Պայքարի եւ Կամքի Սփիւռք. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Եթէ կամենաս, եթէ հաւատաս՝
Գալիքը լոյս է.
Եւ մինչեւ անգամ մահը վաղահաս
Յարութեան յոյս է…
Ես գուցէ իյնամ երազի ճամբան,
Ինձ համար ուշ է.
Բայց դուն կը տեսնես պայծառ ապագան,
Որ այսօր յուշ է…
Եթէ ականջ տաս հայոց լեռներուն՝
Սիրտը ժիր զանգ է.
Եւ մինչեւ անգամ օտար տեղ ու տուն
Հայրենի վանք է…
Մուշեղ Իշխան

Եթէ կամենաս, եթէ հաւատաս՝ Գալիքը լոյս է…
Հայ ժողովուրդը իր պատմութեան բոլոր հանգրուաններուն ապրած է յաճախ մութ եւ անորոշ օրեր, սակայն կամքի եւ հաւատքի ներդաշնակութեամբ քալած է դէպի գալիք լոյս հորիզոններ։ Եւ այդ երթին մէջ առաջնորդներու քայլերուն յառած իր հայեացքը, հայ ժողովուրդը մարտահրաւէրներուն դիմաց կազմաւորած է ինքզինք։
Քրիստոնէութեան զարթօնքով Ս. Գրիգոր լուսաւորիչ հայրապետ հայ ժողովուրդը առաջնորդեց հաւատքի լոյսին, Ս. Սահակ Պարթեւ եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եղան հայ լեզուի լոյս առաջնորդներ, Վարդան Մամիկոնեան եւ զինակիներ` հաւատքի պաշտպան լոյս ասպետներ, Նարեկացի, Տաթեւացի հայրապետներ աղօթքի ճամբով դէպի Աստուած լուսաւոր ճամբայ մեզ կտակեցին, Խրիմեան հայրիկ եւ ապա Արամ Մանուկեաներ Հայրենիքի պայքարող, պահանջատէր եւ լուսաւոր կանթեղը վառեցին անկախ Հայաստանի երկնակամարին վրայ։ Նոյն յանձնառութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այսօր մեզ կ՛առաջնորդէ Սփիւռքի վերանորոգ եւ վերակազմակերպ լոյս զարթօնքին։

Անցնող կիրակի Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի եկեղեցիներուն մէջ ընթերցուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հռչակագիրը, 2022 տարին կոչելով “Սփիւռքի տարի”։
Շատերուս ծանօթ է, տարիներուն գլորումի հոլովոյթին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը իմաստութեամբ եւ Հայրապետական հեռատեսութեամբ բոլորիս ուշադրութիւնը հրաւիրեց հայուն յուզող կարեւորագոյն արժէքներուն եւ մարտահրաւէրներուն վրայ։ Այս տարի, Հայկական իրականութեան ամէնէն ընդարձակ մասը` Սփիւռքը արժանաւորապէս առաւելագոյն կարեւորութեամբ կ՛արժանանայ Վեհափառ Հայրապետի ուշադրութեան։

Եւ մինչեւ անգամ մահը վաղահաս Յարութեան յոյս է…
Քրիստոնէութեան մեծագոյն անկիւնաքարը` յարութեան հաւատքն է։ Առանց հաւատքի եւ հզօր կամքի, յարութիւնը լոկ պատգամ կը դառնայ։ Եթէ կը հաւատանք մարմնի յարութեան եւ եթէ հայ մարդն է սփիւռքի կեանքը, ուրեմն սփիւռքն ալ հաւատքի, կամքի եւ իմաստուն առաջնորդութեամբ յարութիւն կ՛առնէ, կը վերականգնի նոր կենսաւորումով։

Անկասկած, Սփիւռքը զերծ չէ վտանգներէ եւ մարտահրաւէրներէ։ Ազգիս Հայրապետը իրաւացիօրէն կը հաստատէ, թէ` «Սփիւռքի վերակազմակերպումը ու վերակենսաւորումը հրամայական անհրաժեշտութիւն է»: Արդարեւ Վեհափառ Հայրապետին կոչը դիպուկ է եւ այժմէական։ Հայկական Սփիւռքի ապագային մօտեցող վտանգը օրէ օր աւելի կը շեշտուի։

Այս ծիրէն ներս Վեհափառ Հայրապետին վերլուծումները եւ պատգամները առանցքային տեղ եւ դեր ունին։
Յստակ է, Սփիւռքը նոյնը չէ։ Սփիւռքը նոյնիսկ տարբեր էր համաճարակէն առաջ եւ վստահաբար տարբեր պիտի ըլլայ անկէ վերջ։ «Սփիւռքը կայուն իրականութիւն մը չէ, ան մնայուն փոփոխութեան մէջ է»: Այս յարափոփոխ իրականութեան դիմաց Սփիւռքը պարտաւոր է պահել իր դիմագիծը եւ նկարագիրը։ Վեհափառ Հայրապետին հռչակագիրը ամփոփ, սակայն համապարփակ ուղեցոյց մըն է դէպի Սփիւռքի վերակազմակերպում։

Սփիւռքը աշխարհագրականօրէն տեղաշարժի մէջ է միշտ. ուստի անհրաժեշտ է համապատասխան գործելակերպ եւ մտածելակերպ որդեգրել։ Այս ծիրէն ներս Վեհափառը կարեւորութեամբ կը շեշտէ` պահպանել հաւատքը, լեզուն, հայկական դիմագիծը, պայքարող նկարագիրը եւ հայուն հոգիէն ծնունդ առած հարուստ մշակոյթը։

Եթէ ականջ տաս հայոց լեռներուն՝ Սիրտը ժիր զանգ է…
Սիւնեաց լեռներու զանգերու կանչը հայոց աշխարհի պաշտպանութիւնն է։ Գաղտնիք չէ, թէ Սփիւռքի համար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, իր ծառայութեամբ եւ հայ ժողովուրդին հանդէպ ունեցած նախանձախնդրութեամբ եղած է ղօղանջող զանգերու ամրոց լեռը։ Այս առումով Վեհափառ Հայրապետին հռչակագիրը Սփիւռքը վերակազմակերպումի անհրաժեշտութիւնը ազդարարող զանգի ղօղանջն է։
Հայրապետական ղօղանջի ազդանշանով Սփիւռքը կը հրաւիրուի կազմաւորել եւ զինուիլ իր ներուժով։
Արդարացիօրէն Վեհափառ Հայրապետը կը հրաւիրէ մեզ «հայուն ինքնաճանաչումը սահմանել՝ հաւաքական արժեչափերու ճշդումով, առանց անտեսելու համաշխար-հայնացումին ստեղծած նոր իրականութիւնները ու տեղական պայմանները»։
Այս ամէնը դժուար եւ նոյնիսկ անկարելի պիտի դառնան, առանց հայ երիտասարդութեան գործօն մասնակցութեան որոնք պահապան զինուորներն են հայոց Սփիւռքին։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, Վեհափառ Հայրապետին առաջնորդութեամբ, առանցքային կարեւորութեամբ հետապնդած է հայ երիտասարդութեան անմիջական եւ հրամայական մասնակցութիւնը Սփիւռքի բոլոր կառոյցներէն ներս։
Այս տեսլականով Վեհափառը Հայրապետը, 2009 տարին հռչակած էր «Երիտասարդութեան տարի»։ Սակայն անցնող տարիներու ընթացքին երիտասարդութեան ներգրաւումը մասնաւոր տեղաշարժ մը չէ արձանագրած։
Սփիւռքի ապագան իրապէս մեր գիտակից երիտասարդութեան ձեռքերուն մէջն է։

Եւ մինչեւ անգամ օտար տեղ ու տուն Հայրենի վանք է…
Օտարութեան մէջ օտարանալը դժբախտաբար բնական դարձած երեւոյթ է այսօր։ Վեհափառը կը հաստատէ թէ`«Սփիւռքի մէջ հայ մնալը նախընտրութեան հարց է եւ, հետեւաբար՝ ամէնօրեայ տագնապ ու պայքար»։
Տագնապի եւ պայքարի դիմաց միակ զէնքը` հայուն կամքն է, կամենալն է, օտար տեղ ու տուն ընտանեկան սուրբ յարկի ներքոյ Հայրենի վանքն է։ Ընտանիքին մէջ ծնողքին կամքն է, միութիւններուն մէջ` պատասխանատուներուն կամքը, կառոյցներուն մէջ` ղեկավարներուն եւ առաջնորդներուն կամքը, եւ վերջապէս հայ իրականութեան մէջ՝ մեր երիտասարդներուն կա՛մքն է յաջողութեան թթխմորը:
Հետեւաբար, Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ, հայութիւնը` Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք որպէս մէկ ամբողջութիւն, կը հրաւիրուի Սփիւռքի վերակազմակերպման եւ վերակենսաւորման նուիրական գործին։ Որովհետեւ, «Սփիւռքի վերակազմակեր-պումը՝ անոր հզօրացումն է, իսկՍփիւռքի հզօրացումը Հայաստանին ու Արցախին հզօրացումն է»։

Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան
Առաջնորդական փոխանորդ
Ա.Մ.Ն Արեւելեան Թեմի