Սուրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Մերժէ եւ Կը Դատապարտէ Անձնատուողական Կոչերը

Հայաստան, Սփիւռք

Հայաստանի Հանրապետութեան իշխող վարչակարգը, որ հեղինակը հանդիսացաւ արցախեան վերջին պատերազմին ամօթալի պարտութեան, վերջերս Հայ ժողովուրդին կը ներկայանայ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ քաղաքական ու տնտեսական յարաբերութիւններու բնականոնացման, ինչպէս նաեւ այդ պետութիւններուն հետ սահմաններու բացման կոչերով, անտեսելով Հայաստանի ժողովուրդին ու պետականութեան, ինչպէս, նաեւ Արցախի հայ ժողովուրդին սպառնացող գոյութենական վտանգը՝ ուրանալով Արցախի հանրապետութիւնը եւ սասանելով Հայկական պետականութեան հիմքերը:

Այս անխոհեմ վարչակարգը, Փաշինեանի ղեկավարութեամբ, ցուցաբերեց քաղաքական եւ ռազմական տհասութիւն, որ հասաւ դաւաճանութեան մակարդակի, երբ յատկապէս վարչապետ Փաշինեան ստորագրեց անձնատուութեան եւ հայ ժողովուրդին ու անոր հնագոյն քաղաքակրթութեան ստորացման համաձայնագիրը։

Իշխանութեան հասած այս խմբակը առաջին օրէն իսկ ու շարունակաբար որդեգրած է ուղեգիծ մը, որուն շարունակականութիւնը անառարկելիօրէն պիտի աւարտի Հայաստանի կործանումով, հայ ժողովուրդի ինքնութեան քայքայումով ու անոր քաղաքակրթութեան ոչնչացումով։ Քաղաքական այս ուղեգիծը յառաջ կը մղուի հայոց պատմութեան նենգափոխումով, ինչպէս նաեւ հայկական մշակոյթի ու քաղաքակրթութեան աղաւաղումով եւ կը միտի հայ ժողովուրդը մղել հրաժարելու Թուրքիոյ կողմէ իրագործուած հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հայ ժողովուրդի հատուցման, Արեւմտեան Հայաստանի հողային եւ Արցախի հանրապետութեան անկախութեան պահանջներէն:

Այս իշխանութեան կողմէ, Արցախէն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հայութեան արդար պահանջներէն ձերբազատելու գաղափարը վերածուած է քարոզչական առարկայի՝ իբրեւ թէ հասնելու Հայաստանի եւ իր ժողովուրդի յարատեւ բարգաւաճման եւ ապահովութեան՝ խաղաղութեան հաստատման Հայաստանի գործընկերներ համարելով թշնամի Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը:

Այս բոլորը կը ներկայացուին, երբ տակաւին չէ ցամքած այդ թշնամիներուն կողմէ հեղուած հայուն արիւնը:

Սուրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը կը շեշտէ, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման նման կոչեր ապարդիւն եւ վտանգաւոր են Հայաստանի ու Սփիւռքի մեր ժողովուրդին եւ հայրենի մեր պետականութեան համար :

Հայաստանի իշխանութիւններուն կոչերը, այսօր, հայ ժողովուրդին դէմ դաւադրական ծրագիրներու ծառայող դրսեւորումներ են պարզապէս, կոչեր, որոնք հովանաւորուած են մեր ժողովուրդին բարիք չցանկացող մեծապետական կարգ մը ուժերէ։ Ուստի մեր ժողովուրդը զգոյշ պէտք է ըլլայ նմանատիպ սադրանքներէ։

Սուրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը կը մերժէ եւ կը դատապարտէ անձնատուուղական կոչերը, վերահաստատելով, որ պիտի շարունակէ պայքարը հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու ձեռքբերման եւ ամբողջական արդարութեան հաստատման համար, որպէսզի մեր ժողովուրդը ապրի արժանապատիւ ու ազատ՝ իր նախնիներու հողին վրայ։

Սուրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբ