Կը Պայքարինք Մեր Հողին Վրայ Մնալով ու Ապրելով, Այս է Մեր Պայքարին Ձեւը․ Անդրանիկ Չաւուշեան

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան Քաշաթաղի շրջանի Աղաւնօ գիւղը, որ գիւղապետի ու բնակիչներու շնորհիւ չանցաւ Ազրպէյճանի հսկողութեան տակ, պատերազմէն 10 ամիս անց կը փորձէ վերադառնալ բնականոն կեանքի։ 168.am-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին, այս մասին ըսած է ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, Արցախի Քաշաթաղի շրջանի Աղաւնօ համայնքի ղեկավար Անդրանիկ Չաւուշեան։

Ըստ անոր, այս ընթացքին շատ այցելուներ կ՝ունենայ գիւղը, բոլորը մտահոգ հայեր են, կը փորձեն մանկապարտէզ կառուցել։

«Ոչ բոլորը գիւղ վերադարձած են, բայց հիմա ով ինչով կրնայ կ՝օգնէ, որպէսզի գիւղին մէջ որեւէ բանի կարիք չըլլայ։ Աղաւնոն անվտանգ է, վատ լուրերը շուտ կը տարածուին, եթէ որեւէ վատ բան ըլլար, արագ տարածում կը գտնէր, ամէն ինչ կարգին է»,- նշած է Անդրանիկ Չաւուշեան։

Անդրադառնալով 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ եւ անկէ ետք Աղաւնոյէն դուրս չգալուն եւ զայն պահպանելուն, Անդրանիկ Չաւուշեան նկատած է.

««Գիւղ կանգնի, գերան կը կոտրի»․ այն տարածքը, ուր հայը կ՝ապրի, կը կարծեմ՝ նոյնիսկ ռուս խաղաղապահի համար լաւ է, հակառակ պարագային անոնց համար ալ խնդիր էր, քանի որ եթէ անմարդաբնակ տարածք ըլլար, ազերին ազատ պիտի շարժէր առաջ։ Բայց Աղաւնոյի մնալը չեմ ուզեր իմ անձի հետ կապել, անշուշտ, գիւղացիներն են զայն նաեւ պահողը։ Մենք չէինք պատկերացներ, որ պէտք է դուրս գանք, ինչ գնով ուզէր ըլլար, մենք պիտի պայքարէինք։ Թուրքը այնքան կ՝ապրի, մինչեւ մեր մէջ պայքարը մեռնի, մենք պայքարող ենք, չենք ուզեր, որ թուրքը ապրի։ Անոնք մարդասպաններ են, ամբողջ պատմութեան ընթացքին անոնք ասիկա ապացուցած եւ եւ ցոյց տուած։ Մենք կը պայքարինք՝ մեր հողին վրայ մնալով ու ապրելով, այս է մեր պայքարի ձեւը»։

Ան նաեւ փոխանցած է, որ Ազրպէյճանի գրաւման տակ անցած տարածքներէն մէկէն՝ Կովսականէն, Աղաւնօ տեղափոխուած են իր եղբայրն ու մայրը, այսինքն՝ մէկ ընտանիք։

Ըստ անոր, թշնամին Աղաւնոյի ուղղութեամբ կրակոցներ չէ արձակած, միայն պատերազմի աւարտի սկիզբը դիմած է սադրանքներու, որպէսզի իրենք լքեն Աղաւոն, սակայն չեն կրցած հասնիլ իրենց նպատակին։