Թեհրանի «Արարատ» Մարզաւանի Յարակից Պողոտան Կ՛անուանափոխուի Ռոստոմ Ոսկանեանի Ի Պատիւ

Աշխարհ, Սփիւռք

Հայ Մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան համալիրին յարող պողոտան՝ նախկին «Աֆթաբ»ը անուանափոխուած է իրանահայ ճարտարապետ, քանդակագործ եւ նկարիչ Ռոստոմ Ոսկանեանի ի պատիւ: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ալիք»-էն։

Թեհրանի իշխանութիւնները վերանուանման մասին որոշում տուին, երբ անցեալ տարի այցելեցին «Արարատ» մարզաւանը եւ ծանօթացան Ռ. Ոսկանեանի հեղինակած Ս. Խաչ մատուռի պատմական շինութեան:

Ռոստոմ Ոսկանեանի նախագծած շինութիւնները բազմաթիւ են՝ հասարակական եւ բնակարանային շէնքեր, որոնցմէ՝ «Արարատ» մարզաւանը, Հայ ակումբը, Թաւրիզի առաջնորդարանի կեդրոնական այգիի շրջափակին մէջ ՀՕՄ-ի Ծերունի Գասպարեանի անուան մանկապարտէզը: