Հայաստան-Թուրքիա Յարաբերութիւններու Կարգաւորումը ՀՀ Իշխանութեան Մենաշնորհը Չէ. ՀՅԴ Շուէտի Կոմիտէութիւն

Հայաստան, Սփիւռք

Ականատես ենք ՀՀ կառավարութեան ներքին եւ արտաքին պետականակործան քաղաքականութեան եւ անկէ բխող Արցախի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան ու ապագային սպառնացող վտանգներուն ու մարտահրաւէրներուն: Այս մասին, յայտարարութիւն տարածած է ՀՅԴ Շուէտի կոմիտէութիւնը:

Յայտարարութեան մօջ նաեւ կը նշուի. «Նկատի ունենալով Հայաստանի Հանրապետութեան իշխող ուժին ընթացքը, դժբախտաբար համոզուած ենք, որ Հայաստան-Թուրքիա սկսող այս բանակցութիւնները պիտի յանգին հետեւեալին՝

1. ՀՀ իշխանութիւններուն կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացի հրաժարման:

2. Արցախի Ազրպէյճանին յանձնումին:

3. Հայաստան-Թուրքիա առկայ միջպետական փաստացի սահմանի իրաւական ամրագրման:

4. եւ պանթուրանական ծրագրի մաս կազմող, այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»-ի իրագործման:

ՀՀ իշխանութիւններէն կը պահանջուի շտապ երեւան հանել Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին ուղենիշները, կարմիր գիծերը  եւ իրողապէս չենթարկուիլ թրքական նախապայմաններուն:

Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն կարգաւորումը Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութեան մենաշնորհը չէ. այդ գործընթացին մէջ իր խօսքը պէտք է ունենայ աշխարհասփիւռ հայութիւնը»: