«Գունեղ Տօնակատարութեան» Մասին Խօսիլը Անարգանք Է Զոհերու Յիշատակին

Հայաստան

ՀՀ կառավարութեան վերջին նիստին յայտարարուեցաւ Սեպտեմբեր 21-ին Հանրապետութեան հրապարակին վրայ կազմակերպուող «լայնածաւալ եւ գունագեղ տօնակատարութեան» մասին:

Անառարկելիօրէն, Սեպտեմբեր 21-ը մեր ազգային, պետական տօնացոյցի ամենաարժէքաւոր օրերէն է: Ուղիղ երեսուն տարի առաջ` 1991 թուականի Սեպտեմբեր 21-ին, Հայաստանի ժողովուրդը քուէարկեց անկախ պետութիւն ստեղծելու օգտին: Անցնող տարիները պետականաշինութեան, մեր յաղթանակներն ամրապնդելու ժամանակներ էին, եւ մեր հաւաքական ճիգը ուղղուած էր անցած ճանապարհը արժեւորելու, մեր բացթողումները խմբագրելու եւ համազգային կամքով արժանապատիւ ապագայ կառուցելու նպատակին: Աւաղ, վերջին երեք տարիները եւ, յատկապէս, 44-օրեայ պատերազմը ո՛չ միայն խաթարեցին մեր պետականութեան ընթացքը, այլեւ անդառնալի մարդկային, ազգային-պետական կորուստներու մատնեցին մեր հասարակութիւնը` երկիրը կանգնեցնելով անորոշ ապագայի առջեւ:

Այսօր, հազարաւոր զոհերու, խոցուած ինքնիշխանութեան, անվտանգային լրջագոյն մարտահրաւէրներու, գերիներու, համազգային չապաքինուած ցաւի մթնոլորտի մէջ «գունեղ տօնակատարութեան» մասին խօսիլը ճիշդ չէ: Անիկա անարգանք է մեր զոհերու յիշատակին եւ արդարացիօրէն յարուցած է հերոս տղաներու ծնողներու, ընտանիքի անդամներու եւ մեր հասարակութեան վրդովմունքը:

Մենք չենք հրաժարիր մեր անկախութիւնը արժեւորելու խորհուրդէն, բայց անոր լաւագոյն դրսեւորումը պիտի ըլլար մեր պետականութեան ամրագրումը, պետական եւ ազգային հաստատութիւններու նկատմամբ իշխանութեան նախաձեռնած հետեւողական կազմաքանդման եւ նսեմացման արշաւի դադրեցումը, երկրին մէջ համերաշխութեան մթնոլորտի ձեւաւորումն ու սպառնալիքներու իրական դիմագրաւումը:

Համոզուած ենք, որ անկախութեան 30-ամեակին առիթով պետական յանձնաժողով ձեւաւորելու պայմաններուն մէջ կարելի էր երկրին մէջ ստեղծուած բարոյահոգեբանական մթնոլորտին համարժէք համեստութեամբ արժեւորել տօնը:

«Հայաստան» դաշինքը, միաժամանակ, կը յայտարարէ, որ իր քաղաքական ողջ կարելիութիւնները պիտի ծառայեցնէ մեր պետականութեան ամրապնդման ու ազգային շահերու սպասարկման:

«ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ԴԱՇԻՆՔ

9 Սեպտեմբեր 2021