Ընկե՛ր Զաքար, Վարձքդ Կատար

Հայաստան, Սփիւռք

Սեպտեմբեր 8-ին, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէն հիւրընկալած է դաշնակցական ընկեր, Շուշիի «Վարանդա» երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար, Արցախի Արուեստի վաստակաւոր գործիչ Զաքար Քեշիշեանը: Հանդիպման ներկայ եղած են նաև Արցախի շրջաններու ՀՅԴ կոմիտէներու ներկայացուցիչները:

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Արթուր Մոսիյեան կարեւոր համարած է Զաքար Քեշիշեանի ներդրումը Արցախի մէջ երգարուեստի զարգացման, պատանիները ազգային ոգիով դաստիարակելու գործին մէջ: Ան շեշտած է, որ Շուշիի մէջ 30 տարի դասաւանդած դաշնակցական արուեստագէտը հանգամանքներու բերումով փոխած է գործունէութեան վայրը, բայց անոր ոգին ու առաքելութիւնը մնացած են նոյնը:

ՀՅԴ Արցախի ԿԿ-ի անունով Արթուր Մոսիյեան Զաքար Քեշինեանին յանձնած է խոհրդանշական նուէր՝ ՀՅԴ 130-ամեակին առիթով գործուած գորգ:

Իր խօսքին մէջ՝ Զաքար Քեշիշեան նշած է, որ դաշնակցական ընկերները միայն յետմահու կը պարգեւատրուին, սակայն այս պարգեւը ինքը կ՚ընդունի իբրեւ անսահման վստահութեան, սիրոյ եւ իր ուխտը վերանորոգող երեւոյթ: «Ես դաշնակցական եմ, իմ գործունէութիւնը այստեղ կուսակցական չէ, այլ՝ ազգային, բոլորանուէր: Սակայն այն ոգին, որ զիս կը մղէ այստեղ աշխատելու, դաշնակցականի իմ դաստիարակութիւնն է եւ անոր նկատմամբ իմ հաւատարմութիւնը: Դաշնակցութիւնը 29 տարի առաջ Շուշիի մէջ հիմնադրեց վարժարան, այն ժամանակ ես, ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան վարչութեան մաս կազմելով, վարժարանի հիմնադիր ընկերներէն մէկը դարձայ: Երբ վարժարանը պետականացուեցաւ, ես շարունակեցի իմ առաքելութիւնը, որ սկսած էի 29 տարի առաջ: Յառաջիկայ տարիներուն, որքան իմ կարիքը ըլլայ, եւ Աստուած ինծի կեանք տայ, անպայման կը վերադառնամ»,- իր խօսքին մէջ ըսած է Զ. Քեշիշեան՝ շնորհակալութիւն յայտնելով պարտաւորեցնող վերաբերմունքին համար եւ մաղթելով, որ այս դժուար պայմաններուն մէջ Դաշնակցութեան ուժն ու կորովը չպակասի:

«Ես կը հաւատամ, որ հայ ժողովուրդի փրկութիւնը իր դաշնակցական որդիներու միաբանութեան, ամրակուռ կառոյցի, կառոյցը աւելի հզօրացնելու, այդ ճանապարհով հայրենիքին ծառայելու եւ հայրենիքը փրկելու մէջ է»,- ընդգծած է արուեստագէտը: