Աւրորայի Աղօթքը

Հայաստան, Սփիւռք

Աշխարհի վրայ մոլեգնող պատերազմներու եւ ցեղասպանութիւններու լոյսին տակ՝ խիստ անհրաժեշտ կը դառնան խաղաղութեան եւ մարդասիրական գաղափարներու դրսեւորումները արուեստի միջոցով: Ուստի, մեծ յուզումով եւ պատասխանատւութեամբ հանրութեան դատին պիտի յանձնենք ԱՒՐՈՐԱՅԻ ԱՂՕԹՔԸ տեսահոլովակը, որուն շուրջ աշխատանքները՝ համավարակին եւ մեր Հայրենիքի ցնցումներուն պատճառով՝ տեւած են շուրջ 4 տարի:

Չափազանց յուզիչ, բայց շատ վեհ գաղափարով այս ստեղծագործութիւնը աղօթք է նուիրուած Տիրամօր` բոլոր պատերազմներուն որբացող անմեղ մանուկներու համար: Որբեր, որոնք բոլորէն շատ կը կրեն պատերազմներու եւ ցեղասպանութիւններու հետեւանքները… Ուստի, բոլորը` յատկապէս աշխարհի բոլոր մայրերը, պէտք է միանան Աւրորային` թէկուզ յանուն իրե՛նց զաւակներու խաղաղութեան. պատերազմը չարիք է, որ ամէն վայրկեան կրնայ թակել իւրաքանչիւրի դուռը…

Երգի հեղինակ` Յասմիկ Հախւերտեան

Գործիքաւորում` Karen & Sevak Production 

Տեսահոլովակի ռեժիսոր` Հրանդ Մովսիսեան

Հնչիւնային ռեժիսոր` Հմայեակ Ռոստոմեան

Երգը կը կատարէ պոլսահայ երգչուհի Sibil-ը

Համացանցի վրայ տեսահոլովակը պիտի ունենայ բովանդակային սեղմագրեր`անգլերէն, ռուսերէն, ֆրանսերէն, արաբերէն, թրքերէն լեզուներով:

Տեսահոլովակին հովանաւորներն են`

-Նշան եւ Մարկրիթ Ադինիզեան ընտանիք

– Կ.Պոլսոյ Հայ Օգնութեան Միութիւն

Համազգային (C.A.R.S) 

– Հայկական Բարեգործական  Ընդհանուր Միութիւն – Պրազիլ  (AGBU) 

– Համազգային Արեւմտեան Ամերիկա

Կ՝ակնկալենք Ձեր կարեւոր աջակցութիւնը` մեր գաղափարը լուսաբանելու եւ տեսահոլովակը տարածելու հարցով:

Յարգանքով’

Ստեղծագործական խումբ

Attachments areaPreview YouTube video Sibil | Aurora’s Prayer | Ավրորայի ԱղոթքըSibil | Aurora’s Prayer | Ավրորայի Աղոթքը