Ազրպէյճանը Դարձեալ Կրակած է Երասխի եւ Կութի Հայկական Դիրքերուն Ուղղութեամբ

Աշխարհ, Հայաստան

Ազրպէյճանական զինուած ուժերը Օգոստոս 2-ին, ժամը 11։20-12։00, խախտած են հրադադարը հայ-ազրպէյճանական սահմանի Երասխի, իսկ ժամը 14։30-էն՝ Կութ գիւղի հատուածին վրայ՝ տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ կրակելով հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ։ Այս մասին կը հաղորդեն ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութենէն:

ՀՀ ԶՈւ ստորաբաժանումներու հակազդող գործողութիւններէն ետք՝ հակառակորդին կրակը լռեցուած է։ Հայկական կողմէն տուժածներ չկան։