաւակնիլ դրամատան տնօրէն ըլլալ:

            Այս մասին կը մտածեմ ամէն անգամ երբ ժողովներու եւ անոնց մասնակիցներու մասին կը լսեմ, երբ կը տեսնեմ «մի ոմն»ներ կանգնած բեմի վրայ կամ հեռատեսիլի խօսափողին առջեւ:

            Սրբազան խենթ մը օր մը ուսումնասիրութիւն պէտք է կատարէ, գիտնալու համար թէ հայերը որքան ժամանակ կ’անցնեն ժողով գումարելու, ճառ խօսելու եւ ճառ լսելու համար, ճշդե՛լ՝ ժամերով եւ օրերով: Այդ ժամերը եթէ օգտակար աշխատանքի վերածուին ամէն տարի քանի՞ դպրոց, քանի՞ եկեղեցի, քանի՞ հիւանդանոց դպրոց կարելի է կառուցել, քանի՞ հեքթար հող մշակելի դարձնել:

            Բոլոր աթոռասէրները, աթոռակալները, խօսափողասէրները, ժողովախտաւորները Ռընէ Տէքարթի ջատագոված ողջմտութենէն եթէ պճեղ մը ունենան, մեծհոգութեամբ իրենք զիրենք հարցականի կ’ենթարկեն: Եւ իմաստութեամբ գրաբարի դասագիրքի էջի մը խորագիրը բարձրաձայն կը կրկնեն եւ նախ իրենք կը լսեն. «Մի՛ բարձընտիր լինել ի կոչունս»: Բարձը՝ աթոռ, դիրք…

            Խօսափող եւ ժողովներ բանաստեղծ Գէորգ Էմինի դառն երգիծանքին հանդէսներն են:

            Որքա՜ն լաւ պիտի ըլլար, որ հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի հաղորդումները ամէն օր, ամէն չափի եւ կարեւորութեան ժողովները ամէն անգամ սկսէին Գէորգ Էմինի չորս տողերով.

­Մենք գահ ու թագ չ­ե՜նք ու­նե­ցել,
Եւ… ար­քա՜յ է ա­մէն մի հայ.
­Զօրք ու բա­նակ չենք ու­նե­ցել,
Եւ… սպա՜յ է ա­մէն մի հայ…

Չեմ ձանձրանար լսելէ եւ կրկնելէ հայու պարտութեան հոգեբանութեան սուր ու բութ ախտորոշումը: Էմին չէ խօսած ուրիշի համար: Խօսած է մեզի համար:

Խօսափողը բռնելէ առաջ մտովի կրկնենք քառատողը, մտածելով հրաշքի մասին, որ պիտի դարմանէ մեր գերակայութեան եւ ստորակայութեան բարդոյթները: