Այնճարահայութեան Ոգին Մի՛շտ Հզօր Պիտի Մնայ, Ինչպէս՝ Մուսա Լեռը. Մարինա Համամճեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Մուսա Լերան գիւղերէն Այնճար եկած ենք,
Անտանելի նեղութիւններ կրած ենք,
Ազգին համար թուրքերուն դէմ կռուած ենք,
Դաշնակցութեան դրօշին նուիրուած ենք․․․»։
Այնքան ջերմ եւ հոգեպարար կը հնչեն այս երգին բառերը, որոնք մեզի պահ մը մտածել կու տան, թէ ո՛վ է եւ կամ ի՛նչպիսին է Մուսա լեռցի-այնճարցին։ Յար եւ նման հարցումներու պատասխանները ստանալու համար հարցազրոյց մը ունեցանք Եսայի Հաւաթեանի հետ։ Ան իր կարգին նախ՝ շնորհակալութիւն յայտնեց «Հայրենիք» շաբաթաթերթին, որ հետաքրքրուած է Մուսա լեռ-Այնճարով, ապա յայտնեց․ «Միշտ չէ, որ զգալի է այս հետաքրքրութիւնը հայ մամուլին կողմէ»:
Կարեւո՞ր է Մուսա լեռ-Այնճարը Պուրճ համուտի կողքին սփիւռքահայութեան համար։ Այո՛, անպայման: Շա՜ տ կարեւոր է նաեւ՝ Հայաստանին ու Արցախին համար:
Նկատի ունենալով, որ այս շաբաթ Մուսա լերան հերոսամարտի շաբաթն է, պէտք է գիտնանք, որ մեր անցեալը, մեր գոյութիւնը եւ մեր ապագան հիմնուած է բուռ մը մուսալեռցի քաջերու խիզախ որոշումին վրայ՝ յուլիս 1915-ին։ Անոնք խմբուելով Մուսա լերան վրայ որոշեցին պարզել ազատութեան, արժանապատուութեան եւ հերոսական դիմադրութեան դրօշակը եւ պատճառ դարձան մուսալեռցիներու փրկութեան: Փա՜ռք այդ հերոսներուն, որոնք պատճառ դարձան, որ մեր ժողովուրդը փրկուի ստոյգ կոտորածէ:
Այսօր Մուսա լեռ-Այնճարը կը նկատուի մուսալեռցիներու մայրաքաղաքը, ուր միատեղ կ՝ապրին մեծաթիւ մուսալեռցիներ։ Այնճարի մէջ տակաւին կը պահուին Մուսա լերան աւանդութիւնները, պատմութիւնը, բարբառը եւ շատ ուրիշ բաներ, որոնք կենդանի կը պահեն Մուսա լերան ոգին:
Լիբանանը կը գտնուի շա՜տ դժուար պայմաններու մէջ: Այս պայմաններէն անմասն չէ նաեւ Մուսա լեռ-Այնճարի հայութիւնը: Յառաջացած տագնապները բազմազան են՝ դրամանիշի գնողական կարողութեան անկում (12 անգամ), վառելանիւթի, կազի, ելեկտրականութեան, դեղօրայքի օրէ օր դժուարացող պայմաններ եւ սարսափելի սղութիւն: Անհաւատալի է, թէ ժողովուրդը ինչպէ՞ս կը տոկայ այս իրավիճակին:
Բնականաբար այս դժուար պայմաններուն մէջ ժողովուրդը լքուած չէ իր ճակատագրին։ Կան եւ միշտ եղած են դուրսէն թէ ներսէն օգնողներ, որոնք որոշ չափով կը մեղմացնեն ժողովուրդին դժուարութիւնները: Այսօր սակայն պայմանները շատ աւելի դժուար եւ անկանխատեսելի են, որուն ի տես՝ շատ աւելի կարիքը կայ օժանդակութեան: Կազմուած է արդէն Մուսա լեռ-Այնճարի օժանդակութեան յանձնախումբը, որ գործի լծուած է շարունակելով անցեալ տարուան ՇՏԱՊ-ի աշխատանքը եւ իր կարելին կը փորձէ ընել՝ օժանդակութիւններ ապահովելու այնճարահայութեան:
Սեւ չէ սակայն ամէն բան։ Այնճարի ելեկտրական յանձնախումբը ցարդ կը յաջողի գիւղը մատակարարել հոսանքով, ըմպելի եւ ոռոգման ջուրի յանձնախումբերը գիւղն ու պարտէզները կ՝ապահովեն ջուրով, իսկ Հ.Յ.Դ. «Կարմիր լեռ» կոմիտէն սկսաւ նաեւ մեր ժողովուրդը ապահովել վառելանիւթով՝ մեղմելով վառելանիւթի տագնապը: Կ՝արժէ նաեւ յիշել, որ գիւղը այսօր ապահով է, որովհետեւ քաղաքապետութիւնը փակած է գիւղի կողմնակի մուտքերը եւ բաց կը մնան միայն երկու մուտքեր, որոնք քաղաքապետութեան ոստիկաններու հսկողութեան տակ կը գտնուին:
Հիմնական հարցը ժողովուրդի տնտեսական շատ դժուար իրավիճակն է, որ կարելի չէ բացատրել բառերով: Լիբանանահայութիւնը դժբախտաբար սարսափելի իրավիճակի մէջ է, չմոռնանք, որ նոյն իրավիճակին մէջ կը գտնուի նաեւ սուրիահայութիւնը:
Իրար յաջորդող տագնապներ հարուածեցին Լիբանանը: Տագնապները սկսան համատարած ցոյցերով եւ տնտեսութեան փլուզումով, ապա շարունակուեցան՝ Քորոնայով, նաւահանգիստի կործանիչ պայթումով եւ համատարած անապահովութեամբ:
Սղաճը օրէ օր հիւծեց ժողովուրդը, որուն խնայողութիւնը, անշուշտ եթէ ունի, մնաց դրամատան մէջ եւ դարձաւ անհասանելի: Այսօր պարզ աշխատաւորներու ամսական վճարումները մօտաւորապէս 50-100 տոլարի սահմաններու մէջ են: Այս գումարով կարելի չէ նոյնիսկ տարրական պիտոյքներ ապահովել: Այսօր ընտանիքները ՄԻԱՅՆ ԱՊՐՈՒՍՏԻ ՀՈԳԵՐՈՎ կ՝ապրին, օրը օրին աւելի դժուար պայմաններ դիմագրաւելով: Յետոն՝ բոլորովին անորոշ է, դժբախտաբար:
Մեզի համար հետաքրքրական էր գիտնալ Մուսա լեռ-Այնճարի մէջ բանող կրթական, միութենական թէ մշակութային համակարգերուն մասին։ Ուստի Եսայի Հաւաթեան լուսաբանեց, հաղորդելով՝ թէ կեանքը Մուսա լեռ-Այնճարի մէջ կը շարունակուի բնականաբար՝ ո՛չ բնականոն պայմաններով: Գիւղի զոյգ երկրորդական վարժարանները անցեալ տարեշրջանին գործեցին առցանց դրութեամբ շուրջ՝ 450 աշակերտներով: Հայ կաթողիկէ Աղաճանեան որբանոցը կը գործէ, թէեւ վարժարանը փակուած է աշակերտութեան թիւին նուազումին պատճառով: Յոյս կայ, որ այս վերամուտին վարժարանները կարենան իրենց դռները բանալ, եթէ Քորոնան դարձեալ արգելք չհանդիսանայ:
Միութենական եւ մշակութային կեանքը մէկ տարուան ակամայ դադարէ ետք Քորոնա համավարակին պատճառով, սկսած է վերադառնալ իր բնականոն ընթացքին: Այս շաբաթ արդէն նախատեսուած են քանի մը ձեռնարկներ՝ Մուսա լերան հերոսամարտի 106-րդ ամեակին առիթով՝ Հ.Յ.Դ. «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբի կազմակերպութեամբ: Պիտի կայանայ գեղարուեստական ցուցահանդէս ի յիշատակ վերջերս մահացած երեք մուսալեռցի նկարիչներու՝ հայր Յարութիւն վրդ. Պզտիկեանի, բժիշկ Յարութիւն Նիկոլեանի եւ Վրէժ Թասլաքեանի, պիտի իրականացուի ազգային-յեղափոխական երգերու երեկոյ, իսկ տօնական շաբթուան աւարտին՝ տեղի պիտի ունենայ Մուսա լեռ հերոսամարտի աւանդական ժողովրդային տօնախմբութիւնը, մատաղի պատրաստութիւնը, օրհնութիւնը եւ բաշխումը:
Այս շաբաթ Այնճարը պիտի ապրի տօնական մթնոլորտով եւ պիտի վերանորոգէ հերոսամարտի մարտիկներուն ազգային ուխտը: Բայց պէտք է փակագիծ մը բանալ ու բացատրել, որ այս առիթը Սուրբ Խաչի տօնը՝ Խաչվերացը, մուսալեռցիք կը տօնէին Սուրբ Թովմաս առաքեալի աւերակ վանքին մէջ, շատ հին ժամանակներէ ի վեր: Տօնը միշտ կ՝ըլլար Սեպտեմբերին:

Այնճարի հանրածանօթ զուռնահարներ՝ Յովհաննէս Քպրըսլեան (ձախին) եւ Պետրոս Անտոնեան

Մուսա լերան հերոսամարտի տօնը առաջին անգամ յիշատակուած է Փոր Սայիտի գաղթակայանին մէջ եւ այդ օրուընէ սկսեալ կը յիշատակուի, իբրեւ Լիրրօն Խէըր (Լերան բարիք)՝ հերոսամարտի տօն:
Այս Տօնը Այնճարի օր չէ: Սակայն, զուգադիպելով Խաչվերացի տօնին, միասին կը նշուին՝ հերոսամարտն ու Սուրբ Խաչի տօները: Մուսալեռցիները կ՝ըսեն Խիչէն, ակնարկելով Սուրբ Խաչի տօնին:
Մուսա լեռ-Այնճարի համար այս տօնը մեծագոյնն է տարուան ընթացքին եւ հազարաւոր հայորդիներ, նոյնիսկ ոմանք տարբեր երկիրներէ ժամանելով Այնճար կը մասնակցին այս ժողովրդային ուխտագնացութեան: Բնականաբար այս տարի աւելի սեղմ պիտի ըլլայ տօնակատարութիւնը պայմաններու բերումով, սակայն մատաղը պիտի պատրաստուի եւ թմբուկն ու զուռնան պիտի հնչեն՝ ժողովուրդը փոխադրելով դէպի հերոսական Մուսա լեռ:
Հարցուցինք այնճարահայ երիտասարդութեան իրավիճակին մասին եւ յատկապէս ուզեցինք գիտնալ, որ Մուսա լեռցի-այնճարցի երիտասարդութիւնը, որքանո՞վ կը պահպանէ իրեն ժառանգ մնացած բարբառը, բարքերը եւ սովորութիւնները։ Եսայի Հաւաթեան դիտել տուաւ, որ Մուսա լեռ-Այնճարի երիտասարդները կը գտնուին բաւական դժուարութեանց մէջ: Ոմանք գործ չգտնելով Լիբանանի մէջ, հարկադրաբար կը մեկնին աշխատանքի ուրիշ երկիրներ՝ Ափրիկէ, Արաբական ծոց, Եգիպտոս, Հայաստան եւ աւելի հեռուները: Մեծ թիւով խումբ մը կ՝աշխատի Պէյրութ եւ ներկայ է Այնճարի մէջ շաբաթավերջերուն:
Անշուշտ նաեւ կան բաւական թիւով երիտասարդներ, որոնք կ՝աշխատին Այնճարի մէջ կամ շրջակայքը եւ մնայուն ներկայութիւն են մեր կեանքին մէջ: Այս երիտասարդութիւնն է, որ կամաւոր կերպով իր կարելին կ՝ընէ ժողովուրդին ծառայելու: Յատկապէս այս երիտասարդութիւնն է, որ աւելի մօտ է Մուսա լերան աւանդութիւններուն եւ բարբառին, որովհետեւ առօրեայ դրութեամբ շփման մէջ է տարեցներուն հետ:
Դժբախտաբար սակայն բարբառը նահանջի մէջ է։ Հայերէնը տիրապետած է նոր սերունդին վրայ եւ լուսանցքի մէջ է մեր բարբառը: Ուրախանալի է, որ վերջերս նկատելի շարժում մը կայ երիտասարդներուն մօտ վերադառնալու մեր հարուստ բարբառին:
Հարցազրոյցը եզրափակեցինք կանաչապատման յոյժ կարեւոր ծրագրին տեղեկատուութեամբ, եւ իմացանք, որ այս ծրագիրը Մուսա լեռ-Այնճարի մէջ ընթացք առած է երկար տարիներ առաջ՝ սկսելով 1960-ական թուականներէն: Վերջին ծրագիրները, տարիներ առաջ, շատ աւելի մեծ տարողութեամբ սկսած են եւ նպատակ ունեցած են Այնճարի լեռները ամբողջութեամբ վերածելու անտառներու: Հետեւաբար՝ ցանուած են շուրջ 50 հազար ծառեր: Այսօր, դարձեալ այդ աշխատանքը կը շարունակուի եւ հազարաւոր ծառեր կը ցանուին Այնճարի լեռներուն եւ գլխաւոր ճամբաներուն վրայ: Բնականաբար այդ աշխատանքը կը տարուի քաղաքապետութեան միջոցով, օժանդակութեամբ եւ գործակցութեամբ՝ միջազգային ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու:
Բոլոր անոնք, որոնք կը տեսնեն հին անապատային Այնճարի նկարը եւ այսօրուան կանաչապատ Այնճարը՝ կ՝ապշին: Այո՛, այդպէս է: Հոն հայու ոգին հզօր է եւ անպարտելի, ինչպէս՝ Մուսա Լեռը:
ԱՄԸՆ ՏԱՐԱ ԱՍ ՈՒՐԻՐԷՆ ՍԱՂ ՈՒ ԲԱ՜ՐՈՒ ՄՆԱ՜ՑԸՔ։
Ամէն տարի այս օրերուն ողջ եւ բարիքի մէջ մնացէ՛ք: