Համազգային Դիմադրութեան Հիմնադրոյթները. «Ազդակ»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Ազատութեան հրապարակին վրայ կայացած հանրահաւաքը մեկնարկ է ազգային վերազարթօնքի, Համազգային դիմադրութեան ձեւաւորման: Առընթեր աշխարհի տարբեր վայրերուն մէջ սկսած են բողոքի գործողութիւններ, մերժումի կեցուածքներ, ընդդէմ պարտուողականութեան եւ յանձնուողականութեան դիրքաւորումներ:

Անբնական պիտի ըլլար եւ հայ մարդու հոգիին անհարազատ, եթէ  չըլլար բողոքը, դիմադրելու կամքը: Բոլորիս համար ամէնէն հիասթափեցնողը այն էր, որ 9 նոյեմբերի պարտուողական ստորագրութենէն ետք ո՛չ հայրենաբնակ եւ ո՛չ ալ սփիւռքաբնակ հայութիւնը զանգուածային բողոքի գործողութիւններու դիմեց: Մինչ վիրաւոր Արցախը ոտքի կանգնելու հազիւ թէ քայլեր կ՛առնէր, հետագային կարծէք ռուսական խաղաղապահութեան մէջ իր փրկութիւնը տեսնելով:

Պատերազմի արդիւնքները` տարածքներու, մարդկային կորուստներու, զինուժի փոշիացման առումներով ծանր են, վհատեցուցիչ: Արդիւնքներու ցնցիչ ազդեցութեան ներքեւ թշնամիները երկկողմանիօրէն կը ջանան կործել առաւելագոյնը: Ընդունիլ տալ, որ Արցախը Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մէջ է, որ Շուշին, Հատրութը եւ յարակից շրջանները անվերադարձ մեկնած են: Միւս կողմէ, Անգարա իր դասական նախապայմանները կը համալրէ եւ Զանգեզուրի միջանցքի ծրագիրը առաջադրելով կը պահանջէ նոյնիսկ Սահմանադրութեան նախաբանէն դուրս բերել Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման սատար կանգնելու յանձնառութիւնը:

Պարտուած իշխանութիւնները չեն կրնար դիմակայել այս ճնշումներուն: Ի վիճակի չեն նաեւ արժանապատիւ բանակցութիւններ վարելու: Սահմանագծման-սահմանազատման օրակարգեր կը պարտադրուին Հայաստանի Հանրապետութեան` եւ այդ օրակարգերու իրականացման համար սահմանային ոտնձգութիւններով եւ նոր գերեվարումներով թշնամիի յառաջխաղացքներ կ՛արձանագրուին:

Պատրուակային արդարացումներ կը հնչեն հայկական պաշտօնական կողմէն: Սահմանագծումը իրականացնել, որպէսզի սահմանային միջադէպերը վերջ գտնեն. ճիշդ այդ է արդէն միջադէպեր ստեղծողին նպատակը:

Ճնշում կայ ճանչնալու նաեւ Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութիւնն ու այսօրուան սահմանները: Տակաւին ճնշում` Նախիջեւանը միջանցքով Ազրպէյճանին միացնելու:

Այս բոլորը կը պահանջուին առանց յարգելու նախապէս կայացած համաձայնութիւնը` գաղթականներու տունդարձի եւ ռազմագերիներու եւ զոհերու աճիւններու հայրենադարձումին առումով: Այս բոլորին վրայ կը գումարուի 3+3 տարածաշրջանային-աշխարհաքաղաքական անվտանգային հարթակին մէջ Հայաստանը ներառելու ճնշումը:

Այս բոլորին դէմ դիմադրութիւնը հրամայական է: Համազգային Դիմադրութիւնը սկսելու համար`

Այո՛ արժանապատիւ ապաշրջափակման, բայց ո՛չ միջանցքին:

Այո՛ յարաբերութիւններու հաստատման, բայց ո՛չ նախապայմաններու ընդառաջումին:

Այո՛ համագործակցութեան, բայց ո՛չ պարտադրուող ձեւաչափերու ներառումին:

Այո՛ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման, բայց ո՛չ պատմական իրաւունքներէ զիջումին:

Այո՛ տնտեսական ծրագիրներու համագործակցութեան, բայց ո՛չ Ցեղասպանութեան ճանաչումը արտաքին քաղաքականութեան օրակարգէն դուրս բերելու զիջումին:

Այո՛ բանակցութիւններու վերսկսման, բայց ո՛չ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը շրջանցելուն:

Այո՛ խաղաղութեան հաստատման, բայց ո՛չ Արցախը զիջելուն:

Այս բոլորը դիմադրական շարժում կ՛ենթադրեն: Նկատի ունենալով հարցերուն համահայկական տարողութիւնը` Համազգային դիմադրական շարժում:

Դիմադրութիւնը ներքաղաքական նպատակներ չի հետապնդեր, հետեւաբար անոր չմիանալը իշխանութիւն-ընդդիմութիւն պարանաձգութեամբ պատրուակելը պարզապէս հրաժարիլ է համազգային խնդիրներու հետապնդումէն:

Միաժամանակ նոյնքան պարզ է, որ այս առաջադրանքները, չզիջելու վճռականութիւնը կրնան գոյացնել այնպիսի ուժեր, որոնք պարտուողականութիւն ցոյց չեն տուած, որոնք բարձր պահած են բանակի հեղինակութիւնը, որոնք օրհասական ամէն գոյակռիւի փուլին տուած են իրենց առաւելագոյնը:

Ուրեմն` Համազգային դիմադրութիւնը նաեւ ո՛չ կ՛ըսէ պարտուողական եւ անձնատուական իշխանութեան, եւ այո՛` ազգային ուժերէ բաղկացած իշխանութեան: