«Ո՛չ Մեր Հողերու Յանձնման, Ո՛չ Հայ Դատի Վաճառքին». ՀՅԴ Ֆրանսայի ԵՄ Բողոքի Ցոյցը Փարիզի ՀՀ Դեսպանատան Դիմաց

Հայաստան, Սփիւռք

Նոյեմբեր 8-ի երեկոյեան, ՀՅԴ Ֆրանսայի «Նոր Սերունդ» երիտասարդական միութեան անդամներուն նախաձեռնութեամբ՝ բողոքի ցոյց կազմակերպուած էր Փարիզի ՀՀ դեսպանատան առջեւ:

«44-օրեայ պատերազմի աւարտի առաջին տարելիցին ընդառաջ որոշած ենք հաւաքուիլ Փարիզի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան դիմաց։ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան համար, Արցախի համար, Սիւնիքի համար, հայ ժողովուրդի համար եւ մեր ինկած զինւորներու համար: Դէմ ենք մեր հողերը թշնամիին յանձնելուն եւ դէմ ենք մեր Երկրի վաճառքին։

Ազրպէյճանի հետ նոր համաձայնագրի ստորագրման մասին յայտարարուող լուրերը մտահոգիչ են, եւ մենք պէտք է զօրաշարժի ենթարկենք մենք մեզ: Մեր զինուորները, իրենց կեանքը վտանգելով, պաշտպանեցին իրենց հողերը, ոչ այն բանի համար, որ կառավարութիւնը նոր զիջումներու դիմէ։

Ըսենք Ո՛Չ մեր հողերու յանձնման, Ո՛Չ նոր համաձայնագրի ստորագրման, Ո՛Չ Հայ Դատի վաճառքին»,- նշուած էր ՀՅԴ Ֆրանսայի «Նոր Սերունդ» միութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Ցոյցի մասնակիցները հանդիպած են նաեւ Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեանի հետ եւ նամակ յանձնած՝ ուղղուած ՀՀ կառավարութեան:

«Մենք խստօրէն պիտի դիմադրենք թուրք-ազերի թշնամիին նոր տարածքներու յանձնման: Պայքարը կը շարունակուի»,- նշուած է ՀՅԴ Ֆրանսայի կառոյցի տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

ՀՅԴ կառոյցը աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ Նոյեմբեր 8-9 կը կազմակերպէ ցոյցեր` ի զօրակցութիւն Հայրենիքի մէջ ձեւաւորուող ազգային դիմադրութեան՝ ընդգծելով հայրենիքի, սփիւռքի միասնականութիւնը, համախմբուածութիւնը Հայաստանի, Արցախի եւ համայն հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցով: