Կարէն Խաչանովի Յաղթանակով Սկսաւ Աւստրալիոյ Թենիսի Բաց Մրցաշարքը

Այլեւայլ, Աշխարհ, Սփիւռք

Երկուշաբթի, 17 Յունուարին, մեկնարկը տրուեցաւ Աւստրալիոյ թենիսի «Կրենտ Սլեմ» մակարդակի միջազգային բաց մրցաշարքին։

Ա. հանգրուանի մրցումներուն, ռուսահայ Կարէն Խաչանով, որ այս մրցաշարքին մէջ 28-րդ դասուած է, յաղթանակ մը արձանագրեց՝ ապահովելով Բ. հանգրուանի իր տոմսը։ Ան 3-6, 6-3, 6-2 եւ 7-6 (7-2) արդիւնքով պարտութեան մատնեց ամերիկացի Տենիս Քուտլան: Անոնց միջեւ այս ճակատումը տեւեց 2 ժամ եւ 29 վայրկեան:

Միւս կողմէ, մուտքի արտօնագիր ստանալու դիմումին վրայ սուտ խօսելուն համար, Աւստրալիայէն վտարուեցաւ աշխարհի թենիսի թիւ մէկ մարզիկը՝ սերպ Նովաք Ճոքովիչը:

Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատ հասնելէն ետք, Ճոքովիչ հրաժարեցաւ որեւէ մեկնաբանութիւն կատարելէ: Աւստրալիոյ ներքին գործոց նախարարը յայտարարեց, որ Ճոքովիչին երեք տարի պիտի արգիլուի Աւստրալիոյ հողերէն ներս մուտք գործել: