Մենք Արցախի Հարցը Կը Դնենք Բրիտանիոյ Կառավարութեան Առաջ, Բայց Այնտեղ Ազրպէյճանական Քարիւղի Բաժնետոմսեր Կան․ Ք․ Քոքս

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Մեր այցելութեան նպատակը մեր խոր մտահոգութիւնն է Արցախի եւ Հայաստանի մէջ կատարուածին առնչութեամբ, եւ մենք եկած ենք՝ մեր աչքերով տեսնելու, թէ ինչ կը կատարուի, որովհետեւ սեփական աչքերով տեսնելը շատ տարբեր է՝ ուրիշի հաղորդագրութիւնները կարդալէն։ Մեր այցին ընթացքին հասցուցած ենք հանդիպիլ շատ տեղահանուածներու, որոնք անցած են դժոխքով, բայց խիզախ են։ Մեր հանդիպումը կարեւոր էր՝ հասկնալու համար, թէ ինչո՞վ կրնանք օգնել Արցախին, եւ այս հարցով ՀՅԴ Հայ Դատի գրասենեակը առաւելագոյնս օգնեց մեզի։ Այս մասին, Yerkir.am-ի հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, յայտարարեց Մեծ Բրիտանիոյ Լորտերու պալատի անդամ, պարոնուհի Քերոլայն Քոքսը։

«Մենք պիտի հրապարակենք յօդուած, ուր ցոյց պիտի տանք Ազրպէյճանի վայրագութիւնները, մարդկութեան դէմ արարքները, ինչպէս նաեւ ռազմագերիներու հանդէպ անոնց վատ վերաբերմունքը հրադադարի պայմանագիր կնքելէ ետք։ Շատ բան կայ միջազգային հանրութեան ներկայացնելու։ Այսօր մենք քննարկեցինք՝ ինչպէ՞ս կապեր ստեղծել Հայաստանի եւ Արցախի բարեկամներու միջեւ։ Դժբախտաբար, Մեծ Բրիտանիոյ կառավարութիւնը անոնց մէջ չէ։ Մենք ջանք չենք խնայեր, որպէսզի այս հարցերը դնենք Մեծ Բրիտանիոյ կառավարութեան լուսարձակին տակ, բայց, դժբախտաբար, ոչ մէկ աձագանգ կը ստանանք, որովհետեւ այնտեղ ազրպէյճանական քարիւղի մեծ բաժնետոմսեր կան։ Ատոր համար այլ ելքեր կը փնտռենք՝ ուրիշ ազդեցիկ միաւորումներու եւ կազմակերպութիւններու միջոցով գրաւենք միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը։ Այս պահուն, դժբախտաբար, չենք կրնար Արցախ այցելել․ պատճառները յստակ են, բայց եթէ ամէն ինչ լաւ կազմակերպուի, մեծ սիրով պիտի այցելենք»,- նշեց պարոնուհին։

Մանրամասն՝ տեսանիւթով.