Արամ Ա. Կաթողիկոս Մասնակցեցաւ Քրիստոնեայ Հոգեւոր Պետերու Հանդիպումին

Աշխարհ, Սփիւռք

Այս առաւօտ՝ Երեքշաբթի, 8 Յունիս 2021-ին, Պքէրքէի Մարոնիթ Պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցաւ քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու հանդիպումը, մասնակցութեամբ մարոնիթ, հայ առաքելական, յոյն ուղղափառ, յոյն կաթողիկէ, ասորի կաթողիկէ, հայ կաթողիկէ եւ գաղթէական եկեղեցիներու հոգեւոր պետերուն:

Հանդիպման նպատակն էր խորհրդակցիլ Յուլիս 1-ին Վատիկանի մէջ տեղի ունենալիք հոգեւոր պետերու հանդիպման շուրջ հասարակաց մօտեցումներ ճշդելու:

Յայտնենք, որ Վատիկանի մէջ տեղի ունենալիք հոգեւոր պետերու հանդիպումը Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Պապին հետ, նախաձեռնած է Վեհափառ Հայրապետը՝ շուրջ երկու ամիսներ առաջ Պապին յղած իր նամակով:

Պքէրքէի ժողովին, Նորին Սրբութիւնը իր պատկերացումը ներկայացուց եւ շարք մը կէտերու կարգին կարեւորութեամբ շեշտեց քաղաքական տարբերութիւններէ վեր մնալու եւ կառավարութիւն մը կազմելու հրամայականը, որպէսզի հանդիպումը կարենայ ժողովուրդի հետզհետէ աճող ընկերա-տնտեսական կարիքներուն գոհացում տալ: