Ձեր Ջանքերով է որ Հասակ Պիտի Առնէ Ազգասէր ու Հայրենասէր Սերունդ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Շնորհաւորական Ուղերձը

Հայաստան

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի շնորհաւորական ուղերձը Մարտ 8-ի առիթով.

«Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն Կանանց տօնին առիթով կը շնորհաւորենք եւ Հայրապետական Մեր օրհնութիւնը կը բերենք տիկնանց եւ օրիորդաց։

Այսօր  վերստին առիթ ունինք անդրադառնալու կանանց ներդրումին ու բարի աւանդին ընտանիքներու, մեր ազգային, եկեղեցական եւ պետական ու հասարակական կեանքին մէջ, գնահատելու անոնց ձեռքներումները կրթութեան, գիտութեան, առողջապահութեան եւ բազում այլ կարեւոր բնագաւառներու մէջ։

Մեր երկիրը այսօր դժուարութիւններ կը կրէ, դեռ յաղթահարուած չեն պատերազմի ծանր հետեւանքները եւ շատ հոգեր ծանրացած են կանանց ուսերուն, որոնք համբերութեամբ, նախանձախնդրութեամբ եւ արիութեամբ յանձնառու են իրենց առաքելութեան։

Սիրելի մայրեր, քոյրեր եւ դուստրեր, աղօթք կը բարձրացնենք բոլորիդ համար՝ հայցելով, որ Տէրը Իր օրհնութեան ու շնորհներուն ներքոյ քաջառողջ պահպանէ ձեզի եւ հաւատքով ու սիրով լեցնէ, որպէսզի նոյն նուիրումով ծառայէք ձեր ընտանիքներու ապահովութեան ու երջանկութեան եւ մեր հայրենիքի ու ժողովուրդի յառաջընթացին։

Ձեր ջանքերով է նաեւ, որ պիտի յաղթահարուին առկայ նեղութիւնները եւ զօրանայ յոյսը ապագայի հանդէպ, հասակ առնէ ջերմ հաւատքով, ազգասէր ու հայրենասէր ոգիով սերունդ՝ անխախտ պահելու մեր ժողովուրդի վերելքի ուղին։ Թող Բարձրեալի շնորհով ձեր կեանքի եւ համայն մեր ժողովուրդի ուղեկիցները ըլլան խաղաղութիւնն ու բարօրութիւնը։

Ապրի՛ք առ Աստուած ապաւինութեամբ եւ աղօթքը՝ մշտահունչ ձեր շուրթերուն. «Յիշէ՛ մեզի, Տէ՛ր, ի հաճութիւն քու ժողովուրդի, եւ այցելէ՛ մեզի քու շնորհելիք փրկութեամբ» (Սղմ. 105. 4)։

Թող մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի սէրն ու ողորմութիւնը, շնորհներն ու օրհնութիւնը ըլլան մեզի հետ եւ բոլորի, այսօր եւ միշտ. ամէն»։