Հայաստան-Թուրքիա Երկխօսութիւնը Ողջունելու Տրամադրութիւններ. «Գանձասար»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Արցախեան պատերազմին Թուրքիոյ մասնակցութիւնը անտեսող ու Ատրպէյճանի խախտումներուն ի տես կրաւորական դիրք պահպանող արեւմտեան շարք մը երկիրներ այսօր կը փութան ողջունել Հայաստան-Թուրքիա երկխօսութիւնը՝ ճամբաներու ապաշրջափակման հեռանկարներէն օգտուելու եւ Ռուսիոյ ազդեցութիւնը հարաւային Կովկասի տարածքին բացարձակ չդարձնելու մտահոգութեամբ:

Այնուամենայնիւ այս երկխօսութիւնն ու անոր հետեւանքները մտահոգութեան տեղիք կու տան շարք մը պատճառներով.

Ա) Երկխօսութիւնը կը պարտադրուի պատերազմէն պարտուած դուրս եկած երկրի մը իշխանութեան, պատերազմին անմիջապէս յաջորդող ժամանակաշրջանին՝ առաւելագոյն զիջումներ պարտադրելու Հայաստանին:

Բ) Երկխօսութեան նախաձեռնող կողմերը կը հանդիսանան Թուրքիան եւ Ռուսիան համաձայնաբար: Պարագայ մը, որ ինքնին մտածել կու տայ, թէ Թուրքիա նախապէս ծրագրած ու սերտած է այս երկխօսութենէն օգտուելու իր բոլոր կարելիութիւնները, մինչդեռ Հայաստան կանգնած է պարտադրուած իրականութեան դիմաց, թէեւ ներկայ իշխանութիւնները կը հաստատեն, որ Հայաստան տնտեսապէս կրնայ օգտուիլ ճամբաներու ապաշրջափակման նպաստող այս երկխօսութենէն:

Գ) Արեւմտեան շարք մը երկիրներ, Իրան, ԱՄՆ եւ ՆԱԹՕ կ’ողջունեն այս երկխօսութիւնը, որ խորքին մէջ ոչ թէ յարաբերութիւններու վերահաստատում կարելի է համարել, այլ պարզապէս տնտեսական փոխադարձ շահերու խոստումներ ուրուագծող համաձայնութիւն:Հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոն կարգաւորումը կարելի չէ պատկերացնել առանց երկու ժողովուրդներու հարցերու թափանցիկ լուծման տուեալներու առկայութեան: Հայ-թրքական յարաբերութիւնները կարելի չէ դիտել սոսկ Հայաստան-Թուրքիա երկխօսութեան հարթակին վրայ:

Հայաստան-Թուրքիա երկխօսութիւնը՝ տնտեսական շահերու ակնկալութիւններով, Հայաստանը կը դնէ լուրջ պատասխանատուութեան դիմաց՝ հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքները ոտնակոխ չդարձնելու, Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը պաշտպանուած պահելու համաթուրանական ախորժակներուն դիմաց, Թուրքիոյ տնտեսական լծակներուն գերին չդառնալու ժամանակի ընթացքին, այնպէս ինչպէս պատահեցաւ Միջին Արեւելքի շարք մը երկիրներու պարագային, յատկապէս Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը կարենալ պահպանելու մեծ պետութիւններու շահերու բախման այս վտանգալից փուլին: