Հա­յաս­տա­նի Ա­րտա­քին Քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը Անգ­լուխ Մնա­ցած Է. «Ազատ Օր»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան ի­րա­կա­նու­թեան լու­րե­րէն կ­՚ի­մա­նանք այն, որ օ­րե­րէ ի վեր ար­դէն ծա­նօթ էր բո­լո­րին։

Երկ­րի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի պաշ­տօ­նա­կա­տար Ա­րա Այ­վա­զեա­նի շռնդա­լից հրա­ժա­րա­կա­նէն ետք, ո­րուն յա­ջոր­դե­ցին ­Գա­գիկ ­Ղա­լա­չեա­նի ու Ան­նա ­Նաղ­դա­լեա­նի հրա­ժա­րա­կան­նե­րը, այժմ յստակ կը դառ­նայ ժա­մա­նա­կէ մը ի վեր տա­րա­ծո­ւած լու­րը, թէ փոխ­նա­խա­րար­ներ Ար­տակ Ա­պի­տո­նեան, Ա­ւետ Ա­դոնց ու Ար­մէն ­Ղե­ւոն­դեան ի­րենց հրա­ժա­րա­կան­նե­րը յղած են վար­չա­պե­տի աշ­խա­տա­կազ­մին։

­Հա­մաշ­խար­հա­յին նո­րու­թիւն մը կը ներ­կա­յաց­նէ այս ե­րե­ւոյ­թը, երբ երկ­րի մը ա­մէ­նէն զգա­յուն գե­րա­տես­չու­թեան՝ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան գլխա­ւոր բո­լոր պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը հրա­ժա­րած ըլ­լան ու այս­պի­սով երկ­րի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ո­լոր­տը անգ­լուխ ու ան­տէր մնա­ցած ըլ­լայ։

Եւ մինչ տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ, յատ­կա­պէս հայ ատր­պէյ­ճա­նա­կան սահ­մա­նին վրայ կա­տա­րո­ւած զար­գա­ցում­նե­րը կը պա­հան­ջեն ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան կեն­սա­կան եւ աշ­խուժ ներ­կա­յու­թիւ­նը, երկ­րի պաշ­տօ­նա­կա­տար վար­չա­պե­տը կը շա­րու­նա­կէ ան­տե­սել Ա.Գ.Ն.-ի մէջ ստեղ­ծո­ւած տագ­նա­պը (ո­րու գլխա­ւոր պա­տաս­խա­տուն է), եւ «սո­վո­րա­կա­նին պէս» կը վա­զէ շրջա­նէ-շրջան, նա­խընտ­րա­կան պայ­քա­րի շի­կա­ցած մթնո­լոր­տին մէջ հա­մո­զե­լու հա­մար իր վե­րընտ­րու­թեան «անհ­րա­ժեշ­տու­թեան» մա­սին։

Հ­րա­ժա­րեալ նա­խա­րա­րի ծան­րակ­շիռ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը՝ «­Նա­խա­րա­րու­թիւ­նը չի կրնար հա­մա­ձայ­նու­թիւն տալ գա­ղա­փար­նե­րու, ո­րոնք մեր ազ­գա­յին եւ պե­տա­կան շա­հե­րուն դէմ ե­ղած են», ամ­բող­ջու­թեամբ ան­տե­սո­ւե­ցաւ վար­չա­պե­տի պաշ­տօ­նա­կա­տա­րին կող­մէ, ինչ­պէս որ ան­տե­սո­ւե­ցան նա­՛եւ նոյն մեղ­սակ­ցու­թեան մէջ մաս­նա­կից չըլ­լա­լու մի­տո­ւած տե­ղա­կալ­նե­րու հրա­ժա­րա­կան­նե­րը։

­Վար­չա­պե­տի պաշ­տօ­նա­կա­տա­րը ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան հան­դէպ կը վա­րո­ւի ան­հո­գու­թեամբ, մտա­ծե­լով, որ ե­թէ իր վար­չա­խում­բը վե­րընտ­րո­ւի 20 ­Յու­նի­սին, հան­գիստ ժա­մա­նակ կայ նոր կա­ռա­վա­րու­թեան մէջ լրաց­նել նաեւ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի պաշ­տօ­նը։

Այս ա­պա­ռողջ կա­ցու­թեան մէջ, ա­ւե­լի քան տա­սը օ­րէ ի վեր ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը գո­յու­թիւ­նը չու­նի, սա­կայն վար­չա­պե­տը յայտ­նի կայ­սե­րա­կան «ես եմ պե­տու­թիւ­նը» ըմբռ­նու­մով ինք­զինք կը ներ­կա­յաց­նէ միա­ժա­մա­նակ որ­պէս վար­չա­պետ եւ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար։ Իր մե­նա­ւոր այ­ցե­լու­թիւ­նը ­Փա­րիզ եւ Պ­րիւք­սէլ, ա­ռանց ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի ներ­կա­յու­թեան, հա­կա­ռակ ո­մանց մօտ՝ Ա­րեւ­մուտ­քին կող­մէ ­Հա­յաս­տա­նը գրկա­բաց ըն­դու­նե­լու «խան­դա­վա­ռու­թեան», ցոյց տո­ւաւ մեր երկ­րի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան որ­բու­թիւ­նը, երբ այդ այ­ցե­լու­թե­նէն ա­ռաջ նա­խա­րա­րու­թիւ­նը ար­դէն անգ­լուխ մնա­ցած էր։

Ա­ւե­լի քան ե­րեք տա­րիէ ի վեր, վար­չա­պե­տի պաշ­տօ­նա­կա­տա­րը մեր հայ­րե­նի­քի պե­տա­կան մե­քե­նան վտան­գա­ւոր փոր­ձար­կում­նե­րու են­թար­կեց։ ­Պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու ի­րե­րա­րա­յա­ջորդ փո­փո­խու­թիւն­նե­րով պե­տու­թեան բա­նա­լի դիր­քե­րուն վրայ, ինչ­պէս նաեւ բա­նա­կին մէջ, պե­տա­կան մե­քե­նան կազ­մա­լոյծ վի­ճակ մը ներ­կա­յա­ցուց, որ բա­ցի ար­տա­քին ու­ժե­րու դե­րա­կա­տա­րու­թե­նէն, ներ­քին ճա­կա­տին վրայ իր ծանր ազ­դե­ցու­թիւ­նը ու­նե­ցաւ ար­ցա­խեան 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մի ծա­նօթ զար­գա­ցում­նե­րուն։

­Հա­յաս­տան կը շա­րու­նա­կէ անգ­լուխ մնալ, երկ­րի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը կը թա­փա­ռի անս­տոյգ ուղ­ղու­թիւն­նե­րու վրայ։

20 ­Յու­նի­սին հայ ժո­ղո­վուր­դը պար­տի վերջ տալ պատ­րանք­նե­րուն։ Անհ­րա­ժեշտ է ու­նե­նալ հզօր կա­ռա­վա­րու­թիւն մը, որ­պէս­զի եր­կի­րը կա­րո­ղա­նայ հա­ւա­քել իր բե­կոր­նե­րը ու վե­րագտ­նէ իր կեն­սա­կան դե­րը տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ։

­Հայ ժո­ղո­վուր­դը կանգ­նած է հա­մազ­գա­յին զգօ­նու­թիւ­նը եւ հա­ւա­քա­կան սթա­փու­թիւ­նը ­Հա­յաս­տա­նի յա­ջորդ օ­րո­ւան ա­ռաջ­նոր­դող ու­ժը դարձ­նե­լու հրա­մա­յա­կան անհ­րա­ժեշ­տու­թեան առ­ջեւ։