Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը 30 Տարեկան

Այլեւայլ, Հայաստան

Յունուար 18-ին, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը նշած է իր հիմնադրութեան 30-ամեակը:

«Սրտանց կը շնորհաւորենք բոլոր անոնց, որոնք 30 տարուան ընթացքին իրենց օգտակարութիւնը ունեցան ֆետերասիոնին:

Բոլոր ֆութպոլիստներուն կը մաղթենք բազմաթիւ յաղթանակներ:

30-ամեակի կապակցութեամբ, այս տարուան ընթացքին տեղի պիտի ունենան բազմաթիւ միջոցառումներ, որոնց պիտի անդրադառնանք մօտիկ ապագային»,-
նշուած է Ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ: