Արթուր Ալեքսանեանը Յաղթանակով Սկսաւ Տիտղոսի Պաշտպանութիւնը

Այլեւայլ, Հայաստան

Գործող ողիմպիական ախոյեան Արթուր Ալեքսանեանը (97 քկ) վստահ յաղթանակով սկսաւ տիտղոսի պաշտպանութիւնը Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ շարունակվող 32-րդ ամառնային Ողիմպիական խաղերու յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի մրցաշարին: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Sport.
news.am-էն։

Ռիօ-2016 Ողիմպիական խաղերու ախոյեան, աշխարհի եռակի ու Եւրոպայի հնգակի ախոյեան, Եւրոպական խաղերու յաղթող Արթուր Ալեքսանեանը 1/8 եզրափակիչին մրցեցաւ Ղըրղըզիստանի ներկայացուցիչ 25-ամեայ Ուզուր Ջուժուպբեկովի հետ եւ յաղթեց 4:1 հաշուով: