Պատերազմէն Ետք Ազրպէյճանի Կողմէ 69 Յանցագործութիւն Կատարուած է. ԱՀ Դատախազութիւն

Աշխարհ, Հայաստան

2020թ. Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութենէն ետք մինչեւ 01.01.2022 թուականը Արցախի Հանրապետութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող հայկական բնակավայրերուն հարակից հատուածներուն մէջ տեղակայուած ազրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ արցախահայութեան նկատմամբ կատարուած է 69 յանցագործութիւն, որոնց կապակցութեամբ յարուցուած է ընդհանուր 54 քրէական գործ: Այս մասին կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան գլխաւոր դատախազութենէն:

«Ընդհանուր առմամբ արձանագրուած է սպանութեան 5 յանցաւոր դէպք (քաղաքացիական անձանց սպանութեան` 3 դէպք), սպանութեան փորձի՝ 28 (որուն 19-ը` ուղղուած զինուորականներու դէմ), ահաբեկչական գործողութեան՝ 1, հրազենի գործադրմամբ գոյքի ոչնչացման՝ 16 (որուն 10-ը` ռազմական գոյքի ոչնչացում կամ վնասում), գոյքի ոչնչացման ու վնասման փորձի՝ 5, գողութեան՝ 3, կողոպուտի՝ 2, գերեզմանները ոչնչացնելու՝ 3, խոշտանգման՝ 4, սպանութեան սպառնալիք տալու եւ մարդու առեւանգման՝ 1-ական դէպքեր:

Սպանուած է 3 քաղաքացիական անձ եւ 10 զինուորական, սպանութեան փորձի ենթարկուած՝ 77-ը (50 զինուորական), տարբեր աստիճանի հրազէնային վիրաւորում ստացած է 37 անձ (28 զինուորական), մարմնական բռնութեան ենթարկուած է 8-ը, սպանութեան սպառնալիքի` 2-ը:

Արցախցիներու սեփականութեան իրաւունքի դէմ ուղղուած յանցաւոր ոտնձգութիւններու հետեւանքով յափշտակութեամբ (գաղտնի եւ բացայայտ) ֆիզիկական անձերու պատճառուած է 17.710.000 դրամի գոյքային վնաս…

…Ազրպէյճանի ահաբեկչական ու ցեղասպան գործողութիւններու ընդարձակումը զսպող գործօններ կը շարունակեն դարձեալ մնալ հայ զինուորը եւ ռուսական խաղաղապահ ուժերը»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: