Արցախի Կազամատակարարումը Խոչընդոտելը Ազրպէյճանի Կողմէ Ահաբեկչական Արարք է 100,000-է Աւելի Մարդու Հանդէպ․ Թաթոյեան

Հայաստան

ՀՀ մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպան Արման Թաթոյեան Facebook-ի վրայ անդրադարձած է Արցախի մէջ կազամատակարարման խափանման խնդիրին․

Արցախի մէջ կազի վթարի առնչութեամբ այս պահուն կայ առնուազն 4 հաստատուած փաստ՝

1) Արցախի Հանրապետութեան ողջ տարածքը զրկուած է կազէ այսօր գիշերուան՝ ժամը 1-էն սկսեալ.

2) վթարը Շուշիի շրջանի այն հատուածին վրայ է, որ ազրպէյճանական վերահսկողութեան տակ է.

3) ազրպէյճանական կողմը կը խոչընդոտէ եւ թոյլ չի տար, որ «Արցախգազ» ընկերութեան մասնագէտները վերացնեն վթարն ու վերականգնեն կազամատակարարումը.

4) ազրպէյճանական կողմը չի տրամադրեր որեւէ բացատրութիւն կազամատակարարման դադրեցման կամ վթարի պատճառներուն մասին:

Ակնյայտ է, որ կազի մատակարարման դադարեցումով մարդասիրական լուրջ խնդիրներ պիտի յառաջանան, իրաւունքներու զանգուածային խախտումներ Արցախի ողջ բնակչութեան՝ աւելի քան 100,000 մարդու համար:

Ազրպէյճանական զինուած ծառայողներու կողմէ կազամատակարարման վերականգնման աշխատանքներու խոչընդոտումը եւ բացատրութիւններ չտրամադրելը ակնյայտ կը նշանակէ յանցաւոր դիտաւորութիւն, ահաբեկչական արարք 100,000-է աւելի մարդու նկատմամբ:

Ասիկա ազրպէյճանական հայատեացութեան ու թշնամանքի քաղաքականութեան ակնյայտ դրսեւորում է, որ կ՝ապացուցէ խաղաղութեան մտադրութիւններու բացակայութիւնը ազրպէյճանական իշխանութիւններուն մօտ եւ ազրպէյճանական ցեղասպան քաղաքականութիւնը Արցախի նկատմամբ:

Նշուած փաստերը հաստատած են Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը եւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը»: