41 Տարի Անց Հայաստանը Ողիմպիական Մետալ Նուաճեց Մարմնամարզութեան Մէջ

Այլեւայլ, Հայաստան

41 տարի անց Հայաստանը Ողիմպիական մետալ նուաճեց մարմնամարզութեան մէջ։ Ըստ Sport.news.am-ի՝ Արթուր Դաւթեան նուաճեց անկախ Հայաստանի պատմութեան առաջին մետալը Ողիմպիական խաղերու մարմնամարզութեան մրցաշարին: Հայաստանի առաջնակարգ մարմնամարզիկը պրոնզէ մետալակիր դարձաւ Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ ընթացող 32-րդ ամառնային Ողիմպիական խաղերու հենացատկի վարժութեան մէջ:

Եզրափակիչին՝ Եւրոպայի ախոյեան, Եւրոպական խաղերու յաղթող Արթուր Դաւթեան երկու ցատկերու հանրագումարով վաստակեցաւ 14.733 նիշ:

Ողիմպիական ախոյեան հռչակուեցակ քորէացի Շին Ճի Հուանը, որ վաստակեցաւ 14.783 նիշ: Նոյնքան միաւորով արծաթէ մետալակիր դարձաւ ռուս Տէնիս Ապլիազինը:

Նախորդ անգամ Հայաստանը մարմնամարզութեան մէջ ողիմպիական մետալ նուաճած էր 1980 թուականին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած 22-րդ ամառնային Ողիմպիական խաղերուն, ուր ԽՍՀՄ-ի հաւաքականի կազմին մէջ խմբային բազմամարտի ողիմպիական ախոյեանի տիտղոսը նուաճած էր Ալպերտ Ազարեանի որդին՝ Էդուարդ Ազարեանը: