Ազգային Մշակոյթը Անինքնութեան Դէմ Պաշտպանութեան Մնայուն Մարտահրաւէր Է (Յ. Պալեան)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Սփիւռքի մէջ լեզուն ամէն օր կը նահանջէ, կը մոռցուի, Հայաստանի մէջ լեզուն ենթակայ է օտարող ազդեցութիւններու եւ ներխուժող օտար բառերու: Այս մասին կը մտածէի, երբ համակարգիչիս գաղտնարաններէն քառորդ դար առաջ, 16 Սեպտեմբեր 1998-ին, գրուած ԱԶԳԱՅԻՆ ՄՇԱԿՈՅԹԸ ՉԵԶՈՔ ՉԷ խորագրով յօդուածիս հանդիպեցայ: Այսօր պէտք կը զգամ աւելցնելու, որ ան նաեւ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄՆԱՅՈՒՆ ՄԱՐՏՀՐԱՒԷՐ Է:

            Մարտահրաւէր՝ որուն չպատասխանող ազգը,- եւ հայը բացառութիւն չէ,- անխուսափելիօրէն ինքզինք կ’առաջնորդէ անհետացման, նոյնիսկ եթէ ծագումով հայ ինքնագոհ անհատներ շարունակեն ապրիլ, մնալով սպառողական եւ զբօսի քաղաքակրթութեան ցանցին մէջ, զոր ոմանք սահմանած են ըսելով՝ «լաւ ապրելու իրաւունք», որուն համար կարելի է ամէն կարգի զիջումներ ընել:

            Իրականութիւնը պէտք չէ թաքցնել: Հայ ազգային մշակոյթի տեւաբար աճող տեղատուութեամբ, սփիւռքի մէջ ամէն օր քիչ մը աւելի կը կաղապարուինք մեզ պարունակող շրջապատի արժէքներով, միտքով, ըմռնումներով: Անոնք կը ներածուին նաեւ Հայաստան՝ համարուելով յառաջդիմութիւն եւ արդիականութիւն:

            Համագումար. կը հեռանանք մենք մենք ըլլալէ: Միաժամանակ կը խորհինք, որ յաջորդական պատշաճեցումները եւ մակերեսային կապկումները վտանգ չեն մեր ինքնութեան: Պատշաճեցումներու հետեւանքները անմիջապէս չեն տեսնուիր, անոնք կը կրծեն արմատները, կը պատրաստեն վերջնական փլուզումը:

            Կրկնութիւն պիտի ըլլայ ըսել, որ անհատին եւ հաւաքականութեան, քաղաքացիին եւ ազգին համար, մշակոյթը ինքնութիւն է: Յաջորդական պատշաճեցումները մշակոյթը կը դարձնեն խառնուրդ, կը ստացուի խառնածին մշակոյթ, սեփական եւ ինքնուրոյն մշակոյթը ասիճանաբար կ’օտարուի, ինչ որ ընդունուած օտար բառով կը բնորոշուի որպէս aliénationԵւ հուսկ՝ ժողովուրդ մը կը դադրի ինք ի՛ր շարունակութիւնը ըլլալէ: Կ’ունենայ նոր ինքնութիւն, բախտաւոր պարագային կը խօսուի ծագման մասին:

            Տարբեր ժողովուրդներ, զանազան պատմական, ընկերային, քաղաքական եւ այլ պատճառներով ընդգրկուելով այսպէս կոչուած նոր եւ հիւրընկալ երկիրներու մէջ, կ’իյնան, ինչպէս սովորութիւն է ըսել, հալոցի մէջ, melting pot, ժամանակ մըն ալ կը տեւեն որպէս ազգագրական խմբաւորումներ, ethnic groups, որոնց մշակոյթը եւ  ինքնութիւնը հիւրընկալին կողմէ ցոյց տրուած հանդուրժողութիւնն է:

            Ապրող էակներէն մարդն է միայն որ մշակոյթ կը ստեղծէ: Մարդկային հաւաքականութիւնները անով կը զանազանուին: Մոլորակի միւս էակները մշակոյթ չեն ստեղծեր, կ’ապրին իրենց տեսակի բնազդներով, որոնք կը սահմանափակուին օրնիբուն սնունդի փնտռտուքով եւ իրենց տեսակի վերարտադրութեամբ: Մարդը եւս նոյն բնազդական վերաբերումը ունի, բայց իր ստեղծած մշակոյթով զանոնք կը հակակշռէ, կը գերանցէ, չի բանտարկուիր անմիջական պահանջի բաւարարումով, կը նախատեսէ, կը կազմակերպէ, բնութիւնը զինք բանտող զրահ չէ: Ի հարկէ, միշտ մնալով որպէս բնութիւն:

            Այս կացութիւնը խիտ ձեւով բանաձեւած է ԺԷ դարու ֆրանսացի իմաստասէր Պէլզ Փասքալ, ըսելով. «Մարդը ո՛չ կենդանի է ո՛չ հրեշտակ: Երբ ուզէ հրեշտակ ըլլալ, կը դառնայ կենդանի»: Բնութիւնը գերանցելու այս կարողութիւնը շնորհ մըն է, որ մարդկային միտքին ներկայացող մեծագոյն հարցականն է. ուրկէ՞, ինչպէ՞ս, ինչո՞ւ: Հարցում-ներ՝ որոնց ուզած են պատասխանել կրօնները, իմաստասէրները, գիտութիւնը, նիւթա-պաշտութիւնը, բնազանցութիւնը, աստուածաբանութիւնը:

            Ազգային մշակոյթները այս շրջագիծին մէջ զարգացած են, որոնելով ինքնուրոյն ուղիներ, բացատրութիւններ, ապրելու եւ համակեցութեան ձեւեր, իմաստաւորելու համար շրջապատը եւ իրենց ներկայութիւնը անոր մէջ: Այս ճիգը դրսեւորուած է զանազան ձեւերով: Այդ ձեւերը ծնունդ են տուած տարբեր մշակոյթներու, աշխարհայեցողութիւններու, եւ արժէքային համակարգերու:

            Այս լարումով, մարդը ուզած է եւ կ’ուզէ հակակշռել ներկան, տէր մնալ անցեալին, այսինքն՝ զայն շարունակել, եւ նախատեսել ու տէր ըլլալ նաեւ գալիքին: Արդարեւ, եթէ մշակոյթով մարդը չփորձէ հասկնալ եւ հակակշռել բնութիւնը, անմիջականէն անդին նայիլ, կը թաղուի անասնութեան մէջ, կամ կ’ընկճուի անբացատրելիներու առթած մղձաւանջով:

            Ամբողջական իմաստով մշակոյթը մարդն իսկ է: Մարդիկը, մարդկութիւնը, միշտ նոյն եւ միշտ տարբեր:

            Մշակոյթը տիրութիւնն է բնութեան եւ բնախօսութեան, իր ճարտարութեամբ, գիտութեամբ, արուեստներով, իմաստասիրութեամբ եւ կրօնական անդադրում որոնումով, որպէսզի տիեզերքի եւ ժամանակի անհունութիւններուն մէջ մարդը իր տեղը գտնէ, չկանգնի անհեթեթ արկած մը ըլլալու յուսահատութեան դիմաց:

            Եւ այս ամբողջ բարդութիւնները, հարցականները եւ անոնց պատասխանները կ’ամփոփուին, իմաստ, ժառանգութիւն եւ շարունակութիւն կ’ըլլան լեզուին մէջ, որ կ’ամփոփէ իւրաքանչիւր ժողովուրդի կենսափորձը, աշխարհի մէջ ըլլալու զայն հասկնալու տարբեր փորձերը:

            Այս տարբեր փորձերը յատուկ են իւրաքանչիւր հաւաքականութեան եւ ծնունդ տուած են տարբեր մշակոյթներու, հետեւաբար իւրաքանչիւր մշակոյթ իւրայատուկ է եւ ինքնութիւն:

            Սեփական մշակոյթէ անջատումով, հեռացումով, ակամայ կամ կամաւոր հրաժարումով, անհատը եւ հաւաքականութիւնը աշխարհ տեսնելու եւ ընկալելու համակարգ կը փոխեն, կը դադրին շարունակութիւն ըլլալէ, ինքնութիւն կը փոխեն: Ինչ որ կը նշանակէ, որ մշակոյթները իւրայատկութիւն են, քաղաքակրթական եւ լինելութեան անցագիր:

            Հայաստան եւ սփիւռքացած հայկական զանգուածները կանգնած են այս ընտրանքին առջեւ:

            Այսօ՛ր հարկ է հակազդել, կասեցնել ազգի ապամշակութացման ընթացլքը, որ մեր անպատասխանատուութեամբ կրնայ մեզ արագ կամ դանդաղ կշռոյթով տանիլ անհետացման, օտարման: Ի հարկէ, պէտք է կրկնել, անհատներ պիտի շարունակեն ապրիլ, արտադրել, բազմանալ, բայց այդ բոլորը պիտի պատահին հայ ազգ եւ հայ մշակոյթ կոչուած ինքնուրոյն աշխարհներէն դուրս, այլ տեղ, բնական դարձած այլացման մէջ:

            Այս ըմբռնումով է որ պէտք է շեշտել, որ մշակոյթը չեզոք չէ, փլասեպօ չէ, անոր մէջ է որ անհատը կը գտնէ իր ինքնութիւնը: Այս պատճառով ալ, այսօ՛ր, հայ անհատը եւ ազգը մշակոյթին տէր ըլլալով, հայ մշակոյթին մէջ ապրելով, գոյութենական ընտրանք կ’ընեն: Ժողովուրդ մը իր մշակոյթը պաշտպանելով, կը պայքարի զինք օտարման տանող ամէն կարգի սպառնալիքներու դէմ, այս նոյնքան  կենսական է որքան սեփական հայրենիքի պաշտպանութիւնը: Եւ անվարան պէտք է կրկնել զգուշացումը. չպաշտպանելով մշակոյթը, անոր ինքնուրոյնութիւնը, ժողովուրդ մը կ’ուծանայ, կ’այլասերի:

            Մեր պարագան պէտք է քննենք, ի հարկին ախտաճանաչւմ ընենք առանց հաճոյախօսութեան եւ ինքնարդարացումներու:

Հայաստանի տարածքը, ոչ միայն Հանապետութեան, մեր պատմութեան եւ մշակոյթի բաց գիրքն է: Այդ զոյգով մենք ենք ինչ որ եղած են մեր նախնիները եւ պէտք է ըլլանք մենք: Ե՞նք մեր նախնիներուն ժառանգին տէր: Ի հարկէ՝ հողին, բայց նաեւ մշակոյթին՝ անոր բոլոր արտայայտութիւններով:

            Քանիցս ըսած եմ, որ հայրենիքին տէր պիտի չըլլանք, չենք կրնար ըլլալ, Պեվըրլի հիլզ կամ Մոնաքօ նստած: Կրնանք յուշեր որոճալ: Ազգ պիտի չըլլանք եթէ մեր ազգային լեզուն ձեւազեղծուի, այլափոխուի, դատապարտուի համաշխարհայնացման թոհուբոհին մէջ այս կամ այն տիրական լեզուին շապիկը հագնելու: Նոյնիսկ եթէ քարտէսին վրայ «Հայաստան» անունով տարածք մը յիշուի, ան հայ ազգի հայրենիք պիտի չըլլայ, քանի որ օտարումով այդ ազգը պիտի չշարունակուի, պիտի գայ նորը:

            Այս հարցերուն կարելի չէ մասնակի եւ մօտաւոր լուծումներ գտնել սիրողական եւ գեղագիտական նախաձեռնութիւններով:

            Պարզ է. պէտք է պահել Հայաստանը, զայն պահելու համար պէտք է բնակեցնել անոր իւրաքանչիւր թիզ հողը: Բառէն պէտք չէ վախնալ. աքսորական սերունդները պէտք է բերել հայրենիք, որպէսզի ըլլան տէր եւ ծառայ, վերագտնեն հողին հետ իրենց ծիներուն հարազատութիւնը նախայրերու հողին վրայ:

            Եւ հայացնել նաեւ հայերէնը, որ հայերէն է, մեր լեզուն է, մեր ինքնուրոյնութեան երաշխաւորը: Հրաժարի՛լ թխածոյ եւ մուրացածոյ բառերէ, որոնք յառաջդիմութեան փաստ չեն, այլ՝ անփառունակ պարտութեան:

            Իմաստուններ պիտի ըսեն, որ այս բոլորը ըսել աւելի դիւրին է քան ընել:

            Բայց ի՞նչ բանի համար են ծրագրումը, կազմակերպութիւնը եւ յանձնառութիւնը: Եւ չխուսանաւել ծրագիր, որոշում եւ գործ պատշաճեցնելու համար մեր անհատական կացութիւններուն, նախասիրութիւններուն, փառասիրութիւններուն եւ շահերուն:

            Նոյնիսկ անկարելի թուացող մարտահրաւէրին պէտք է ընդառաջ երթալ, միշտ կրկնելով, ո՛չ թէ յաւելեալ իրաւունք ձեռք բերելու համար, այլ ծառայելու յաւելեալ պարտքի, այսինքն՝ ազգի գոյութենական բոլոր խնդիրներուն:

            Այս բոլորին մէջ, ազգային մշակոյթի բոլոր երեսներով պաշտպանութիւնը անինքնութեան դէմ մարտահրաւէր, որ կը պահանջէ յարատեւ պայքար:

            Այս պայքարին համար սպասել աւելի լաւ օրեր պարտութեան խոստվանութիւն է:

Ըլլա՛լ տէր լեզուին, հսկե՛լ անոր անաղարտութեան, գոյատեւելու նոյն մտահոգութեամբ, որ հայրենիքի պաշտպանութիւնն է: Անոնք միասնաբար ազգի հարազատութիւն են:

            Պէտք չէ գոհանալ նահանջի եւ պարտուողի կարկտաններով եւ որձեւէգութեամբ: