Մտայղացքային Արուեստի Եւ Կենդանի Ներկայացումներու Երեկոյ Այնճարի Մէջ

Սփիւռք

Հովանաւորութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին եւ գործակցաբար «Այնճար արթ կալըրի»-ին եւ մուսալեռցի-այնճարցի արուեստագէտներու, Շաբաթ, 11 Սեպտեմբեր 2021-ի երեկոյեան ժամը 6:00-էն սկսեալ «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոնի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ աննախընթաց մտայղացքային արուեստի եւ կենդանի ներկայացումներու երեկոյ: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ազդակ»-էն։

Մասնակից արուեստագէտներն էին` Գօգօ Կարապետ, Կարպիս Քենտիրճեան, Նանոր Հաճեան, Կարինէ Շաննաքեան, Սիրուն Սարեան, Սեւատա Անտոնեան, Վարանդ Քէշիշեան, Րաֆֆի Անտոնեան եւ Վարանդ Մեթլեան, որոնք  ներկայացուցին տարբեր տեսակի գեղանկարչական կենդանի կատարումներ` զանազան տեսակի արուեստներու ընդմէջէն (գեղանկարչութիւն, կենցաղային յարդարանքներ, ջրաներկ եւ այլ տեսակի արուեստի գործեր):

Ներկաները հիացումով իրենց գնահատանքն ու քաջալերանքը արտայայտեցին  արուեստագէտներուն: