«Լուսանկարչական Սարքս Պէտք Է Փոխեմ, Որպէսզի Նկարեմ, Թէ Ինչպէս Ետ Կը Բերենք Շուշին». «Պատերազմի Աչքերը» Խորագիրով Լուսանկարներու Ցուցահանդէս Ստեփանակերտի Մէջ

Հայաստան

Այսօր, Սեպտեմբեր 27-ին, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ՝ Ստեփանակերտի պատկերասրահին մէջ բացուած է լուսանկարիչ Դաւիթ Ղահրամանեանի՝ «Պատերազմի աչքերը» խորագիրով լուսանկարներու ցուցահանդէսը:

Artsakhpress.am-ի տեղեկութիւններով՝ ցուցահանդէսը սկսած է Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի նահատակներու սուրբ յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցելով։

Ցուցահանդէսին ներկայացուած է մօտ 100 նկար, ուր պատկերուած են պատերազմի օրերուն ցաւը, խորտակուած ճակատագրերը, ապրելու վճռականութիւնն ու ապագայի հանդէպ հաւատքը։

Բնութագրությունը հասանալի չէ

«Ամէն մէկ լուսանկար պատերազմի հայացք մըն է, որուն նայիլն ու դէմ յանդիման կանգնիլը շատ դժուար է, բայց պէտք է։ Պատերազմի առաջին իսկ օրը Ստեփանակերտի ծննդատան մէջ լոյս աշխարհ եկած է Մոնթէն, որուն մայրը այդպէս անուանակոչած է՝ ի պատիւ հերոս Մոնթէ Մելքոնեանի։ Երեւանի մէջ կազմակերպուած ցուցահանդէսին ժամանակ Դաւիթը զանգ ստացած է, որ ծնած է իր առաջնեկը՝ Արփին։ Ես կը հաւատամ, որ Արցախի եւ Հայաստանի ծննդատուներուն մէջ դեռ շատ Մոնթէներ ու Արփիներ լոյս աշխարհ պիտի գան, ու ատիկա պիտի ըլլայ մեր շարունակութեան գրաւականը»,- ըսած է
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի տնօրէն Հերմինէ Աւագեան՝ զրուցելով լրագրողներու հետ։

Բնութագրությունը հասանալի չէ

Բնութագրությունը հասանալի չէ

«Պատերազմի առաջին օրը, երբ կը պատրաստուէի առաջնագիծ մեկնիլ, ԱՀ Կառավարութենէն զանգ ստացայ, որ պէտք է լուսանկարեմ պատերազմը։ Չէի գիտեր՝ անիկա քանի օր պիտի տեւէ՝ 4, թէ՝ 44, բայց ատիկա ինծի համար մեծ պատասխանատւութիւն էր։ Այս լուսանկարները վաւերագրութիւն են այն մասին, թէ ինչպէս Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը հերթական յանցագործ վարքը դրսեւորեցին Արցախի եւ անոր խաղաղ բնակչութեան հանդէպ. եւ այդ մասին պէտք է խօսուի անդադար»,- ըսած է Դաւիթ Ղահրամանեան։

Բնութագրությունը հասանալի չէ

Պատերազմի ողջ ընթացքին Դաւիթի ընկերը իր լուսանկարչական մեքենան էր։ Առաջինով նկարած է Ապրիլեան քառօրեան, իսկ երկրորդով՝ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմը։ «Լուսանկարչական մեքենաս պէտք է փոխեմ, երրորդը պէտք է վերցնեմ, որպէսզի նկարեմ, թէ ինչպէս ետ կը բերենք Շուշին»,- ընդգծած է ան։

Բնութագրությունը հասանալի չէ

Բնութագրությունը հասանալի չէ

Բնութագրությունը հասանալի չէ
Բնութագրությունը հասանալի չէ