Կարօ Փայլան Հարցագիրով Դիմեց Թուրքիոյ Մշակոյթի Նախարարին

Աշխարհ, Սփիւռք

«Ակօս»ի այս շա­բաթո­ւայ թի­ւին մէջ հրա­տարա­կուած յօ­դուած մը յստա­կօրէն կը նկա­րագ­րէ Թուրքիոյ քրիս­տո­նէական պատ­մամշա­կու­թա­յին ար­ժէքնե­րու հան­դէպ պե­տու­թեան մեր­ձե­ցումնե­րը։ Ար­դա­րեւ 100 տա­րուայ հասնող պատ­մութեան մը ըն­թացքին երկրի մէջ պե­տական կամ շրջա­նային մար­միննե­րու որո­շու­մով գետ­նին հա­ւասա­րուե­ցան բազ­մա­հազար եկե­ղեցի­ներ։ Անոնցմէ յա­տու­կենտ մնա­ցած նմոյշներ այ­սօր ալ աչ­քի փուշ դար­ձած են այս աւան­դա­կան մտայ­նութեան տէր գոր­ծիչնե­րու հա­մար։

Այս տե­սակի նմոյշ մըն է Էրզրու­մի Ազի­զիյէ գա­ւառի Սալ­թուքլու թա­ղի մէջ գտնո­ւող եւ 231 տա­րուայ ան­ցեալ ու­նե­ցող Սուրբ Մի­նաս Հայ­կա­կան եկե­ղեցին։ Եկե­ղեցին իր դիր­քին բեր­մամբ մնա­ցած էր քա­ղաքա­շինա­կան նա­խագ­ծի մը ճիշդ կեդ­րո­նը։ Անխնամ ու անմխի­թար վի­ճակի մէջ գո­յու­թիւնը շա­րու­նա­կող եկե­ղեցին յա­ճախ թի­րախ կը դառ­նայ գան­ձա­խոյ­զե­րու կամ բար­բա­րոս­նե­րու պատ­ճա­ռած վնաս­նե­րուն։

Թէեւ եկե­ղեցին Յու­շարձան­նե­րու Խոր­հուդի կող­մէ գրան­ցո­ւած է իբ­րեւ պահ­պա­նու­թեան ար­ժա­նի կա­ռոյց, սա­կայն քա­ղաքա­պետա­րանը նոյն տա­րած­քը եր­կար տա­րիներ օգ­տա­գոր­ծած է նաեւ թա­փածո­ներու վայր ըլ­լա­լով։

Խորհրդա­րանի հայ պատ­գա­մաւոր Կա­րօ Փայ­լան այս հաս­տա­տումնե­րը կա­տարե­լէ ետք Մշա­կոյ­թի Նա­խարա­րու­թեան կ՚ուղղէ հե­տեւեալ հար­ցումնե­րը.

1 Ին­չո՞ւ չէք պաշտպա­ներ Էրզրու­մի Հա­յոց Սուրբ Մի­նաս Եկե­ղեցին։

2 Ին­չո՞ւ հա­մար ան­տարբեր մնա­ցիք եկե­ղեցին շրջա­պատող շի­նու­թիւննե­րուն հան­դէպ։

3 Եկե­ղեցին վնա­սող գան­ձա­խոյզնե­րուն դէմ հար­ցաքննու­թիւն մը կա­տարո­ւա՞ծ է։

4 Ձեր նա­խարա­րու­թեան կող­մէ ին­չո՞ւ չեն պահ­պա­նուիր Էրզրու­մի քրիս­տո­նէական շի­նու­թիւննե­րը։

5 Այս տե­սակի շի­նու­թիւննե­րու լիակա­տար ցու­ցակ մը պատ­րաստա՞ծ էք։

«Ակօս»ի աշ­խա­տակից Արիս Նալ­ճը կապ հաս­տա­տած է եկե­ղեց­ւոյ օրի­նական սե­փակա­նատէր Ահ­մետ Սապ­րի Էր­կի­նի եւ քրոջ փրոֆ. Ճէյ­տա Էր­կի­նի հետ։ Արիս Նալ­ճը սե­փակա­նատի­րոջ հետ ու­նե­ցած զրոյ­ցով կը հաս­տա­տէ թէ եկեղցւոյ կա­լուա­ծաթուղթը ան­ցեալին գրան­ցո­ւած է իրենց մեծ հօր Սե­միհ Քո­պալի եւ ապա ժա­ռան­գա­բար մօր Մե­լիհա Քո­պալին։

29 Մարտ 2015-ին մայ­րերնուն մա­հէն ետք ժա­ռան­գութեան ճամ­բով եկե­ղեց­ւոյ սե­փակա­նատէր դար­ձած են ինք եւ քոյ­րը։

Ահ­մետ Սապ­րի Էր­կին կը պատ­մէ թէ քա­ղաքա­պետա­րանը առա­ջին ան­գամ 2010-ին փոր­ձած է եկե­ղեցին փլել պատ­ճա­ռաբա­նելով թէ ան կրնայ վնաս պատ­ճա­ռել շրջա­կայ­քին։ «Մենք իս­կոյն շարժման ան­ցանք եւ 29 Յու­նիս 2010-ին յա­ջողե­ցանք եկե­ղեցին իբ­րեւ մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գութիւն ար­ձա­նագ­րել» ըսաւ Ահ­մետ Սապ­րի Էր­կին։