Արման Թաթոյեան Պիտի Արժանանայ Հայ Դատի «Մարդու Իրաւունքներու Ախոյեան» Մրցանակին

Հայաստան, Սփիւռք

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը «Մարդու իրաւունքներու ախոյեան» մրցանակը պիտի շնորհէ Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեանին։

Մրցանակը պիտի տրուի Քալիֆորնիոյ մէջ Հայ Դատի սկսած համայնքային խորհրդաժողովներուն տասնամեակին նուիրուած յատուկ ձեռնարկին ընթացքին։

Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ «Պեւըրլի Հիլթըն» հիւրանոցի պարտէզին մէջ:

«Իբրեւ Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան՝ դոկտ. Թաթոյեան յատկանշական աշխատանք տարած է երկրին մէջ ոչ միայն քաղաքացիներու իրաւունքները պաշտպանելու համար, այլ նաեւ միջազգային մարմիններուն մանրամասնօրէն ներկայացուցած է Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդներուն իրաւունքներու շարունակուող ոտնահարումները»,- կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան:

Հայ Դատը Թաթոյեանը Քալիֆորնիա հրաւիրած է երկշաբաթեայ շրջապտոյտի մը համար եւ Կիրակի, 21 Նոյեմբերին, անոր ի պատիւ ճաշկերոյթ պիտի կազմակերպէ: Մասնակցութեան սակը 150 տոլար է եւ տեղերը սահմանափակ են: Տոմսեր ապահովելու համար այցելել www.ancawr.org/grassroots Կայքէջը: