Երբ Եռաբլուրի Մէջ Դեռ Փոսեր Կը Փորուին, Արգահատելի է Խօսիլ Գունագեղ Տօնակատարութեան Մասին. Լիլիթ Գալստեան

Հայաստան

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան օրերս կառավարութեան նիստի ժամանակ յայտարարած էր, որ Սեպտեմբեր 21-ը՝ Անկախութեան օրը, մեծածաւալ եւ գունագեղ հանդիսութիւններ պիտի կազմակերպուին, որուն շուրջ կը հնչեն իրարամերժ կարծիքներ: Factor.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին՝ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան նշած է, որ «Հայաստան» դաշինքը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ:

«Ըստ էութեան, նոյնիսկ գունագեղ եւ տօնակատարութիւն բառերը բացարձակապէս համապատասխան չեն անոր, ինչի մէջ կ՝ապրի Հայաստանը, նոյնիսկ առնչութիւն չունին:

Անշուշտ, ՀՀ անկախութեան 30-ամեակը պէտք է նշուի եւ արժեւորուի, որովհետեւ անկախ պետականութիւնը պետութեան կազմակերպուածութեան բարձրագոյն ձեւն է, մենք պէտք է արժեւորենք մեր թէ՛ ձեռքբերումները, թէ՛ կորուստները: Բայց այսօր, երբ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը սասանուած է եւ ազրպէյճանցին կը թրատէ Հայաստանի քարտէզը, երբ որ Եռաբլուրի մէջ դեռ փոսեր կը փորուին, երբ որ մեր վէրքը դեռ արնածոր է, այս անորոշութիւններու, ցաւի, ողբերգութեան միջավայրին մէջ գունագեղ տօնակատարութեան մասին խօսիլը ոչ համարժէք հոգեվիճակով մարդու արտայայտութիւն է:

Միւս կողմէն՝ պէտք է գնահել, արժեւորել, եւ գնահատական տալ անցեալին եւ ապագայի մասին խօսիլ, բայց ատոր համար պէտք է ստեղծուեր պետական յանձնաժողով եւ քննարկուէր ՀՀ անկախութեան 30-ամեակը գնահատելու ձեւաչափը: Վերջին 3 տարիներուն մենք համոզուեցանք, որ ՀՀ-ն կախուած է մէկ մարդու կամքէն, քաղաքական քիմքէն ու ճաշակէն…

Անվտանգութեան սպառնալիքներու, սեւացուած անցեալի, վտանգուած ներկայի եւ անորոշ ապագայի միջավայրի մէջ, որուն մէջ կ՝ապրինք, գունագեղ տօնակատարութեան մասին խօսիլը ուղղակի արգահատելի է եւ անարգանք է թէ՛ զոհերու յիշատակին ու անոնց ընտանիքներու, եւ թէ՛ հասարակութեան ողջամիտ շրջանակներու նկատմամբ»:

Մանրամասնութիւնները՝ տեսանիւթով.