Մտածելով՝ Հայաստանի մէջ կայանալիք ընտրութեան լուսանցքին վրայ.- Հայաստան Կը Պատրաստուի Ընտրութեան Եւ Ինչպէ՞ս Կարելի Է Ճիշդ Ընտրութիւն Կատարել (Յ. Պալեան)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Հայաստան կը պատրաստուի նոր Ազգային Ժողով ընտրելու: Այդ ընտրութիւնը Հայաստանի ներկայ կացութեան մէջ, անկախ անկէ որ ան կրնայ տեղի ալ չունենալ, պէտք է խօսիլ երկրի մթնոլորտի մասին: Քանի՞ կուսակցութիւններ եւ քանի՞ դաշինքներ իրենց ուրոյն ցանկերով պիտի ներակայանան քուէարկողի վճիռին, դեռ յայտնի չէ: Անոնք որքան բազմաթիւ ըլլան, այնքան կը դժուարանայ քաղաքացիին ընտրութիւնը:

            Հայաստանի քաղաքացի զանգուածը,- թող թոյլ տրուի ըսել նաեւ սփիւռքի այլազան զանգուածները,- գերանցելով քարացած մտայնութիւնները եւ բազմերանգ կողմնապաշտութիւնները,- ճշմարիտ պատկերացումը ունի՞ն 44-օրեայ պատերազմին, պարտութեան, ազգի գոյապահպանութեան տեսակէտէ՝ անոնց հետեւանքներուն, պարտադրուած կամ որպէս ռէալ փոլիթիք ընդունուած եւ դեռ ջատագովուած զիջումներուն: Ճիշդ պատկերացում չկայ, ինչպէ՞ս մարդիկ պիտի կողմնորոշուին:

            Ուշադիր հետեւողը, եթէ բանտարկեալը չէ երազային եւ երազ դարձած աւանդութիւններու, պիտի հաստատէ, որ աւանդապաշտ ենք, ժամանակին հետ քայլ չենք պահեր: Կարծէք չէ եղած խորհրդային ժամանակը, կամ կարելի է զէնքը առնել սար բարձրանալ, դառնալ հերոս: Հաւաքական եւ հեռանկարային ժամանակակից ըմբռնումով կազմակերպութիւնը, անոր համար անհրաժեշտ նիւթական եւ մարդկային ներդրումները բացակայած են: Անվարան եւ յաճախ պէտք է կրկնել՝ ներսը եւ դուրսը:

            Պէտք է գիտակցիլ, պէտք էր գիտակցիլ, որ բնաշրջումները եթէ անցեալին դարով տեղի կ’ունենային, հիմա անոնք, գիտական եւ ճարտարագիտական, հետեւաբար՝ ռազմական, տեղի կ’ունենան տասնամեակով: Մեր դիմագրաւած դժուարութիւնները կը պահանջեն ժամանակակից ըմբռնումներով լուծումներ, զորս չեն կրնար բերել դասական հեղինակութիւնները, այլ յառաջադէմ երկիրներու դպրոցի անձեր:

Այս ըմբռնումով պէտք է հարց տալ՝ թէ աղէտ-պատերազմէն կարելի՞ էր խուսափիլ:

                     Իշխանութիւն, ընդդիմութիւն, քաղաքական վերլուծաբաններ, դեռ չեն պատասխանած այս հարցումին: Այս մասին պէտք է խօսիլ առանց նախկինը եւ նորը քննադատելու կիրքի, կատարելով միջազգային դիւանագիտութեան առնչուող եւ ռազմաքաղաքական գնահատումներ: Այս ընելու համար նկատի պէտք է ունենալ թրքական ծաւալապաշտական հին եւ վերանորոգ միտումները, մեր մօտ եւ հեռու շրջապատի վտանգուած չըլլալու, եւ անմիջական եւ անհեռատես շահախնդրութիւնները

Եկուոր թուրք-ազերիներու հայ ժողովուրդին հետ թշնամութեան պատճառը ո՛չ Ռուսը, ո՛չ Արեւմուտքը, ո՛չ Ամերիկան, ո՛չ Մ.Ա.Կ.-ը եւ անոր ապահովութեան խորհուրդը չեն քններ, չեն եզրակացներ, չեն դիրքորոշուիր: Միամիտ պէտք չէ ըլլալ: Անոնք բոլորն ալ գիտեն իսկական պատճառը, բայց հնարուած տարազներով եւ կաղապարներով կը մտածեն: Հայ ժողովուրդի բնաջնջումով թուրքը հողային տարածք գրաւելու, հոն հաստատուելու եւ զայն իւրացնելու նպատակ ունէր: Նոյն նպատակը անշեղ կերպով կը հետապնդէ: Նոյն գիծին վրայ կը գտնուի Ատրպէյճանը:

            Անբնական չէ, որ անոնք շարունակեն իրենց ընթացքը, Արեւմտահայաստանը ցեղասպանութեամբ դատարկելէ ետք, Նախիջեւանը իւրացնելէ եւ հայկական հետքերը անպատիժ ջնջելէ ետք, աշխարհի այդ շրջանին մէջ որպէս ներխուժող հաստատուելէ ետք, անոնք կրնան իրենց աչքերը յառել Սեւանի, Զանգեզուրի, Երեւանի վրայ: Այս միտումի չեն թաքցներ անգամ: Այս բոլոր հաստատումները հարկ է գումարել Հայաստանի ներկայի կացութեան վրայ: Ժողովուրդի ընտրութեան ներկայացողները այս հարցերու մասին պէտք է խօսին, դիրքորոշուին:

Հայաստանի Ազգային Ժողովի ընտրութիւնը գաղութային, թաղային կամ նահանգային հարց չէ, զայն պէտք է դիտել որպէս համահայկական: Բայց մեր ժողովուրդը հոգեպէս եւ իմացապէս պատրաստ չէ, չէ հասած համահայկականի եւ ազգայինի քաղաքական հասունութեան, որ տրամագծօրէն հակառակն է մասնակիի, տեղականի, հատուածականի, դասակարգայինի եւ էսթէպլիշմընթայինի: Կը հասնի՞նք օր մը, եսերը յաղթահարելով, ամերիկեան գործնապաշտ իմաստութեան. the right man in the right placeՄիշտ՝ ներսը եւ դուրսը:

            Ազգային Ժողով պիտի ընտրուի: Իւրաքանչիւր թեկնածու բնականօրէն ինքզինք կը տեսնէ գլխաւոր առաջնորդի դերին մէջ, եթէ «տիրոջ ձայնը» կրկնող չէ: Այս պէտք է գիտնայ ընտրող քաղաքացին եւ ինքնիրեն հարց տայ, թէ իր ընտրած անձը ունի՞ առաջնորդի մը համար հիմնական քանի մը առաքինութիւններ. ձեռնհասութիւն, գիտէ՞ ինքնավար ըլլալ, ատա՞կ է շրջապատին հետ հաղորդակցելու եւ յարաբերելու, գիտէ՞ անմիջականէն անդին նայող տեսիլք ունենալ, ըլլալ համեստ, նպաստել կարողութիւններու յայտնաբերման, գիտէ՞ վստահիլ եւ վստահութեան մթնոլորտ ստեղծել եւ ըլլալ երախտագէտ, արդար եւ լուծումները դիւրացնող:

2018-ի «թաւշեայ յեղափոխութիւն» անուան տակ եղած իշխանափոխութիւնը հրահրուած կիրքի մթնոլորտի մէջ, որպէս կարգախօս ունենալով «նախկիններու» մերժումը, ղեկավարութեան բերաւ խումբ մը նոր դէմքեր, ինչպէս իրենք ալ կ’ըսեն՝ «թիմակիցներ», որոնց կարողութիւնները երբեք փորձաքարի չէին զարնուած: Կամայ ակամայ, գիտութեամբ եւ անգիտութեամբ, գտնուեցան քննադատուած «նախկիններու» գործը շարունակողի դերին մէջ, կարծեցին վերցնել ինչ որ եղած էր, բայց չյաջողեցան հիմնական բարեկարգումները ընել, հակառակ դատերու եւ նշանակումներու: Այս խարխափումէն ամենէն աւելի տուժողը եղաւ բանակը եւ ազգային անվտանգութիւնը, որ չպատրաստուեցաւ վտանգներ դիմակայելու:

Հայաստանի մէջ կայանալիք Ազգային Ժողովի ընտրութիւնը եւ իշխանութեան վերանորոգումը, կամ ինքնակրկնումը, կրնա՞ն վերականգնումի նոր հորիզոն բանալ:

            Այս բարդացած կացութեան մէջ ընտրող զանգուածը պէտք է գիտակցի, գիտնայ, թէ ինչո՞ւ եւ որո՞ւ կը քուէարկէ: Եթէ ան հետեւի ծաւալած կիրքի մթնոլորտին, ընտրութիւն կատարէ այս կամ այն կողմին թեր կամ դէմ ըլլալու համար, վստահ կրնանք ըլլալ, որ աղէտ-պարտութեան հետեւանքները չեն դարմանուիր, կրնան աւելի բարդանալ:

            Իսկ հարիւրեակ մը կուսակցութիւնները, հարիւրեակ մը խօսքի հեղեղով, անկասկած շուարումի պիտի մատնեն ընտրող զանգուածը:

            Եւ կրկին պէտք է խօսիլ ազգային հարազատ մտաւորականութեան դերի մասին, որ պէտք է լուսաբանէ եւ ճամբացոյց ըլլայ, գերանցելով կողմնապաշտութիւնները: Ժողովրդական ողջախոհութեան արթնացման պէտք է նպաստէ մտաւորականութիւնը, ըսէ՝ թէ ո՞ւր կ’երթանք, ինչո՞ւ կ’երթանք եւ ինչպէ՞ս պիտի երթանք:

            Վերականգնումի համար նախ պէտք ստեղծել պայմանները հոգեբարոյական եւ քաղաքական ճշմարիտ ողջախոհութեան, ազգին եւ հայրենիքին անսակարկ ծառայելու յանձնառութեան, կարողութիւններու եւ կարողականութիւններու գնահատման վրայ հիմնուած հակաեսական ընտրանքներով:

            Եւ միշտ զարգացնելով զիրար լսելու, զիրար թշնամի չհամարելու ազնիւ եւ ազնուական վերաբերումը:

             Ի հարկէ, մի՛շտ ՝ ներսը եւ դուրսը:

            Երբեմն կը մտածեմ, որ այնքան գեղեցիկ եւ սկզբունքով ճիշդ «Ձայն բազմաց ձայն Աստուծոյ» հիմնարար գաղափարը իր մէջ չի կրե՞ր նաեւ հակասութիւններ, նոյն այդ «բազմաց»-ը տանելով խոտորումներու, երբ կ’ըլլայ ամբոխ, կը շահագործուի ամբոխահաճութեամբ:

            Մտաւորականութիւնը իր լուսաբանողի-լուսաւորողի դերին տէր պէտք է կանգնի, ֆաքիրի ինքնագոհութեամբ չմնայ փղոսկրեայ աշտարակի մէջ:

            Բայց կարծէք մտաւորականութիւնը լռած է կամ լռեցուած: