ՀՅԴ Հայ Դատի Արցախի Գրասենեակի Աշխատանքներուն Համար Եղած Է Առաջին Նուիրատւութիւնը

Հայաստան, Սփիւռք

Կը յայտնենք, որ ստացած ենք հասցէական նուիրատւութիւն՝ ՀՅԴ Հայ Դատի Արցախի նորահաստատ գրասենեակի գործունէութեան աջակցելու համար:

ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդը իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող «Sose & Allen՚s Legacy» հիմնադրամին՝ Հայ Դատի Արցախի գրասենեակի աշխատանքներու առաջին մէկ տարուան համար անհրաժեշտ դրամական միջոցներու նուիրաբերութեան համար: Մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք նաեւ հիմնադրամին կողմէ նորահաստատ գրասենեակին մէջ, յառաջիկայ հինգ տարիներուն ընթացքին, երիտասարդներու վարժողական ծրագրի դրամական ծախսերը հոգալու համար:

Մեր ժողովուրդին համար դժուարին այս ժամանակահատուածին Արցախը առաւել քան երբեւէ ունի աշխարհասփիւռ հայութեան, համահայկական կազմակերպութիւններու, մեր կարող հայրենակիցներու կարիքը:

Մեր պայքարի ներկայ հանգրուանին ազգային-պետական նպատակներէն նահանջը լաւագոյն նուէրը պիտի ըլլայ իր յանցագործ նպատակներուն ամբողջապէս չհասած եւ Ղարաբաղեան հիմնախնդիրը նոյնիսկ պատերազմական ճանապարհով չլուծած թշնամիին:

Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի լիակատար իրացումը, 1988-ի Ազգային ազատագրական շարժման նպատակները այլընտրանք չունին: Այս յանձնառութեան ճանապարհին Հայ Դատի համաշխարհային ցանցը, իր նուիրեալ բարեկամներուն հետ, որեւէ ջանք ու միջոց պիտի չի խնայէ:

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակ

11 09 2021