Ազրպէյճանի Մէջ Ապօրինաբար Պահուող՝ Հայկական Կողմի Բոլոր Գերիներու Անյապաղ Վերադարձին Հարցով Արման Թաթոյեան Դիմած է ԵԽ Նախարարներու Կոմիտէ

Աշխարհ, Հայաստան

Ազրպէյճանի մէջ ապօրինաբար պահուող՝ հայկական կողմի բոլոր գերիներու անյապաղ վերադարձին հարցով ՀՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան այսօր դիմած է Եւրոպայի խորհուրդի Նախարարներու կոմիտէ:

«Ներկայացուած յատուկ հաղորդումը կապուած է այն փաստին հետ, որ 2021թ. Մարտ 9-ին ՄԻԵԴ-ը հրապարակային ծանուցում ուղարկած է Նախարարներու կոմիտէ՝ նշելով, որ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը չի պահպաներ գերիներու հարցով դատարանի սահմանած ժամկէտները, դատարանին կը տրամադրէ ընդհանրական ու սահմանափակ տեղեկութիւններ:

ՀՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպանի հաղորդման մէջ ցոյց տրուած է, որ ազրպէյճանական իշխանութիւններուն պահուածքը կոպտօրէն կը խախտէ միջազգային պահանջները՝ գերիները ներկայացնելով «ահաբեկիչներ» կամ «դիվերսանտներ»:

Հայկական կողմի բոլոր զինծառայողները եւ քաղաքացիական անձինք ազրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ գերեվարուած են ընթացիկ, շարունակուող զինուած հակամարտութեան պայմաններու մէջ, հետեւաբար՝ անոնք բոլորն ալ կարգավիճակով գերիներ են, պէտք է անյապաղ ազատ արձակուին եւ վերադարձուին հայրենիք՝ առանց որեւէ քաղաքական կամ այլ նախապայմանի։ Ազրպէյճանական իշխանութիւնները արհեստական կը ձգձգեն, կը քաղաքականացնեն գործընթացը՝ կոպտօրէն ոտնահարելով գերիներու եւ անոնց ընտանիքներու իրաւունքները, անոնց պատճառելով տառապանքներ եւ առաջացնելով լարուածութիւն հասարակութեան մէջ: Բացարձակ դատապարտելի է, որ ազրպէյճանական իշխանութիւնները չեն հրապարակեր իրենց երկրին մէջ ապօրինի պահուող հայկական կողմի գերիներուն իրական թիւը: Անոնք այդպիսով կրկնակի տառապանքներ կը պատճառեն անյայտ կորած անձերու ընտանիքներուն, քանի որ անոնց համար առաւել եւս անորոշ կը դառնայ վիճակը եւ ասիկա այն հէնքին, որ ազրպէյճանական իշխանութիւնները անընդհատ կը խոչընդոտեն մարմիններու որոնողական եւ յայտնաբերման աշխատանքները:

Այս հարցերու բացարձակ հրատապութիւնը պէտք է դիտարկել նաեւ Ազրպէյճանի մէջ պետական մակարդակով հայատյացութեան եւ թշնամանքի քաղաքականութեան ծիրին մէջ:

Եւրոպայի խորհուրդի Նախարարներու կոմիտէին ուղղուած դիմումին մէջ ներկայացուած է մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան միջազգային պահանջներու հանգամանալից վերլուծութիւն, յստակ օրինակներով ցոյց տրուած են մարդու իրաւունքներու խախտումները եւ բարձրացուած է գերիներու անյապաղ վերադարձին աջակցելու հարց:

Այս ամէնուն հետ միասին, ՀՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպանը յատուկ կ՝արձանագրէ, որ ՀՀ պետական մարմիններն ու պաշտօնատար անձեր պարտաւոր են գերիներու եւ անյայտ կորածներու ընտանիքներու հետ ապահովել պատշաճ հաղորդակցութիւն, անոնց տրամադրել սպառիչ տեղեկութիւններ, գերծել համակարգուած, ինչպէս նաեւ ուշադիր ըլլալ սեփական իւրաքանչիւր խօսքի նկատմամբ՝ բացառելու համար որեւէ լարուածութիւն»,- ըսուած է ՄԻՊ յայտարարութեան մէջ։