Փութին-Փաշինեան-Ալիեւ Համատեղ Յայտարարութիւնը

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի Սոչիի մէջ իրականացուող այսօրուան եռակողմ հանդիպման արդիւնքներով ընդունած են համատեղ յայտարարություն, ուր, մասնաւորապէս, նշուած է.

Մենք՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Ն.Վ․Փաշինեանը, Ազրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Ի.Հ. Ալիեւը եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վ.Վ․Փութինը, 2021թ. Նոյեմբեր 26-ին հանդիպեցանք Սոչի քաղաքի մէջ եւ քննարկեցինք 2020թ. Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան` Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին վրայ հրադադարի եւ բոլոր ռազմական գործողութիւններուն ամբողջական դադրեցման իրագործման, ինչպէս նաեւ 2021թ. Յունուար 11-ի՝ տարածաշրջանին բոլոր տնտեսական եւ փոխադրամիջոցային կապերը ապաշրջափակելու մասին յայտարարութեան կատարման ընթացքը:

  • Վերահաստատեցինք 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եւ 2021 թուականի Յունուար 11-ի յայտարարութիւններու բոլոր դրոյթներու խստօրէն պահպանման ու հետեւողական իրականացման մեր յանձնառութիւնը՝ ի շահ Հարաւային Կովկասի կայունութեան, անվտանգութեան եւ տնտեսական զարգացման։ Համաձայնեցանք աշխուժացնել համատեղ ջանքերը՝ ուղղուած 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եւ 2021 թուականի Յունուար 11-ի յայտարարութիւններէն բխող մնացեալ խնդիրներու հնարաւորինս շուտ լուծման։
  • Նշեցինք ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի կարեւոր ներդրումը տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի կայունացման եւ անվտանգութեան ապահովման գործին մէջ։
  • Համաձայնեցանք քայլեր ձեռնարկել ազրպէյճանա-հայկական սահմանին կայունութեան եւ անվտանգութեան մակարդակը բարձրացնելու եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման երկկողմ յանձնաժողովի ստեղծման ուղղութեամբ՝ կողմերու խնդրանքով Ռուսիոյ Դաշնութեան խորհրդատուական աջակցութեամբ անոր յետագայ սահմանագծմամբ:
  • Բարձր գնահատեցինք Եռակողմ աշխատանքային խումբի գործունէութիւնը տարածաշրջանին մէջ բոլոր տնտեսական եւ զբօսաշրջային կապերու ապաշրջափակման գործին մէջ, որ ստեղծուած է 2021 թուականի Յունուար 11-ի յայտարարութեան համաձայն՝ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետներու եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան փոխվարչապետի համատեղ նախագահութեամբ։ Ընդգծեցինք տարածաշրջանի տնտեսական ներուժը բացայայտելու համար յստակ նախագիծերու հնարաւորինս արագ մեկնարկի անհրաժեշտութիւնը։