Սեփական Ժողովուրդի Պատմութիւնը Ներկայի Եւ Գալիքի Հակա-այլասերման Ճամբացոյց Է (Յ. Պալեան)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ո՞վ գիտէ, գուցէ ապագան՝ այսօր ողբացուող դէպքերը արձանագրէ եւ տօնէ իբր մեր ազատագրութեան տարեշրջաններ: Ո՞ր մի ժամանակ ստրուկ եւ այսօր ազատ ազգը չէ մոռացել իր կրած զարհուրելի կորուստները: Ո՞րը դրանցից այսօր կը փոխէր իր ազատութիւնը նախկին վիճակին եւ անցեալ կեանքի այնպիսի մի ընթացքի հետ, ուր ոչ մի տեսակի զոհ եւ աւերումներ տեղի չլինէին ունեցած: «Չկայ մարդկութեան համար աւելի գեղեցիկ յոյս, քան մի ճնշւած ազգի յարութիւն առնելը», ստիպուած է եղել խոստովանել նոյնիսկ այնպիսի մի հրէշ, ինչպիսին էր Դիզրայէլին:

Քրիստափոր Միքայէլեան«ԴՐՕՇԱԿ», Ապրիլ 1900, Թիւ 3 (104)

            Կրկին Ապրիլ 24ֆէթիշ թուական: Հակառակ ներկայի մեր պարտութեան հետեւանք ընկճուածութեան, երբ արդէն բազմիցս ծուատուած հայրենիքը կրկին կը ծուատուի, երեք սերունդ ետք ալ ցեղասպանութեան եւ հայրենահանման հոգեխոցը (trauma) կը շարունակուի:

            Տասնըհինգ միլիոն հայեր կը յիշեն, կը տառապին: Գիտեն, որ բռնագրաւուած Հայաստանի մէջ ունին (ունեցած են) տուն, արտեր, նախահայրերու շիրիմներ, անոնց աշխատանքով եւ արիւնով կնքուած ժառանգութիւն, սրբավայրեր, աշխարհ:

            Միայն յիշողութեան կորուստէ տառապող հիւանդները կրնան մոռնալ. amnésique-ներ, alzheimer-ներ:

            Իրաւազրկուած եւ սփիւռքացած միլիոններ, փոքրացած Հայաստանը պահող ժողովուրդ, հակառակ համաշխարհայնացման եւ սպառողական քաղաքակրթութեան տարբերութիւնները ջնջող միօրինականացում: Այս է հայուն առօրեան: Բայց՝

            ՀԱՅԸ ԿԸ ՅԻՇԷ ԵՒ ԿԸ ՄԵՐԺԷ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՇԱՀ-ՎՆԱՍԻ ՏՈՄԱՐԻՆ ՄԷՋ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵԼ ԻՐԵՆ ԴԷՄ ԳՈՐԾՈՒԱԾ ՈՃԻՐԸ: ԿԸ ՄՆԱՅ ՊԱՀԱՆՋԱՏԷՐ:

            Գաղտնիլ չկայ. ՄԱԿի ընդունած որոշումով ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՈՃԻՐ Է, ԱՆԺԱՄԱՆՑԵԼԻ, ՀԵՏԵՒԱԲԱՐ՝ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵԼԻ:

            Այս սկզբունք է: Ապա կը սկսին քաղաքական ճապկումները. եղածը ցեղասպանութի՞ւն է, թէ՞ ոչ: Եւ սովորութիւն է, ճշմարտութիւնը հարկատու է միջ-պետական շահերու եւ զինակցութիւններու, զորս կը կոչեն ռէալ փոլիթիք:

            Ցեղասպանութեան ճանաչումը բնականօրէն պէտք է առաջնորդէր ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՄԱՆ: Այդ ձեւով միայն իմաստ կ’ունենան ՄԱԿի որոշումը եւ հայկական ցեղասպանութեան ճանաչումները:

            Սկզբունքը մէկ բան է, զայն յարգել եւ գործադրել՝ այլ բան: Ցեղասպանութիւնը ճանչնալ փուճ խօսք է, եթէ անոր չհետեւի իրաւունքը:   Պատերազմական եւ մարդկութեան դէմ ոճիրներու անժամանցելիութեան մասին ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի  2391 (XXIII) 26 նոյեմբեր 1968ին կայացուցած որոշումը, վաւերացուած եւ ընդունուած է: Գործադրութեան ուժի մէջ է 11 նոյեմբեր 1970էն ի վեր: Տեսնե՛լ՝ ֆրանսերէն որոշումը:

            Կ’ըսեն՝ գործադրութեան ուժի մէջ է:

Ուժի մէջ է՞:

            Բազմաթիւ երկիրներ ճանչցած են հայոց ցեղասպանութիւնը: Անոնք ՄԱԿի անդամ են: Երբ չեն դիմեր ՄԱԿին, որպէսզի միջազգային կազմակերպութիւնը իր կարգին ընդունի եւ ոճիրի դարմանման գծով նախաձեռնութիւններու դիմէ, ճանաչումները մխիթարական պարգեւի արժէք կ’ունենան: Աւելի պարզ. ինչո՞ւ ճանչցան հայոց ցեղասպանութիւնը, եթէ այդ որոշումը մեզ յուզելէ անդին ո՛չ մէկ նպատակի պիտի ծառայէր: Այս հարցումը նախ մենք մեզի պիտի ուղղենք, չափաւորելու համար մեր անցեալի եւ ապագայի երախատագիտական զգացումները:

            Ցեղասպանութիւնը ցեղապաշտական յոռեգոյն ոճիր է, ճանաչումները այդ կը հաստատեն, բայց անոնց չեն հետեւիր արդարութեան հաստատման գործնական քայլեր, որոշումներ: Այս մասին խօսիլ եւ պահանջել երախտագիտութեան պակաս չէ, այլ յաճախ կրկնուող հարցի իրաւ քաղաքականացում, առանց որուն ինչ որ կ’ընենք, ինչ որ կ’ընեն, թատրոնի դասական խօսքին պէս է.  «բազում աղմուկ վասն ոչինչի»…

            Քանի որ հայոց դէմ գործուած ցեղասպանութիւնը մնացած է անպատիժ եւ անհատոյց, միջազգային համայնքի խօսքի եւ թուղթի կապարճին մէջ ուրիշ բան չէ եղած, հայոց ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի, ընթացքի մէջ է: Ի հարկէ հայը նախ ինք պէտք է անդրադառնայ այսօր իրականացուող ցեղասպանական սպառնալիքին, որուն վերջին միջազգային ուշագրաւ արտայայտութիւնը եղաւ թուրք-ազերիական 2020ի նախայարձակումը, որ կը շարունակուի:

Երբեք բաւարար չափով չենք ըսեր եւ չենք յիշեցներ, թէ ինչո՞ւ ցեղասպանութիւն գործուեցաւ: Ցեղասպանութիւնը ճանչցողներուն համար ալ այս հարցումը օրակարգ չէ, չէ եղած: Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալ եւ յիշել կարծէք զոհերու յիշատակին համար հոգեհանգիստ է: Ո՛չ աւելի:  Այս պատճառով ալ, համաթրքական քաղաքական անշեղ վարքագիծի հետեւող Թուրքիան կը հետապնդէ Հայաստանի անհետացումը: Եթէ հայերը հեռանան իրենց երկրէն, թուրքը տէր ըլլայ հայոց հողին, ոչ ցեղասպանութիւն տեղի կ’ունենար ոչ ալ այսօր պատերազմ:

            Միջազգային համայնքը, ՄԱԿը, անոր Ապահովութեան Խորհուրդը, ո՞ր խաղաղութեան եւ ժողովուրդներու միջեւ ո՞ր ստապատիր խաղաղ համագործակցութեան մասին կրնան խօսիլ, երբ բազմադարեան ժողովուրդ մը անհող եւ անհայրենիք դարձնելու ոճիր գործուած է, այդ ոճիրը արդար գնահատման չէ արժանացած, իրաւունքը չէ վերականգնած:

2020ի Հայաստանի դէմ թուրք-ազերի նախայարձակումը 1915ի ցեղասպանութեան ուղիղ գիծին վրայ կը գտնուի:

            Այս վարքագիծին դէմ հայ քաղաքական միտքը, Հայաստան եւ սփիւռք, չի կրնար ինքզինք սահմանափակել ճանաչումներու յուզումներով եւ «աւելի լաւ ապրելու համար» կատարուած եւ կատարուող հակազգային եւ մարդու իրաւունքները հակասող զիջումներով:

            Այս ըմբռնումով, հայոց 15 միլիոնի յանձնառութեամբ եւ մասնակցութեամբ, ընդհանուր ռազմավարութիւն պէտք է ունենալ, պէտք է որ ունենայինք, մարտավարութիւն ունենայինք, աշխատանքի եւ դերերու բաժանումով, փոխան մինչեւ այսօր տեւող «դուք հոն, մենք հոս»ի անհորիզոն խարխափումներու:

            Այսինքն, փակուղիէն դուրս գալու եւ ազգի ապագայ կերտելու համար, մասնակիներէն պէտք է անցնիլ ընդհանրականի, ներսի եւ դուրսի գունագեղ աւատապետութիւնները փոխարինելով ազգի եւ նպատակի մէկութեամբ, յաղթահարելով աթոռ-աթոռակի ջուր ճողփացնող իրարանցումները:

Կ’ուզեմ նաեւ խօսիլ այլապէս եւ այլ ձեւով շարունակուող, ոչ մեզ եւ ոչ ալ ուրիշները անհանգստացնող ցեղասպանութեան մասին:

Հայրենահանումը եւ անոր հետեւանք սփիւռքացումը ցեղասպանութեան շարունակութիւն են, քանի որ ստեղծուած կացութիւնը վաղ թէ ուշ պիտի առաջնորդէ հայրենահանուած ազգային հաւաքականութիւններու օտարման (aliénation):

Լաւատես գինովներու պէս պէտք չէ նայիլ բաժակի լեցուն մասին, այլ իրատես ըլլալ եւ նայիլ բաժակի լեցուն եւ դատարկ-դատարկուող մասին: Սփիւռքը այլանալու-այլասերելու դաշտ է, ուր ազգային ինքնութեան ստորոգելիները դատապարտուած են կորսուելու: Կը կորսուին լեզու, մշակոյթ, աւանդութիւններ, երբ հայրենի հողի վրայ չենք, քանի որ ամէն օր քիչ մը աւելի պատշաճելու դատապարտուած ենք: Ի հարկէ պէտք է շարունակել ՀԱՅԱՊԱՀՊԱՆՄԱՆ պայքարը, բայց հաւկուրութենէ պէտք չէ տառապիլ, բազմատեսակ քաղաքկրթական եւ տնտեսական ճնշումներու օղակը կը սեղմուի: Հայրենահանուածներու առաջին սերունդը գիտակցած էր կացութեան եւ կը խօսէր քիթ չարիւնող  ՃԵՐՄԱԿ ՋԱՐԴի մասին, որ այսօր տարերային բնոյթ ունի:

Ցեղասպանութեան յաջորդած հայրենահանումը անոր շարունակութիւնն է: Նախ պէտք է գիտակցինք այս իրողութեան եւ մշակենք տոկալու-տեւելու-վերադարձի քաղաքականութիւն:

Հայրենահանումը ազգը դատապարտած է մշակութասպանութեան, հետեւաբար՝ որպէս ազգ անհետացման:

            Ցեղասպանութեան ճանաչումները չեն խօսիր այս մասին, մենք ալ չենք յիշեցներ երեւոյթին ցեղասպանական բնոյթը: Կարծէք հաշտուած ենք կացութեան հետ, էջը դարձնելու գործնապաշտութեամբ, քաղքենիացման «լաւ ապրելու իրաւունք»ը դարձնելով գերնպատակ, ե՛ւ ներսը, ե՛ւ դուրսը:

            Այսօր, յաղթահարելով պարտուածի հոգեկան ընկճուածութիւնը, կ’ունենա՞նք իր անուան արժանի հարազատ ղեկավարութիւն մը, որ նպատակասլաց համախմբում յառաջացնէ եւ ազգին տայ վերականգնումի հեռանկար: Ե՛ւ ներսը, ե՛ւ դուրսը:

            Աւելի քան երբեք այսօր պէտք ունինք ղեկավարութեան մը, որ գերանցելով բոլոր տեսակի աթոռ-կրպակի խարխափումները, առաջնորդէ ազգը:

            Իսկ հոգեհարազատ մտաւորականութիւնը պիտի խօսի եւ լուսաւորէ ժողովուրդը, զայն հեռացնելու համար ամէն կարգի ամբոխային եւ ամբոխայնացման փորձութիւններէ:

            Ժողովուրդն ալ, իր քաղաքական ղեկավարութեամբ, յաղթահարելով ընկճուածութիւն եւ «լաւ ապրելու իրաւունք» ձեռք բերելու ընկեցիկի քաղքենիական երազ, պիտի լսէ իր հարազատ մտաւորականութիւնը:

            Գտնելու համար վերականգնումի եւ Իրաւունքի ճանապարհը:

            Կրկնելով Քրիստափորի հետ. «Ո՞ր մի ժամանակ ստրուկ եւ այսօր ազատ ազգը չէ մոռացել իր կրած զարհուրելի կորուստները»: Այս կ’ըլլայ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄՈՎ: