Թրքական Նոր Խա՞ղ՝ Հայաստանն ու Հայութիւնը Պահանջատիրութենէն Հրաժարեցնելու. Ժագ Յակոբեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Վերջերս, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ակնարկութիւն ըրաւ, որ ներկայիս շրջանին մէջ խաղաղութեան առումով Թուրքիոյ կողմէ դրական ազդակներ կան եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատրաստ է կարգաւորելու յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ, շուտով՝ Օգոստոս 29-ին, Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան անդրադարձաւ Փաշինեանի ակնարկութեան՝ նշելով, որ Թուրքիան եւս պատրաստ է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու «աստիճանական կարգաւորման», բայց… այդ «աստիճանական կարգաւորման» համար, Թուրքիոյ ղեկավարը նախապայման նկատեց «կառուցողական մօտեցում ցուցաբերելը»: Երկրորդ (այս մէկը շատ կարեւոր է թրքական կեցուածքը մեկնաբանելու առումով) կէտը, որ Էրտողան առաջ քշեց, այն է, որ եթէ նոյնիսկ տարակարծութիւններ կան երկու դրացի երկիրներու միջեւ, այդ երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները պէտք է զարգացնել «տարածքային ամբողջականութեան» եւ «գերիշխանութեան» սկզբունքները յարգելու հիման վրայ:

   Փորձենք մէկ-մէկ քակել հանգոյցները եւ տեսնել, թէ ի՞նչ ըսել կ՛ուզուի այս քանի մը տողերուն մէջ: Էրտողանի այս յայտարարութիւնը Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններէն ետք երեւի առաջին ուղղակի եւ յստակ պատգամն է՝ ուղղուած Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն, յարաբերութիւններու հաւանական կարգաւորման հեռանկարներուն մասին: Բայց ինչպէս նկատելի էր, 2009-ին, Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու պարագային, նոյնպէս ալ էրտողանեան վերջին յայտարարութեան պարագային, թրքական հռետորաբանութեան մէջ տիրական կը շարունակէ մնալ նախապայմանային տրամաբանութիւնը:

«Յարաբերութիւնը կը կարգաւորենք՝ պայմանով որ»…Միակ նախապայմանը սակայն, որ Ցիւրիխի մէջ կատարուած արձանագրութիւններուն մէջ կար, իսկ հիմա չկայ, Արցախի հարցն է, որ դժբախտաբար 44-օրեայ պատերազմի եւ Նոյեմբեր 9, 2020-ի եռակողմ յայտարարութեամբ, արդէն տարբեր իրավիճակ ստեղծած է:

   «Հանգոյցները քակելու» հոլովոյթին մէջ նախ եւ առաջ կը հանդիպինք «կառուցողական ըլլալու» գծով դասին, որ միշտ ալ թրքական ղեկավարութիւններուն կողմէ ուղղուած է Հայաստանի ղեկավարութիւններուն: «Կառուցողական ըլլալ»՝ օգտուելու համար շրջանին մէջ տնտեսական բարգաւաճման հեռանկարներէն: «Կառուցողական ըլլալ»՝ չմեկուսացուելու համար շրջանային տնտեսական եւ ուժանիւթային մեծ ծրագիրներէն, որոնց գործադրումը կամ ծրագրումը արդէն իսկ ընթացքի մէջ է: «Կառուցողական ըլլալ»՝ օգտուելու համար յառաջիկային երկիրներուն միջեւ հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման «բարիքներէն»: Բայց մեծ հարցումը հո՛ս է, որ ինքզինք կը պարտադրէ: Այս բոլորը ինչի՞ կը յանգեցնեն: Շատ յստակ է, կը յանգեցնեն այն բանին, որ Հայաստանը դառնայ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի տնտեսական շոգեկառքի ետեւի՝ երրորդական, չորրորդական կարեւորութեան կառքերէն մէկը, տնտեսապէս ենթակայ՝ այս երկու պետութիւններուն եւ մասնաւորաբար Թուրքիոյ:

   Հիմա գանք Էրտողանի յղած պատգամին կարեւորագոյն ուղերձին, որ կը վերաբերի մէկզմէկու «տարածքային ամբողջականութիւն»-ը եւ «գերիշխանութիւն»-ը յարգելուն: Մէկ խօսքով՝ «տարածքային ամբողջականութիւն» ըսելով Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը հասկնան Թուրքիա-Խորհրդային Միութիւն սահմանները ընդունիլ տալ, պարտադրել Հայաստանի իշխանութիւններուն: Սա ինչ կը նշանակէ: Սա կը նշանակէ նաեւ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ինքնաբերաբար պիտի ընդունի 1921-ին ստորագրուած եւ այն ժամանակ Խորհրդային Հայաստանի եւ քեմալական Թուրքիոյ սահմանները որոշած  Մոսկուայի եւ Կարսի պայմանագիրները:

Այս նպատակին հասնելու պարագային, քանի մը առումներով Թուրքիան հայկական պահանջատիրական պայքարին մեծ հարուած հասցուցած պիտի ըլլայ: Յայտնի է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր իշխանութիւններն ալ անխտիր, 30 տարիէ ի վեր պաշտօնապէս հողային պահանջի հարց չեն դրած Թուրքիոյ առջեւ, սակայն 2015 թուականին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Համահայկական հռչակագիրին մէջ, բոլոր համահայկական կառոյցներուն միաձայն որդեգրումով յատուկ կէտով անդրադարձ կար պահանջատիրական պայքարին, Սեւրի դաշնագիրի եւ Ուիլսընեան իրաւարար վճիռի անժամանցելիութեան: Այս կէտին շեշտադրումը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Համահայկական հռչակագիրին մէջ գրաւականներէն մէկն էր, որ ի վերջոյ այն ժամանակուան Հայաստանի իշխանութիւնները վերջնականապէս չեղեալ յայտարարեցին իրենց ստորագրութիւնը Ցիւրիխեան արձանագրութիւններէն, որովհետեւ Մոսկուայի եւ Կարսի պայմանագիրները ճանչնալու նախապայմանը, թէկուզ եւ քողարկուած կերպով, այդ արձանագրութիւններուն մէջ ալ կար:

Անգարան ի՞նչ կը փորձէ ընել: Կը փորձէ վերակենդանացնել Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները, որոնք այդ ժամանակ մեռած ծնած էին: Թերեւս կը թուի Էրտողանի ղեկավարութեան, որ վերջնական հարուած հասցուցած կ՛ըլլայ հայկական պահանջատիրութեան, հաստատած կ՛ըլլայ իր երազած «կայուն խաղաղութիւնը», որ նախապայմանն է, ըստ իրեն, շրջանային մակարդակով տնտեսութեան զարգացման եւ համագործակցութեան: Ի՞նչ խօսք, Անգարան շատ լաւ գիտէ առիթները իր օգտին ծառայեցնել, եւ ներկայիս նման պատեհ առիթ ինչպէ՞ս կարելի է փախցնել, երբ հայկական կողմը յանձնուողական համաձայնութիւններ կնքած է Ատրպէյճանի հետ:

Անշուշտ հոս տեղին է նշել, թէ դժբախտաբար նաեւ Հայաստանի իշխանութիւնները երկրին մէջ աքլոր կը կտրին, իսկ երբ խնդիրը վերաբերի թշնամիներուն՝ ոչխարներու կը վերածուին:

   Կարեւորը մենք՝ հայերս, հայ քաղաքական միտքը, հայ ազգային առողջ ուժերը, ի՞նչ կեցուածք պիտի որդեգրենք համաթուրանական հետզհետէ աւելի տարածուող եւ սպառնալից ախորժակներուն դէմ: Եթէ կողմնացոյցին ուղղութիւնը չկորսնցնենք, եթէ հաւատարիմ մնանք «Հայկական արեւելում»-ի գաղափարախօսութեան, թշնամիի բոլոր խաղերն ու խարդաւանքները չեն կրնար մազաչափ անգամ վնաս հասցնել մեր ազգային պահանջատիրական պայքարին: Ոգիով զինուինք եւ չենթարկուինք թշնամիի խայծերուն…