Ազրպէյճանը Միջազգային Ճնշման Ներքոյ Կը Փորձէ Արդարացնել Մարդասիրական Պարտաւորութիւնները Չկատարելը. ՀՀ ԱԳՆ

Աշխարհ, Հայաստան

ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի խօսնակ Աննա Նաղդալեան պատասխանած է շարք մը լրատուականներու հարցերուն.

Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք գերիներու խնդրին վերաբերեալ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու Մայիս 5-ի յայտարարութիւնը եւ միջազգային գործընկերներու արձագանգները: Որոշ յայտարարութիւններու մէջ կը հնչէ բոլոր կողմերէն գերիներու ազատ արձակման կոչ: Կա՞ն արդեօք Հայաստանի մէջ ազրպէյճանցի ռազմագերիներ կամ այլ ձերբակալուածներ:

Հայաստանը ամբողջութեամբ կատարած է 2020թ. Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեամբ 8-րդ կէտով ստանձնած իր պարտաւորութիւնները եւ վերադարձուցած ազրպէյճանցի բոլոր ռազմագերիները, ներառեալ՝  2014թ. անչափահասի սպանութեան համար դատապարտուած երկու անձերը:

Ազրպէյճանի վրայ տարբեր երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու օրէ օր աճող ճնշումը ցոյց կու տայ, որ կը ձեւաւորուի միջազգային հանրութեան համախմբում հայ ռազմագերիներու եւ պատանդի կարգավիճակի մէջ գտնուող քաղաքացիական անձերու շուտափոյթ հայրենադարձման վերաբերեալ՝ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի պահանջներուն համաձայն:

Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք նաեւ Ազրպէյճանի կողմէ հնչեցուող մեղադրանքները՝ արցախեան առաջին պատերազմի ժամանակ անյայտ կորած անձերու եւ ականապատման մասին տեղեկատւութիւն չտրամադրելու վերաբերեալ:

Գերիներու ազատ արձակման հարցով օրէ օր հզօրացող միջազգային ճնշման լոյսին տակ՝ Ազրպէյճան կը փորձէ առաջ քաշել կեղծ օրակարգեր՝ արդարացում փնտռելով իր իսկ կողմէ ստանձնած մարդասիրական պարտաւորութիւններուն չկատարման համար:

Հայաստանը մշտապէս պատրաստակամ է համագործակցելու միջազգային գործընկերներու հետ՝ մարդասիրական բնոյթի խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ: