Տեսակէտ. «Մարդը, Որ Արարատը Չունի Իր Հոգիին Խորը». Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք Արցախի պարտութիւնն ու յանձնումը եղաւ մեր նորօրեայ պատմութեան մեծագոյն աղէտը:

Արցախի հողային ամբողջականութեան 70 առ հարիւրի կորուստը, ազատ, անկախ պետութեան մը բանակին գրեթէ կէսին կորուստը եւ մահացածներուն կրկին քանակով հաշմուած երիտասարդութիւնը,  մշակութային հսկայ ժառանգութեան կորուստն ու շարունակուող արտագաղթը` արդէն իսկ պարպուած  հայրենիքէն, կը թելադրեն ազգային ռազմագիտութեան  համբակութիւնն ու ձախաւերութիւնը:

Արցախի  յանձնումը լախտի հարուած մըն էր համայն հայութեան, ապրելու իմաստին ու նպատակին:  Հարիւրամեակ մը ամբողջ Ցեղասպանութեան ստուերին տակ ապրած ու հալածուած անկէ, սերունդներ  դաստիարակուեցան`  ճանչնալու իրենց փառաւոր անցեալը, հպարտանալու հայ ժողովուրդի հազարամեայ սխրալի  պատմութեամբ եւ դուրս գալու անհայրենիք ու անարմատ  ըլլալու հոգեբանութենէն ու ճակատաբաց յառաջանալու մարդկային ընկերութեան  մէջ: Բայց ահա  նոյեմբերեան համաձայնագիրով յանկարծ ամէն գոյութիւն դարձաւ յեղյեղուկ,  լինելութեան  կողմնորոշումը կորսնցուցած, հայութիւնը ապրեցաւ դաժան  հոգեկան  խոցեր:

60-70-ական թուականներուն, երբ Լիբանանէն ու Սուրիայէն Հայաստան այցելութիւնները յաճախակի էին, եւ մարդիկ` իրենց պայուսակները լեցուցած ճինզ տաբատներ,  կնոջական ներքնազգեստներ եւ շպարի այլազան իրեր, հայրենիք կը տանէին ծախելու, Անդրանիկ Ծառուկեան` Գրողներու միութեան եւ Սփիւռքի կապի կոմիտէի հրաւէրով, յաճախ կ՛այցելէր Հայաստան եւ վերադարձին ընտանեկան հաւաքներուն կը պատմէր իր հանդիպումներէն` օրուան դէմքերուն հետ: Այդ հաւաքներէն մէկուն էր, օր մը,  բարկացած ըսաւ. «Թո՛ղ երթան  ծախեն, ի՛նչ եւ որքա՛ն որ ուզեն` ճինզ, ներքնազգեստ ու շրթներկ, բայց ոչ ոք թող փորձէ օր մը հայաստանցիին հայրենասիրութիւն ծախել»:

Եւ յիրաւի, այն, ի՛նչ ունինք մեր սրտերը հպարտութեամբ լեցնող` Ծիծեռնակաբերդ, Սարդարապատ, Ցեղասպանութեան թանգարան թէ Սասունցի Դաւիթի, Թումանեանի, Կոմիտասի  հրաշագեղ յուշարձաններ, բոլորը կառուցուած են խորհրդային իշխանութեան օրերուն, երբ ազգայնականութիւնը ճնշուած ու ազատութիւնը բռնադատուած էր: Բայց այն մարդիկ, որոնք յղացան ու ճարտարապետեցին այս յուշարձան-համալիրները եւ հայրենիքի ու ազատութեան տեսլականը կոթողեցին հասնող սերունդներու մէջ, այդ մարդոց հոգիներուն մէջ Արարատը կը տրոփէր:

Տարիներ ետք եկան ղարաբաղեան շարժումի ինքնորոշման օրերը` 1991-1992, եւ մէկ միլիոն մարդ, մէկ միլիոն հայաստանցի, մէկ մարդու պէս իջան հրապարակ ու բարձրացուցին պաստառները `

«Արիւնից ծորած երիզ մի կարմիր
Երկնքից պոկած կտոր մի կապոյտ
Հասուն հասկերի շող նարնջագոյն
Եւ վեց դարերի խաւարի վրայ` դրօշ Եռագոյն»:

Եւ կերտեցին մեր նոր Սարդարապատը` ազատագրելով Արցախը: Ահա եւ Ծառուկեանին հաստատումը երեսուն տարի ետք:

Եկան, աւելի ուշ, 2010-ի, 2016-ի պատերազմները եւ, հակառակ դժնդակ պայմաններուն, հայ զինուորը, թէկուզ եւ` նախնական ու տխուր պայմաններով, պատուով պաշտպանեց հողը հայրենի:  Եկաւ  2020 սեպտեմբեր-հոկտեմբերեան  պատերազմը, թուրք-ազերիական յարձակումները, եւ հայաստանցիք բոլոր կողմերէն փութացին Արցախ,  անհաւատալի  դիմադրութեամբ  պահեցին սահմանը: Հակառակ անհաւասար կռիւին ու բազմահազար զոհերուն, շարունակեցին կռիւը, բայց, ափսո՜ս, հարուածը ստացան կռնակէն: Թշնամին ներսէն էր եւ պարտութիւնը` անխուսափելի: Դաւադրութիւնը տապալեց հայրենասիրութիւնը, եւ Արցախը յանձնուեցաւ:

Ի՞նչ պատահեցաւ մեզի Հայաստանի անկախութեամբ եւ ինչպիսի՞ պետականութեան մը հիմքերը դրուեցան: Ուրկէ՞ եկան իշխող այս խուժանները եւ իրենց հետ բերին իրենց ցեղախումբերը: Ինչպէ՞ս է, որ քանդեցին իրենց հոգիներուն մէջ հայրենիքի տաճարը, եւ սկիզբ առաւ փլուզումն ու մէկ առ մէկ, հետեւողականօրէն խարխլեցին ազգային ինքնութեան կռուանները` եկեղեցի, դպրոց, ընտանիք, լեզու, հաւատք եւ գիտութիւն:  Նոր հանրապետութեան նոր իշխանները ամէն ազգային հարստութիւն չափեցին ոսկիներու հնչեղութեամբ:

Քանդուեցաւ Մեսրոպի «ադամանդեայ  ապառաժը», եւ կարկաչահոս մայրենին ապականեցին ռուսաբանութեամբ, օտարաբանութեամբ, մինչեւ դարձաւ լրիւ անհասկնալի` օտարելով հայը մայրենիէն:

«Իմ Սեւա՛նն է Վանայ ծովիս ազատման միակ յոյսը, իմացի՛ր» բանաստեղծին խօսքեր մնացին անարձագանգ` ի լուր Ալիեւի յոխորտանքներուն, թէ` «Սեւանը մերն է»,  ո՛չ մէկ ընդվզում  եւ  ընդդիմութեան  ո՛չ մէկ անդրադարձ  պետական ամպիոնէն:

«Գնա՛, կռունկ, երկրէ երկիր, բեր  մեր հայոց պանդուխտներին», բանաստեղծին ցանկութիւնը համայն հայութիւնը հայրենիքի մէջ մէկտեղելու` մնաց լոկ կանչ անարձագանգ:

Երեսուն տարի ազատ ու անկախ Հայաստանի պայմաններու մէջ պետական այրերը ոչինչ կառուցեցին անկախութիւնն ու ազգայինը  խորհրդանշող: Ոչինչ ճարտարապետեցին սերունդները ներշնչելու մեր փառաւոր պատմութենէն յառնող հերոսներու կերպարով: Նոյնիսկ առաջին ազատ, անկախ հանրապետութեան գաղափարականը իր մէջ խտացնող Արամ Մանուկեանի արձանը իր  փառաւորութեամբ, համազգային տարողութիւն չստացաւ, մնաց ՀՅԴ կուսակցութեան նախաձեռնութիւնը` անշուք ու անփառունակ:  Երեւանի` մշակութային քաղաքին մէջ, որ հմայիչ ու հարուստ է տուն-թանգարաններով, Արամ Մանուկեանի բնակարանը կը շարունակէ մնալ լքուած, անխնամ ու անյայտ: Սա հայրենիքի անկախութեան եւ հանրապետութեան  խորհրդանիշ է, եւ վերաբերմունքը` առաջին հանրապետութեան հիմնադիրներէն ամէնէն ցայտուն դէմքին, նսեմացում է եւ անկախ հանրապետութեան գաղափարականին հանդէպ անարգանք ու վարկաբեկում:

Հիմա հայու ինքնութիւնն ու  ազգային հպարտութիւնը շոյող յուշակոթողները փոխարինուած են` անձնական դղեակներով, «առանձնատներով», սեփական  խաղատուներով, սեփական ճաշարաններով, սեփական հանքերով,  սեփական առեւտրական կեդրոններով:

Այո՛, եւ ցաւօք սրտի, ունինք շատ սրտակոտոր ու թախծալից Եռաբլուր, դեռ պատանեկութիւնը չբոլորած հազարաւոր զինուորներու գերեզմաններ, որդեկորոյս մայրերու մխիթարութիւնը եղող հրաշակերտ գերեզմաններ, կառուցուած` յոյսն ու լոյսը  կորսնցուցած  եւ իր չունեցածով որդին յուշակոթողի վերածած դժբախտ մայրերու անհուն փաղանգով:

Յո՞ երթաս, Հայաստա՛ն:

Այսօր, 44-օրեայ պատերազմէն ետք, ունեցանք նոր կառավարութիւն, նոր Ազգային ժողով ու նոր պատգամաւորներ: Ազգային ժողովի օրակարգերը կը թելադրեն ստուգութիւնը պատգամաւորներուն, որոնք եկած են հայ ժողովուրդի ճակատագիրը որոշելու, պահու մը, երբ պատերազմը դադրած ըլլալով հանդերձ, չէ աւարտած, եւ ազերին կը շարունակէ մեր սահմաններուն սպառնալ:

Ծանրակշիռ եւ արտահերթ  որոշումներ   կայացնելու  հրամայականը կը սպառնայ մեր հայրենիքին: Սահմանային գիւղերու հետզհետէ պարպումն ու անվտանգութիւնը, գերիներու վերադարձի հարցի լուծման ձգձգումը, երկրի սահմանագծումն ու պատերազմի  պարտութեան պատճառները քննող յատուկ յանձնաժողովի մը կազմութեան յապաղումը, պատերազմի պատասխանատուները հաշուետուութեան կանչելու հրամայականը ամէն օր կը ձգձգուին: Եւ Ազգային ժողովի օրակարգը կ՛ընթանայ մէկ ուղղութեամբ` «Ազրպէյճանի տարածաշրջանին հետ կոմունիկացիա», «Տարածաշրջանային ապաշրջափակում», «Խաղաղ դարաշրջան բանալ», «Թշնամանքը կառավարելու ապաշրջափակում», «Եղածը եղաւ,  դարձնենք էջը»: Ազրպէյճանի ու Թուրքիոյ հետ առեւտուրի ծրագիրներ կը հիւսուին` հարստանալու նոր երազներով տարուած: Մինչ այդ կը շարունակուին պաշտօնազրկումները, նորերու նշանակումներն ու  ցեխարձակումները, Ազգային ժողովի մէջ ծեծկռտուքը, յանցանքը մէկը միւսին վրայ բարդելու մեղադրանքներն ու սպառնալիքները, անարգանք, վարկաբեկումներ հայհոյանք կը լեցնեն ազգային ժողովներու օրակարգը: Սա այսօրուան Ազգային ժողովն է,  մեր պետական գերագոյն մարմինը: Մինչ ազերին Սիւնիքի, Գեղարքունիքի եւ յարակից մարզերէն ներս կը շարունակէ յառաջանալ, եւ հայկական բանակը գոյութիւն չունի:

Ի՜նչ կրնան ներշնչել այս բոլորը ժողովուրդին: Ի՞նչ ապագայ կրնայ պատկերացնել ժողովուրդը իր եւ իր զաւակներուն համար`  ի տես այս իրականութեան  եւ  այս իրավիճակին:

Անկախ Հայաստան մը` ի յուսախաբութիւն հայ ժողովուրդին, ողբալի եւ անյուսալի:

2018-ին բանակէն պահածոյ տուփերու, Մանուէլ Գրիգորեանի գողութեան հարցը աւելի աղմուկ բարձրացուց, քան` Արցախը յանձնելու «յեղափոխական» վարչապետին «դիւանագիտական քայլը» եւ մեր սահմաններէն ներս թափանցող ազերիին ոտնձգութիւնները, որոնք կը սպառնան հայրենիքի գերիշխանութեան:

Այս կառավարութեան ամէն մէկ սխալը կ՛արդարացուի կամ կը համեմատուի նախկին համակարգի պատասխանատուներու սխալի կանգունով:  Նոյնիսկ կին պատգամաւորի ժողովասրահէն դուրս բերուելու կոպիտ արարքը վարչապետը կ՛արդարացնէ` Ազգային ժողովի ամպիոնէն յայտարարելով, թէ` «Դուք գիտէ՞ք` նախկինները կիներու հանդէպ ի՛նչպէս կը վերաբերէին  կամ ինչպիսի բառեր կ՛օգտագործէին…»:

2018-ի յեղափոխութեան առասպելական հերոսը 2020-ի արցախեան պատերազմով յայտնուեցաւ քաղաքական, դիւանագիտական ձախողութեան մէջ`  օրհասական պահու անկարող ըլլալով ճիշդ կողմնորոշուելու: Հակառակ «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ» յոխորտանքներուն, պատերազմի ընթացքին Արցախը մնաց միայնակ ու անզօր  թշնամիին դէմ: Տակաւին, վեհերոտ ու ինքնահաւան, իր խորհրդականները չընտրեց ազգի աւագանիէն` իմաստուն, մասնագէտ ու փորձառու մարդոցմէ, այլ շուրջը հաւաքեց իրեն հաւատարիմ նորելուկ փանջունիներ` զուրկ քաղաքական եւ դիւանագիտական պատրաստութիւնէ, որոնց կը պակսի նաեւ կեանքի փորձառութիւնը, բայց փառասիրութեամբ հարբած կամակատարներ զինք ծափահարելով պաշտօններ ապահովեցին, եւ ինք մնաց ինքնագլուխ ու դուրս եկաւ պարտուած:

Ճակատագրական սխա՞լ, դիւանագիտական ապիկարութի՞ւն, դաւադրութի՞ւն, դաւաճանութի՞ւն. ի՞նչ էր պատճառը Արցախի պարտութեան ու կորուստին, որոնց պատասխանատուներն ու ծալքերը կը մնան չբացայայտուած, իսկ յետպատերազմական քննութիւնները կ՛ուշանան: «Ե՛ս տուի որոշումը եւ ամբողջ պատասխանատուն ես եմ» մարտահրաւէրի պէս յայտարարեց Փաշինեան` պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս  եւ ինչո՞ւ պատահեցաւ այն, ինչ տեղի ունեցաւ:   Չունեցաւ  նահատակ ազատամարտիկի վեհանձնութիւնն անգամ, որ խնդրանքով դիմելով Տիրոջը` կը հայցէ. «Ների՛ր ինձ, ՀԱՅՐԵՆԻ՛Ք, նուաստիս անփառունակ ընթացքի համար:  Ների՛ր, որ չկարողացայ կերտել յաղթական երթդ ու, ների՛ր, որ բոլոր վէրքերդ չկարողացայ առնել մարմնիս վրայ` որպէս բազմաչարչար օրերիդ մխիթարանք…»(1):

Այս բոլորով հանդերձ, ժողովուրդը կրկին ընտրեց իր պարտուած ու փորձուած վարչապետը եւ պարտութեան խարանը սրբեց անոր  ճակատէն, «Մարդը, որ Արարատ չունի իր հոգիին խորը»(2):  Հարցը ընդմիշտ փակուած է: Պատերազմի 44-օրեայ գործողութիւններուն հետ առնչուող անձանց  դատական ատեան կանչելու եւ պատերազմի հետեւանքները քննող մարմինի կազմութեան մասին չի խօսուիր այլեւս:  Հարցը կարգաւորուած է ու պատերազմի գաղտնիքներն ալ` հետը թաղուած:

Արցախեան հարցի  էջը փակուած է:

Ժողովո՞ւրդն  է մոլորած, քաղաքական անգրագիտութի՞ւնը զիրենք դարձուցեր է անտարբեր, հաւա՞տքն են  կորսնցուցած  հայրենիքի ճակատագիրին նկատմամբ, այլընտրանքի չգոյութի՞ւնը, թէ՞ աղքատութիւնը, անգործութիւնն ու շուարը զիրենք դարձուցեր են զգայազիրկ հայրենիքին մէջ կատարուած անցուդարձերուն… թէ՞ երկու չարեաց փոքրագոյնին տրամաբանութեամբ որոշում կայացնելու գործնապաշտութիւնը, առանց երբեք կշռադատելու, որ հայրենիքը կարելի չէ նժարի մէջ դնել որեւէ այլ կշիռի դիմաց: Թէ ի՞նչ…

Եւ տակաւին պատերազմէն ետք, նոր կառավարութեան ընտրութիւններու ընթացքին, յանկարծ հարիւր եւ աւելի կուսակցութիւններ սունկի պէս բուսան, ուրկէ՞, ե՞րբ կազմուեցան, որո՞նք էին այս մարդիկը, ինչպէ՞ս ֆինանսաւորուեցան, ի՞նչ գաղափարաբանութեամբ յառաջ եկան եւ քանի՞ հետեւորդ կամ հաւատացեալ ունէին:  Անհասկնալի եւ աններելի ամօթ մըն էր մեր ժողովուրդին, այսպիսի ճգնաժամի մը, երբ համազգային համախմբումի, միասնական ուժի եւ հաւաքական կամքի կարիքը կար, հարիւրէ աւելի կուսակցութիւններ հրապարակ եկան երկու միլիոն հաշուող բնակչութեան մէջ: Երբ 300 միլիոն ժողովուրդ հաշուող Ամերիկան  երկու կուսակցութիւններով աշխարհի քաղաքականութիւնը կը տնօրինէ: Մեր ժողովուրդը այնքա՞ն մը բթացած եւ իր գիտակցութիւնը կորսնցուցած է, որ չի տեսներ, թէ ի՛նչ կը պատահի իրեն, չ՛անդրադառնար, որ մեզ պառակտումի կ՛առաջնորդեն` քաջալերելով հարիւրաւոր կուսակցութիւններու հիմնումը, եւ մանաւանդ` ընդդիմութիւնը չէզոքացնելու ճիգերը:  Իսկ ո՞ւր են այսօր այդ հարիւր կուսակցութիւնները, ինչո՞վ են զբաղած, ո՞ւր է իրենց քաղաքական գործունէութիւնը եւ մանաւանդ` ինչո՞ւ լռած են այսքան ճակատագրական ու բախտորոշ պահու… Թէ՞ աղքատութիւնը քանդած է հայուն մէջ երեւակայելու ստեղծագործական բնազդը, գիտակցելու կարողութիւնը, եւ տիրական դարձած է այն, որ հաց բաժնողն է իր աստուածը:

Անճառելի պարտութիւնը, հազարաւորներու կորուստը, Արցախը կրկին նուաճելու յանձնառութիւնը, մեր սահմաններուն սպառնացող վտանգը եւ մտածումը, որ` սփիւռքը սահմանուած է վերջ գտնելու, մեր ներաշխարհը հոգեկան տագնապներու խռովքով կ՛ալեկոծէ  ու անդոհանքը` մեր մեծ երազի շոգիացումին, մեր գոյութեան նպատակը կը դատարկէ ամէն տեսիլքէ: Ինչպէ՞ս փրկել վերջին պատառիկ հայրենիքը,  միակ երաշխիքը  մեր գոյութեան:

***

Բայց… ամէն փոթորիկէ ետք խաղաղութիւնը կ՛իշխէ, եւ կը սպասենք իրերու յստակացման: Այս սպասումի ժամանակ է, որ լոյսի ու յոյսի բարակ շող մը տեղ մը մեր հոգիին մէջ դարձեալ կ՛առկայծի: Եւ յետադարձ ակնարկ մը` մեր դարաւոր պատմութեան ու հազարամեակներու մեր գոյութեան, մանուկի մը միամտութեամբ կը լեցուին մեր սրտերը` կրկին հաւատալու եւ կրկին ապրելու հայու պէս, հայօրէն եւ հաւատալու մեր լուսաշող ապագային:  Հաւատքն ու սէրը մեր հայրենիքին, մեր մշակոյթին, մեր պատմութեան ու մեր ժողովուրդին հանդէպ` մեր ուժն է ու առհաւատչեան: «Ես երգելով կ՛ուզեմ մեռնիլ» սորվեցուցին մեզի մեր դաստիարակները, մենք պարտաւոր ենք այս ամօթալի պարտութենէն եւս դուրս գալու եւ մաքրելու մեր մէջ արմատաւորուած որոմները, քանզի մեր ժողովուրդի հազարամեայ պատմութիւնը դաւաճաններն ու անփառունակ իշխանները չեն, որ կերտած են, այլ` համեստ ու ճնշուած, հոգ չէ թէ  երբեմն հացը օտար աստուածներու հետ փոխարինած խոնարհ ու աղքատ հայը, սակայն բացուած է արեւը անոր վրայ օր մը ու արեւուն հետ բացուած է նաեւ անոր հոգիին խորքը եռացող ստեղծագործական ոգին, որ քաղաքակրթութեան բերած է իր վաստակը:

Կը հաւատանք մեր ժողովուրդի իմաստութեանն ու ինքնագիտակցութեան գալու ներուժին, իր մէջ ուժ գտնելու, յառնելու ոգիին եւ վերածնունդ ապրելու կարողութեան:

Ու պիտի գայ կրկին նոր օրը, պիտի կերտենք մեր նոր արշալոյսը` անմարելի  հաւատքով, անպարտելի ու անընկճելի կամքով, որովհետեւ`

«Մենք  մեր ժողովուրդին ու մեր հայրենիքի ապագային չհաւատալու իրաւունք չունենք»(3):

  1. Վաչագան Մանուկեան` նահատակ ազատամարտիկ, պատերազմի գրառումներէն. Հրատարակութիւն` Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան. Արմաւ, Երեւան 2021: «Ազդակ», 3 սեպտեմբեր 2021:
  2. Վազգէն Շուշանեան:
  3. Սիլվա Կապուտիկեան: