Թմբիրէն Դուրս Գալու Հրամայականը. «Հայրենիք»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Թմբիրի մէջ ենք:
Այլ ձեւով կարելի չէ բացատրել ներկայ իրավիճակը՝ ընդհարապէս Կովկասեան բարձրաւանդակին մէջ, հայորդիին աչքով դիտուած:
Կը դժուարանանք թմբիրի փոխարէն գործածել մահաքուն բառը: Սակայն եթէ չկարենանք սթափիլ եւ առանց ակնթարթ մ’իսկ կորսնցնելու գործի լծուիլ, հետեւանքը պիտի ըլլայ մատնուիլ անյոյս վիճակի:
Միայն Կովկասեան բարձրաւանդակին մէջ չէ, որ ռազմաքաղաքական անցուդարձերը հերթական դրութեամբ նոր իրավիճակներ կը ստեղծեն, որովհետեւ Աֆղանիստանէն Արեւմուտքի դաշնակիցներուն հապճեպ հրաժեշտէն ետք, մեծ տարողութեամբ անակնկալներ կրնան պատահիլ նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ. օրինակի համար, եթէ Արեւմուտքը եւ յատկապէս Միացեալ Նահանգներ բոլորովին հեռանան Իրաքէն, ներկայէն աւելի՛ վատ վիճակի ստեղծման դուռ պիտի բանան:
Անմիջապէս նշենք, որ ընդհանրապէս դէմ ենք որեւէ մեծ կամ նուազ մեծ պետութեան մը կողմէ այլ երկրի-շրջանի  հարցերուն, գոյավիճակին միջամտութիւն կատարելու ընթացքին, սակայն երբ այդ խաղը դարձած է «բնական», ահա հոս է որ կը շեշտուի արդար ակնկալութիւն մը, այն՝ որ կարգ մը մեծ պետութիւններ կրնան արգելք հանդիսանալ համաթուրանականութեան նորագոյն դրօշակիր Էրտողանի ծրագիրներուն իրականացման, որպէսզի չկարենայ ազատ-անկախ գործել Իրաքի, Սուրիոյ եւ նոյնիսկ Լիբանանի մէջ, բայց մասնաւորաբար ընդդէմ Հայաստանի: Եւ դժուար չէ տեսնել, որ վերջերս, Անգարայի կողմնացոյցին կիզակէտն է համեմատաբար աւելի հիւսիսային շրջանը՝  Կովկասեան բարձրաւանդակը: Աւելո՞րդ է յիշեցնել, թէ Օսմանեան կայսրութիւնը ինչո՞ւ անհանդուրժելի էր դար մը առաջ…
Դժուար չէ նաեւ տեսնել, թէ Էրտողան ինչո՞ւ վերստին սկսած է արծարծել Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ու սահմաններու բացումի հարցերը: Ռազմաքաղաքական ծանօթ կացութեան դիմաց, Էրտողանի համար գործնական է լատինական հին առած մը՝ ci vis pacem parabellum, այսինքն՝ եթէ խաղաղութիւն կ՛ուզես՝ պատերազմէ՛: Սա պարզ կը դարձնէ, թէ գէթ կովկասեան բարձրաւանդակէն ներս ներկայութիւն ըլլալու համար, Էրտողան հետեւողականօրէն կը շարունակէ Թուրքիա-Ատրպէյճան ռազմափորձերը:
44-օրեայ պատերազմէն առաջ թէ անկէ ետք, ռազմափորձեր կատարուեցան տարբեր վայրերու մէջ եւ տարբեր զօրամասերու մասնակցութեամբ: Երկու երկիրներուն օդուժերը վերջին ամիսներուն փորձեր կատարեցին Քոնիայի մէջ, իսկ ծովուժերը՝ Կասպից ծովու մէջ. քանի մը օր առաջ ալ, ցամաքային ուժերը ռազմափորձ կատարեցին հայորդիին «քիթին տակ»՝ Լաչինի մէջ…: Պէտք չունինք յիշեցնելու, թէ վերջին աւելի քան 25 տարիներուն, այսինքն՝ մինչեւ տարի մը առաջ, այդ գօտին Հայաստանն ու Արցախը միացնող անցքն էր, իսկ հիմա ինկած է ազերիներու հսկողութեան տակ, ռուս խաղաղապահներու վստահուած դերակատարութեամբ: Արցախի ու Հայաստանի հայը գործնական դեր չունի հոն:
Եւ այս փորձերը տեղի ունեցան… Արցախի անկախութեան 30-ամեակի օրերուն:
Աւելի հարաւ, Վարանդայի (Ֆիզուլի) մէջ, գրեթէ նոյն օրերուն՝ Կիրակի, Սեպտեմբեր 5-ին, կատարուեցաւ առաջին փորձ-թռիչքը դէպի ազերիական նորակառոյց օդակայանը, որ շուտով պիտի գործէ հերթական թռիչքներով, անոր վերապահուած է նաեւ զինուորական դեր:
Այս բոլորը, կրկնենք, Արցախի անկախութեան 30-ամեակի օրերուն, աւելի ճիշդ է ըսել՝ այդ առիթով:
Անդին, այս 30-ամեակին բացայայտօրէն դիտումնաւոր կերպով լուսանցքային բնոյթ տրուեցաւ Երեւանի կողմէ:  Ո՛չ մէկ ղեկավար եւ ո՛չ մէկ բարձրաստիճան պաշտօնեայ ժամանած էր Ստեփանակերտ: 30-ամեակ մը՝ որմէ մինչեւ իսկ… Արցախի նախագահը բացակայ էր, բեմահարթակը յանձնելով Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեանին, արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանին եւ հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեանին:
Երեւանի մէջ, կէս-կիսկատար ակնարկութիւններ եղան միայն, սակայն շնորհաւորական խօսք չեղաւ (կրնան արդարանալ, որ 44-օրեայ պատերազմէն եւ հետեւանքներէն ետք, շնորհաւորելի շատ բան չեն ձգած…): Իսկ միջազգային բեմին ուղղութեամբ, սկսելով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարէն մինչեւ ամենահեռաւոր դեսպանատուները՝ ո՛չ մէկ ուշագրաւ յայտարարութիւն կամ յիշատակում:
Աղաղակող կերպով նեղացուցինք հարազատներ կորսնցուցած արցախցին ու հայաստանցին, հող կորսնցուցած հատրութցին ու շուշեցին, հող նուիրած քաշաթաղցին ու քարվաճառցին. Ինչպէ՞ս կրնան չընդվզիլ … «Պապիկն ու Տատիկ»-ը:
Վայրկեան մը հարց տանք. «Մենք ե՞նք մեր սարերը»…:
Թող Ստեփանակերտի Հայ Դատի գրասենեակի բացումը չնկատի միայն այրած սրտի մխիթարանք, այլ կոչ մը՝ ԹՄԲԻՐԷՆ ԴՈՒՐՍ ԳԱԼՈՒ: