Ժընեւի Մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղարին Հետ

Աշխարհ, Սփիւռք

Երկուշաբթի, 1 նոյեմբեր 2021-ին, Ժընեւի մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Եոան Սաքայի այցելութիւնը: Դոկտ. Սաքա վեհափառ հայրապետին պարզեց ԵՀԽ-ի դիմագրաւած դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ տարի տեղի ունենալիք համաժողովին նախապատրաստական աշխատանքներուն ընթացքը:

Վեհափառ հայրապետը, ԵՀԽ-ի մէջ ունեցած երկար տարիներու իր փորձառութեան լոյսին տակ, ընդհանուր քարտուղարին ներկայացուց իր տեսակէտները կարգ մը կարեւոր խնդիրներու ու ծրագիրներու գծով: Յայտնենք, որ համաժողովի պատրաստութեան աշխատանքներուն լծուած յանձնախումբերուն մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչները իրենց կարեւոր նպաստը պիտի բերեն:

Հանդիպումին վեհափառ հայրապետին կողքին ներկայ էր Ժընեւի մէջ կաթողիկոսարանի Միջեկեղեցական յարաբերութեանց ներկայացուցիչ փրոֆ. Թենի Փիրի-Սիմոնեան: