«Մեզի Համար «Հարսանիք Լեռներում»-ը Դարձեալ Պիտի Գայ». Աղաւնոյի Մէջ Շահագործման Յանձնուեցաւ 12 Տուն

Հայաստան, Սփիւռք

Մայիս 9-ին, Արցախի Հանրապետութեան Աղաւնոյ համայնքին մէջ կայացած է 12 բնակելի տուներու յանձնման արարողութիւն: Տուները կառուցուած են մինչեւ պատերազմը, շատերուն մէջ դեռ որոշ աշխատանքներ կ՝ընթանան: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ապառաժ»-էն։

Աղաւնոյ համայնքի ղեկավար Անդրանիկ Չաւուշեանի խօսքով՝ բնակարաններու բաշխումը կատարուած է մշտապէս ապրող բնակիչներուն միջեւ: «Այնուհետեւ, մինչեւ Մայիս 28 ժամանակ տուած ենք, որ գիւղէն հեռացածները վերադառնան: Եթէ չի վերադառնան, երկրորդ փուլով պիտի բաշխենք նաեւ այն տուները, ուր մարդ չ՝ապրիր: Եթէ չեն մնար, տունը՝ ապրողին, հողը՝ մշակողին»,- ըսած է Ա. Չաւուշեան:


Ըստ համայնքի ղեկավարին՝ այս թիւը մշտապէս կը փոխուի, բնակիչները կու գան-կ՝երթան:

Անոր խօսքով՝ ԱՄՆ Արեւելեան շրջանի Հայ Մշակութային Ընկերակցութեան «Արցախ ֆոնդ»-ի յանձնախումբին միջոցներով աւարտած է դպրոցի մէկ մասին վերանորոգումը, այժմ կ՝ընթանան բժշկական կէտի կեդրոնի կառուցման աշխատանքները, այնուհետեւ խաղահրապարակ պիտի կառուցուի: Համայնքի ղեկավարը նաեւ կարեւոր կը համարէ բնակիչներու զբաղուածութեան հարցին լուծումը, որուն համար կ՝ակնակալէ բոլոր հայերուն աջակցութիւնը:

Քանի մը ամիս առաջ բնակիչները տարակուսանքի մէջ էին՝ գիւղը հայկական պիտի մնա՞յ, թէ՝ ոչ: «Հայկական մնալը կապուած է այստեղ ապրող հայերուն հետ: Եթէ մնանք, ոչ մէկ ուժ կրնայ մեզի այստեղէն հանել: Մենք ձեռքերնիս ծալած չենք նստիր, պաշտպանելու եւ պաշտպանուելու իրաւունք ունինք: Մեր տղոց արեամբ գծուած սահմնները մենք պէտք է որոշենք»,- ըսած է դաշնակցական գիւղապետը:

Մայիս 9-ին՝ Եռատօնին, կայացած տուներու բաշխման արարողութիւնն ալ իր խորհուրդը ունի. «Մեզի համար «Հարսանիք լեռներում»-ը դարձեալ պիտի գայ: Մենք այդ ուղղութեամբ կ՝աշխատինք: Մենք պիտի մնանք այս հողին վրայ եւ պիտի նշենք այդ օրը: Ի հարկէ, ոչինչ առաջուան պէս չէ, վիրաւոր ենք, բայց հաստատ պիտի նշենք յաղթանակներու օրը: Հայը իրաւունք չունի գաղթական վիճակի մէջ ապրելու»: