Հայ Կինը Ե՛ւ Հերոս Զաւակներ Կու տայ Մեր Հայրենիքին, Ե՛ւ Հարկ Եղած Ժամանակ Ինք Կը Նետուի Մարտի. Արցախի Թեմի Առաջնորդ

Հայաստան

Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանես եպիսկոպոս Աբրահամեանի շնորհաւորական խօսքը կանանց միջազգային օրուան առիթով.

«Սիրելի՛ Արցախի հերոսածին մայրեր եւ քոյրեր

Գարնանային զարթօնքի այս օրերուն կրկին հասած ենք այն հանգրուանին, որ ամբողջ աշխարհի մէջ կը նշուի կանանց միջազգային օրը։

Եթէ Մարտ 8-ի խորհուրդով կանանց եւ աղջիկներու իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը պաշտօնապէս դարձած է իրականութիւն աշխարհի շատ երկիրներու մէջ՝ քրիստոնէական միջավայրի մէջ կինը ի սկզբանէ եղած է պաշտպանուած եւ արժեւորուած:

Քրիստոնէութիւնը վերականգնեց կնոջ արարչաստեղծ դերն ու արժէքը եւ Աստուածամօր օրինակով կրկին ամրագրեց կնոջ մեծագոյն կոչումը` մայր ըլլալու շնորհը։

Այս գեղեցիկ տօնին առիթով նշելի է հայ քրիստոնեայ կնոջ կերպարը՝ մեծազնիւ, պարկեշտ ու խոնարհ: Ինչպէս Պօղոս առաքեալը կը կոչէ. «կանայք համեստ զարդարանքով, ակնածութեամբ եւ պարկեշտութեամբ թող զարդարուին …»: 

Մեր հայացքի առաջ կրկին կը պարզուի հայ կնոջ, հերոսածին մօր կերպարը, որ ե՛ւ հերոս զաւակներ կու տայ մեր հայրենիքին, ե՛ւ հարկ եղած ժամանակ ինք կը նետուի մարտի։

Կ՝աղօթենք մեր որդեկորոյս մայրերու եւ անյայտ կորսուած տղաներու մայրերու Աստուծմով մխիթարութիւն գտնելու համար, որպէսզի Ձեր աչքին առջեւ միշտ կարենաք ունենալ Մարիամ Աստուածածնի կերպարը իբրեւ որդեկորոյս մայր՝ մխիթարուած Սուրբ Հոգիով։

Աստուած օրհնէ եւ զօրացնէ մեր Մայրերն ու քոյրերը»։