Պէտք է Կանխել Մշակութային Եղեռնը․ Վեհափառ Հայրապետը՝ «Միջազգային Կրօնական Ազատութիւն եւ Խաղաղութիւն» Խորագրով Համաժողովին (տեսանիւթ)

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ այսօր մեկնարկած է «Միջազգային կրօնական ազատութիւն եւ խաղաղութիւն» խորագրով համաժողովը։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Yerkir.am-էն։

Հայաստանի հոգեւոր կեդրոնը իր յարկին տակ համախմբած է աշխարհի տարբեր երկիրներէ ժամանած կրօնական առաջնորդներ, յառաջատար գիտնականներ ու փորձագէտներ, որոնք կը մասնակցին համաշխարհային հոգեւոր, մշակութային եւ պատմական ժառանգութեան պահպանութեան մասին քննարկումներուն։

Երկօրեայ համաժողովին ընթացքին կը քննարկոի հակամարտութեան գօտիներու մէջ դէպի պաշտամունքի վայրեր մուտքի հնարաւորութիւնը, կրօնական եւ ցեղական փոքրամասնութիւններու պաշտպանութիւնը, հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանումը եւ այլն։ Քննարկումներուն առանցքին Արցախի մշակութային ժառանգութիւնն է՝ 44-օրեայ պատերազմին պատճառով տուժած յուշարձաններու ճակատագիրը։

Վեհափառ հայրապետը իր խօսքին մէջ անդրադարձած է 2020-ի Արցախեան պատերազմին՝ մատնանշելով անոր աղէտալի հետեւանքները։

Վեհափառը խիստ անհրաժեշտ համարած է միջազգային հանրութեան եւ համապատասխան կառոյցներու ջանքերը՝ կանխելու մշակութային եղեռնը, պահպանելու կրօնական եւ մշակութային յուշարձանները։ 

Մանրամասնութիւնները՝ տեսանիւթով.