Էրտողան Արտաքին «Յաղթանակ»-ի Կարիք Ունի՝ Ներքին Ձախողութիւնները Ծածկելու Համար. Մարք Յարութիւնեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

2003-էն ի վեր, իշխանութան տիրանալէ արդէն 19 տարի ետք, եւ 2014-ին, նախագահ դառնալէ ետք, արդէն 13 տարի, կը թուի Էրտողան սպառած է: Իշխանութեան սկզբնական շրջանին ան յաջողեցաւ իր դիրքը ամրացնել տնտեսական յաջողութիւններով: Հիմա արդէն սկսած է «նիհար կովեր»-ու ժամանակը: Սղաճը արագ ընթացք ունի, աշխատավարձերը չեն աւելնար, եւ քաղաքացիին «գնողական կարողութիւնը» կը նուազի: Միջին դասը կ’աղքատանայ եւ զուգահեռ կ’աճի դժգոհութիւնը: Էրտողանի նեցուկ ընկերային միջին խաւը կը հեռանայ իրմէ: Թրքական դրամանիշը կ’արժեզրկուի եւ ժողովուրդը կ’աղքատանայ: Կը գումարուի զբօսաշրջութեան նուազումը, որ օտար դրամանիշի մուտքի գլխաւոր աղբիւրն է:

            Փաստ է, որ Թուրքիան տնտեսական շեշտուող տագնապի մէջ է: Բարեկեցութիւնը նուազած է, մարդիկ այլեւս անկարող են միս գնելու: Բուսական իւղերու գինը կրկնապատկուած է անցնող մէկ տարուան ընթացքին: Տնտեսական տագնապը, դրամանիշի արժէքի եւ կենսամակարդակի անկումը իշխող վարչակարգի դէմ անվստահութիւն կը յառաջացնեն: Իսկ Էրտողան փաստօրէն միահեծան կ’իշխէ, եւ տարբեր կարծիք ունեցողը կը հեռացնէ: Քսան տարուան իշխանութիւնը շնչասպառ է:

            Ըստ հարցախոյզներու, նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութեան արդիւնքը կը թուի խիստ մտահոգիչ ըլլալ իշխող AKP-Արդարութիւն եւ Զարգացում կուսակցութեան համար: Իշխանական կուսակցութիւնը խորհրդարանին մէջ միշտ մեծամասնութիւն ունի, բայց տեղի ունեցած քաղաքապետական ընտրութիւնները ցոյց կու տան, որ իշխող կուսակցութիւնը կորսնցուցած է մեծ քաղաքներու վրայ իր հակակշիռը, ինչպէս Անգարայի, Պոլսոյ (Իսթամպուլի), Անթալիայի եւ Ատանայի:

            Էրտողան կարելի եւ անկարելի միջոցներով փորձեց խափանել Պոլսոյ քաղաքապետական ընտրութիւնը, ջնջել տուաւ առաջին արդիւնքը, անկանոնութիւններ առարկելով: Երկրորդ քուէարկութիւնը վերահաստետեց առաջինի արդիւնքը: Քաղաքապետ ընտրուեցաւ Էքրեմ Իմամօղլու, որ թեկնածու է վարչապետութեան, թէեւ, ինքնահաստատման համար, վերջինը եւս երաշխիքներ կու տայ ազգայնականներուն:

            Մրցակցութիւնները սոսկ դիրքի՞ համար են, թէ քաղաքական եւ ընկերային փոփոխութիւններու: Ժամանակին ֆրանսացի ղեկավար մը նոյննաման իշխանութիւններու համար կը գործածէր տարազ մը. կ’ըսէր. «գդակ սպիտակ, սպիտակ գդակ» (bonnet blanc, blanc bonnet): Էքրեմ Իմամօղլու եւս կը մերժէ ճանչնալ հայկական ցեղասպանութիւնը, դէմ է ալքոլի վաճառքին հանրային վայրերու մէջ: Առանց յոռետես ըլլալու, շատ ալ պէտք չէ մտածել թուրք քաղաքական միտքի արմատական փոփոխութեան մասին, քանի որ միշտ կը մնայ ազգայնամոլ-կրօնամոլ ամբոխի ազդեցութիւնը, եւ Թուրքիան միայն Պոլիս, Իզմիր եւ Ատանա չէ: Այսինքն՝ նոյն եւ ոչ տարբեր:

Ekrem Imamoglu candidate of the secular opposition Republican People’s Party makes statements at CHP offices in Istanbul, Sunday, June 23, 2019. A former Turkish prime minister backed by Turkey’s ruling party has conceded defeat and congratulated Imamoglu in Istanbul’s repeated mayoral election. (AP Photo/Lefteris Pitarakis)

            Էրտողան կը դիմագրաւէ այլ ամբաստանութիւններ ալ, ինչպէս իր եւ իր ընտանիքի անդամներու ապօրինի հարստացումները:

            Հանրային բացասական կարծիքի եւ դժգոհութեան ուշադրութիւնը շեղեցնելու համար, Էրտողան կը դիմէ քաղաքական, եւ դիւանագիտական նախաձեռնութիւններու, ճապկումներու, ինչպէս ամենուրեք սովորութիւն է: Այս նպատակով ան կը մօտենայ Թուրքիոյ կողմէ ցարդ թշնամի համարուած երկիրներու, ինչպէս Սէուտական Արաբիոյ, Եգիպտոսի, Արաբական Իշխանապետութիւններու, նաեւ՝ աւանդական թշնամի Իրանի: Ըստ երեւոյթին, ոչ ոք մերժած է այս մերձեցումը։

            Այս՝ դրական կարծիք ստեղծելու եւ իր վարկը բարձրացնելու համար, նոյնիսկ երբ խոր եւ լուրջ հակադրութիւններ կան: Արեւելեան Միջերկրականի մէջ թրքական փառասիրութիւնները կան, որոնք կը հակադրուին Եգիպտոսի: Մանաւանդ Լիպիոյ մէջ թրքական ուղղակի միջամտութիւնը Միջերկրականի արաբական երկիրներուն համար անընդունելի է:

            Ներքին կեանքի մէջ համակրանք շահելու եւ քաղաքական բեմին վրայ իր եւ իր կուսակցութեան վարկ ապահովելու համար, ներքին դժուարութիւնները եւ ձախողութիւնները վարագուրելու համար, Էրտողան  արտաքին յաջողութիւններու պէտք ունի:

            Միջին-Արեւելքի մէջ ամերիկեան քաղաքականութեան նոր ընթացքը, որ կը դրսեւորուի որոշակի հեռացումով, ստեղծած է անորոշութիւն: Թուրքիան չունի ամերիկեան անցեալի նեցուկը, չունեցաւ Եւրոմիութեան նեցուկը, այս պատճառներով ալ կը փնտռէ իր աւանդական թշնամի Ռուսիոյ «բարեկամութիւնը»:

            Բայց միշտ հաւատարիմ իր կայսերական երազին, Թուրքիա մուտք կը գործէ նաեւ Ափրիկէ, օգտագործելով կրօնական ազդակը:

            Եթէ Արեւմուտքը իր ռէալ-փոլիթիքով կը մոռնայ, որ թուրք ժողովուրդը այն հողերուն վրա ուր հաստատուած է, եղած է Թուրքիա քրիստոնեայ յոյները եւ հայերը ջարդելով եւ հեռացնելով, թուրքը ինք չէ մոռցած եւ տեաբար ինքնահաստատման փորձեր կը կրկնէ, ինչպէս բիւզանդական եկեղեցիներու իւրացումը, հետք եւ պատմութիւն ջնջելու համար:

            Ներքնապէս ամրանալու համար, Թուրքիան ինքնիրեն չի կրնար թոյլատրել ընթանալ ժողովրդավարութեան եւ արդարութեան  ուղիներով, եւ պիտի շարունակէ կռթնիլ կրօնական եւ ազգայնամոլական հզօր ազդակներուն:

          Այս ընդհանոuր արշաւին մէջ պէտք է տեսնել Հայաստանի հետ մերձեցումը, որ կրնայ ժամանակաւոր եւ ձեւական ըլլալ: Այս քաղաքականութիւնը չի կրնար մնայուն ըլլալ եւ երբ Թուրքիոյ ներքին կեանքը վերագտնէ իր հանդարտութիւնը, իշխանութիւնը ինքզինք ամրացնէ, թուրք պետութիւնը կը վերադառնայ իր ազգայնամոլական-կրօնամոլական հիմնական առաջադրանքներուն:

            Ուստի Հայաստան պէտք է շարունակէ փնտռել բնական եւ իրաւ դաշնակիցներ ու հետապնդէ անոնց հետ մնայուն գործակցութիւնը: Առանց անտեսելու ինչ որ ունի որպէս նեցուկ:

            Այլապէս, ինչպէս ըսած է ֆրանսացի բանաստեղծը գրականութեան համար, կրնանք ըսել նաեւ քաղաքականութեան համար. «Հեռացուցէ՛ք բնականը, ան քառասմբակ կը վերադառնայ»:

            Գիտնալ, որ գործակցիլ երբեք պէտք չէ յանգի անձնատուութեան: Այս ազգային քաղաքականութիւն է:

            Եւ քաղաքականութեան մէջ յանցանքի խօստովանութիւն է ըսել՝ չէինք գիտեր, չէինք նախատեսած: