Տեսակէտ. Հրանդ Տինք. Արդի Թուրքիոյ Հանրապետութեան Մարթին Լութըր Քինկը. Նաթան Պետրոսեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Դժուար է հայ ըլլալ Թուրքիոյ մէջ, կամ` քիւրտ, կամ` ալեւի, կամ` միասեռական, կամ` զինուորական ծառայութենէ կրօնական համոզումներու համար հրաժարող, կամ` հրեայ, կամ` կին, կամ` մէկը, որ պարզապէս համաձայն չէ այն ամէնուն հետ, ինչ տեղի կ՛ունենայ երկրին մէջ: Եթէ պատահի այնպէս, որ դուք թուարկուածներէն մէկէն աւելիին կը համապատասխանէք, կեանքն ա՛լ աւելի կը դժուարանայ: Ցանկը կարելի է անվերջ շարունակել: Բազմազանութիւնը խեղդուած է, խօսքի ազատութիւնը` վերցուած»:

ԷԼԻՖ ՇԱՖԱՔ, թուրք արձակագիր

Միացեալ Նահանգներու բազմազանութեան, բազմամշակութայնութեան, լայնախոհութեան եւ ազատական-ժողովրդավարական համակարգի գլխաւոր ռահվիրաները եղած են անոնք, որոնք նախորդ դարու 60-ական թուականներուն անդուլ պայքար մղած են ընդդէմ ցեղային ու գոյնի պատկանելիութեան վրայ հիմնուած խտրական համակարգին:

Միացեալ Նահանգները` իբրեւ պետական հաստատութենական ըմբռնողականութիւն, որ ծնունդ առաւ ընդդէմ բրիտանական գաղութատիրութեան ծաւալած յեղափոխութեան մը շնորհիւ, կրցաւ (թէեւ` որոշ չափով, որովհետեւ ներկայիս կը դիմագրաւէ որոշ մարտահրաւէրներ) շրջանցել ընկերայնօրէն հաստատուած ցեղային ու գոյնի պատկանելիութեան վրայ հիմնուած խտրական օրէնքները` սկսելով ստրկութեան ջնջումէն մինչեւ սեւամորթներուն համար քուէարկութեան իրաւունքի ապահովումը եւ կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ ամէն տեսակի հաստատութենականացած խտրութիւններուն ջնջումը:

Յառաջիկայ տարի (2023) 29 հոկտեմբերը կը զուգադիպի Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին:

Արդեօք Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը պիտի կարենա՞յ (ինչպէս Միացեալ Նահանգները կրցան) վերջ տալ տարիներու ընթացքին (այսինքն` հանրապետութեան կերտման օրէն ի վեր) Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման եւ այդ հանրապետութեան հպատակ բնիկ (հայ) ժողովուրդին նկատմամբ ցեղապաշտ ու խտրական քաղաքականութիւններուն, որոնց պատճառով ալ այդ ժողովուրդը ենթարկուեցաւ ցեղասպանութեան, կալուածներու բռնագրաւման, բռնի տեղահանումի եւ թրքացման:

Պետութիւններու հիմնադրութեան 100-ամեակները ընդհանրապէս անկիւնադարձային կ՛ըլլան անոնց համար: Անկիւնադարձային կ՛ըլլան, որովհետեւ այդ յոբելեանները առիթ կ՛ընծայեն քննարկելու պատմական սխալները եւ փորձ կատարելու սրբագրելու զանոնք:

Արդեօք թրքական ղեկավարութիւնը պիտի ունենա՞յ բարոյական յանձնառութիւնը, որ ունէր Ապրահամ Լինքըլնը, որ ջնջեց ստրկութիւնը 1865-ին, եւ իր կարգին ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ներում հայցէ թէ՛ Օսմանեան կայսրութեան եւ թէ՛ ալ ներկայ հանրապետութեան հարիւր տարիներու ընթացքին հետեւողականօրէն կիրարկուող ժխտողական եւ ցեղապաշտ քաղաքականութիւններուն համար:

Արդեօք Թուրքիան պիտի ունենա՞յ Լինտըն Ճոնսընի նման պետական ղեկավար, որ 1964-ին ստորագրեց քաղաքացիական իրաւունքներու որոշումը, իսկ 1965-ին` քուէարկութեան իրաւունքներու որոշումը: Որոշումներ, որոնք ազատագրեցին սեւամորթները աւելի քան հարիւր տարի տեւած ցեղային զրկանքներէ ու խտրականութենէ: Պիտի ունենա՞յ ղեկավար մը, որ իր կարգին վերջ դնէ հայերուն եւ բոլոր փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ ատելութեան ու ամէն տեսակի ցեղապաշտ դրսեւորումներուն:

Արդեօք Թուրքիան պիտի ունենա՞յ այնպիսի քաղաքական գործիչներ, ինչպէս` Ապրահամ Լինքըլն, Ճոն Քենետի, Լինտըն Ճոնսըն եւ Ռոպըրթ Քենետի, որոնք ճիգ թափեցին պետական հաստատութիւններու միջոցով հաւասարութիւն հաստատող ու խտրականութեան յաղթահարման օրէնսգիրքեր որդեգրելու: Արդեօք պիտի ըլլա՞ն թուրք քաղաքական գործիչներ, որոնք իրենց կարգին որդեգրեն Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող, բռնագրաւուած կալուածներու հատուցման եւ ազգային ու կրօնական իրաւունքներու եւ ազատութիւններու ապահովման օրէնքներ:

Ոչ ոք կրնայ ժխտել ընկերային այն պայթումը, որ տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ Մարթին Լութըր Քինկի սպանութենէն ետք (1968): Պայթում մը, որ ոտքի հանեց սպիտակամորթն ու սեւամորթը հաւասարապէս` յանուն հաւասարութեան եւ լայնամտութեան:

Եւ այսօր, Հրանդ Տինքի սպանութեան 15-ամեակին, ամէն տարի անոր յիշատակին առիթով տեղի ունեցող քայլարշաւները եւ ոգեկոչման ձեռնարկները վկայ են, որ ան թրքական հասարակական կեանքին մէջ գրաւեց այն տեղը, որ ամերիկեան հասարակութեան մէջ գրաւած էր Մարթին Լութըր Քինկը: Տինքի շուքին ներքեւ կողք-կողքի քալեցին ու կը շարունակեն քալել հայը, թուրքը, քիւրտը եւ ալեւին. անոր շուքին ներքեւ ազգային ու կրօնական փոքրամասնութիւնները բողոքեցին ու կը շարունակեն բողոքել` յանուն հաւասարութեան եւ լայնամտութեան. անոր ժառանգութիւնը առկայ է Թուրքիոյ մէջ զանազան առիթներու ընթացքին` յանուն խօսքի ազատութեան, ժողովրդավարութեան, այլախոհութեան եւ բազմամշակութայնութեան կազմակերպուած նախաձեռնութիւններու ընթացքին:

Մենք` իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին ջարդուածներու եւ տեղահանուածներու ժառանգորդներ, որոնց մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը ծնան, ջուրը խմեցին, ցանեցին ու հնձեցին, իրենց հարազատները թաղեցին ու իրենց արիւնը թափեցին այդ հողերուն վրայ, թող Հրանդ Տինքի սպանութեան 15-ամեակը առիթ ըլլայ վերահաստատելու սուրբ պայմանագիրը մեր մայրական ու պապենական հողին հետ` Պոլսոյ Մարմարայի ափերէն մինչեւ Մուսա Լերան Վաքըֆ գիւղի Միջերկրականի ափերը, թիկունք կանգնելու այդ հողերուն վրայ տակաւին ապրող եւ հայկական արմատներ ունեցող մարդոց մշակութային, կրօնական եւ քաղաքական պայքարներուն:

Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը, որ իր հիմնադրութեան 100-ամեակի սեմին է, կը գտնուի ազգայնամոլական եւ կրօնամոլական աւելի ահագնացող շարժումներու յորձանուտին մէջ` Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի գլխաւորած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում ու Ազգայնական շարժում կուսակցութիւններու դաշինքին պատճառով, որ երբեք ջանք չի խնայեր որդեգրելու ցեղապաշտ, այլամերժ, ծաւալապաշտ, շրջանին մէջ ռազմական միջամտութեան եւ ծայրայեղական խմբաւորումներու քաջալերումով նախապաշարման վրայ հիմնուած քաղաքականութիւններ: Այսօր այդ երկիրը, որ կլանուած է ցեղապաշտութեամբ, ծաւալապաշտութեամբ եւ ծայրայեղութեամբ, կարօտ է Հրանդ Տինքի լայնախոհութեան:

Պէտք չէ մոռնալ, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ սեւամորթները պիտի չշահէին իրենց պայքարը ու պիտի չարձանագրէին նուաճումներ, եթէ Մարթին Լութըր Քինկի սպանութենէն ետք չշարունակէին իրենց պայքարը` ցոյցերով, դասադուլներով եւ գործադուլներով:

Որպէսզի Թուրքիոյ Հանրապետութեան 100-ամեակին այդ երկրին նկատմամբ վերականգնենք մեր ազգային պահանջատիրութիւնը, պէտք է ազգովին այսօրուընէ սկսեալ դնենք յիշեալ պայքարի հիմքերն ու ռազմավարութիւնները, որպէսզի կարենանք մեր համեստ միջոցներով դառնալ այն ուժը (ինչ որ դարձան Մարթին Լութըր Քինկը, Ռոզա Փարքսը եւ Ճոն Լուիսը Միացեալ Նահանգներու մէջ` ստիպելով Միացեալ Նահանգներու օրէնսդիր մարմիններուն որդեգրել սեւամորթներու իրաւունքներու ընդլայնումին վերաբերող օրէնսդրութիւններ), որ կրնայ դերակատարութիւն ունենալ թրքական ժխտողականութեան եւ ցեղապաշտ քաղաքականութիւններու խզման եւ շրջանցման աշխատանքին մէջ: