Դաւիթ Չալոյեան Ապահոված է Աշխարհի Առաջնութեան Պրոնզէ Մետալը

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի բռնցքամարտի հաւաքականի անդամ Դաւիթ Չալոյեան ապահոված է աշխարհի առաջնութեան պրոնզէ մետալը: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Երկիր»-էն։

Սերպիոյ մէջ ընթացող աշխարհի առաջնութեան +92 քկ քաշայիններու քառորդ եզրափակիչին՝ Հայաստանէն Դաւիթ Չալոյեան ուժերը չափեց ուզպեկ Լազիզբեկ Մուլուճոնովի հետ եւ յաղթեց 3:2 հաշուով:

Չալոյեան հասաւ կիսաեզրափակիչ` ապահովելով աշխարհի առաջնութեան պրոնզէ մետալը:

Նշենք, որ 63 քկ քաշային կարգի մէջ Ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր Յովհաննէս Պաչգովը քառորդ եզրափակիչին պիտի մրցի Թայլանտի ներկայացուցիչ Սոմչայ Վոնկսուվանի հետ: