Յուշակոթող, Ժողովրդային Դիմադրութիւն Եւ Հայրենիքի Գաղափար. «Գանձասար»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Վերջին քանի մը օրերու հայկական մեր կեանքը յուզող, հայ քաղաքական միտքը փոթորկող զարգացումները կու գան հաստատելու մէկ իրականութիւն` դարեր շարունակ պայքարող հայութեան կեանքը կրկին սպառնալիքներու դէմ յանդիման կանգնած է: Այդուհանդերձ, պատմութեան վերլուծումը աչքի առջեւ ունենալով, համահայկական մակարդակով մեր ազգային իրաւունքներուն տէր կանգնելու գործնական քայլերու նախաձեռնելով, դիմադրողական ամրակուռ վահան մը ստեղծելու կարելիութիւնը երեւելի կրնայ ըլլալ:

Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը պատմութեան ընթացքին մէկէ աւելի անգամներ պատերազմած են անհաւասար ուժերու դէմ: Ներկայ ժամանակները այդ անհաւասարութիւնը կը դնեն ոչ միայն ծախսալից զինամթերքի ու զինուորներու թիւի մակարդակին վրայ, այլեւ` ռազմական ճարտարագիտութեան զարգացումին վրայ:

Անկախ հայրենիք ունենալով, մեր ազգը, սփիւռքեան իր զանգուածներով մէկտեղ, որոշակի կայունութիւն մը ապրեցաւ, եւ քաղաքական բեմին վրայ երեւիլ սկսան Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի ձեռքբերումները:

Աւանդական սփիւռքի սերունդներ տարիներ շարունակ պայքարեցան` դուրս գալու հայրենիք որոնելու իրենց մղձաւանջէն ու Հայաստանի վերանկախութեամբ իրենց իղձերու մարմնաւորումը սկսան տեսնել հայրենիքի թէկուզ մէկ բաժինին մէջ: Արցախի ազատագրումը եւս հոգեփոխեց մեր ազգը, սակայն, ցաւօք, ժամանակին ու դրացի յարձակողապաշտ երկիրներուն զօրանալու ճիգերը տեսնելով` մարտավարական բաւարար քայլեր չառնուեցան մեր բանակն ու ժողովուրդը եւս զօրացնելու համար:

Մեր թերութիւններուն մաս կը կազմէր նաեւ կրթութեան հարցը: Հայրենիքի մէջ ազգային գոյն կրող կրթական զարգացած համակարգի մը բացակայութիւնը, հաւանաբար, դիւանագիտական, քաղաքական, զինուորական զարգացումը քայլ մը ետ պահեց մեր երկիրը զօրացող երկիրներու սրընթաց զարգացումէն:

Արտաքին ազդակներն ալ ունեցան իրենց դերը, սակայն տարածքով փոքր ու ծովային ելք չունեցող երկրի մը համար էական էր ներքին զօրութիւնն ու գիտակրթական համակարգի, մտաւոր ուժի զարգացումը:

Անցնող տարիներուն հնչող Արցախ-Հայաստան-սփիւռք եռամիասնութիւնը լոզունգ մը չէր պարզապէս: Այդ միասնութեան արդիւնքը տեսանք թէեւ, սակայն այդ միասնութիւնը լիիրաւ ուժի չվերածեցինք մարտավարական առաջադրանքներով, այլ բաւարարուեցանք պարագայական մօտեցումներով, առիթներու եւ պահանջներու լոյսին տակ միայն այդ ուղղութեամբ մտածելով:

Մինչդեռ այդ միասնութիւնը մարմին է, էութիւն է, կամուրջ է մեր միջեւ: Այդ ոգեղէն կամուրջն էր, որ մղեց հալէպահայ երիտասարդները մեկնելու Արցախ, իրենց արմատներուն պահպանման համար կռուելու, որոնելու իրենց էութիւնը հողին պաշտպանութեամբ: Անոնց մեկնումը պարզապէս կռուելու մղումով չէր, անոնք իրենց արմատներու որոնման արշաւն էր, որ կը շարունակէին, հոգեկան իրենց անդորրութիւնը գտնելու համար հայրենիքի գաղափարին անշէջ աւիշ կու տային ու անով իսկ զօրացած` կ՛ուզէին արժեւորել իրենց էութիւնը, ազգի մը պատկանելու իրենց համոզումը:

Հալէպի Ազգ. գերեզմանատան մէջ Արցախի մէջ նահատակուած հալէպահայ հերոսներուն նուիրուած յուշակոթողը այդ եռամիասնութեան յուշարարը պիտի մնայ առյաւէտ:

Նոյն տենչերով, նոյն տագնապով Երեւանի հրապարակին մէջ կը վերսկսի հայկական դիմադրութեան շարժումը` մերժելու մեր ազգային ձեռքբերումները վատնելու փորձերը, տիրութիւն ընելու անկախ ու ինքնիշխան հայրենիք ունենալու մեր հաւատքին:

Այդ հաւատքը կ՛ապրի իւրաքանչիւր հայու մէջ, ո՛ւր ալ ապրի, ինքնութեան պահպանման ինչպիսի՛  դժուարութիւններ ալ դիմագրաւէ ան:

Այդ հաւատքի չքացումով միայն կը սկսի մեր ազգովին թաւալգլոր անկումը, անտարբերութեան դրսեւորումով միայն կը տկարանանք, կը յուսահատինք, կը տարուինք այլասերման սին երեւոյթներով:

Դիմադրութեան այս շարժումը, որ ծաւալելով կը ստանայ նաեւ համահայկական բնոյթ, այդ հաւատքը ամէն գնով պահելու եւ այդ հաւատքէն պաշտպանողականութեան ծնունդ տալու մարտահրաւէր է` անկախ թէ քանի՛ ճակատամարտ կորսնցուցած ենք, քանի՛ ճակատամարտէ յաղթական դուրս եկած: