Զոհուած Զինծառայողներու Մայրերը Նիկոլ Փաշինեանի Հրաժարականը Կը Պահանջեն

Հայաստան

Միացէք մի լռէք։ Մենք մեղաւոր ենք մեր անտարբերութեամբ եւ յարմարելով։ Այս մասին, ըստ «Երկիր»-ի, գրած է 44-օրեայ պատերազմին զոհուած զինծառայող Աբգար Նազարեանի մայրը:

«Ես՝ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի անմահ հերոս Աբգար Նազարեանի մայր Նայիրա Նազարեանս, կը պահանջեմ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութեան աթոռը գրաւած, ստահակ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը: Անոր կառավարման տարիներուն Հայաստանը միայն պարտուած է, նուաստացուած է եւ զոհած է իր երիտասարդ սերունդը: Ան կ՝ըսէ, որ եթէ ժողովուրդը որոշէ զիս գնդակահարել, ես պատրաստ եմ։

Եկէք «գնդակահարե՛նք» ներսի տականքը, որպէսզի վաղը Եռաբլուրը եւ Հայաստանի պանթէոնները չյանձնէ թուրքին»,- գրած է ան:

Այս կոչին միացած են եւ կը շարունակեն միանալ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի անմահ հերոսներու ծնողներ։ Անոնց մէջ է Մելանիա Արոյեանը՝ Ազիզ Աղաջանեանի մայրը, Ելիզաւէտա Բուդաղեանը՝ Արման Օհանջանեանի մայրը։