Ապրելու Վճռականութեան Մասին. Կայացած է Արցախցի Լուսանկարիչի՝ 44-օրեայ Պատերազմին Առնուած Լուսանկարներու Ցուցահանդէսը

Այլեւայլ, Հայաստան

Ապրիլ 8-ին Երեւանի «Թերլեմեզեան» ցուցասրահին մէջ, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ, կայացած է արցախցի լուսանկարիչ Դաւիթ Ղահրամանեանի՝ արցախեան 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին առնուած լուսանկարներու ցուցահանդէսին բացումը:

Բացման խօսքով հանդէս եկած է Համազգայինի Արցախի գրասենեակի տնօրէն Հերմինէ Աւագեան: «Այս լուսանկարներէն իւրաքանչիւրը պատմութիւն է՝ մեր ապրած ու չապրած օրերու, մեր կորուստներու, ցաւի, սպասումի եւ միաժանակ՝ ապրելու վճռականութեան մասին: Այս լուսանկարները մեծ ըսելիք ունին մեզի ու աշխարհին»,- նշած է Հ. Աւագեան:

Ներկաներուն իրենց սրտի խօսքը յղած են լուսանկարիչ Դաւիթ Ղահրամանեանը, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային հիմնադրամի տնօրէն Սպարտակ Ղարաբաղցեանը, Փ. Թերլեմեզեանի անուան ուսումնարանի տնօրէն Աննա Մնացականեանը, Դաւիթի լուսանկարներուն մէջ պատկերուած, զոհուած հերոսներէն մէկուն՝ Կոլիա Նիկողոսեանի ծնողները:

Երգչուհի Սիւզաննա Մելքոնեան հանդէս եկած է ազգային-հայրենասիրական երգերով:

Ցուցահանդէսին ներկայացուած են շուրջ 100 լուսանկարներ՝ Արցախի տարբեր վայրերէ, ուր ընթացած են թէժ մարտեր: Լուսանկարիչը պատկերած է նաեւ թիկունքը՝ աւերուած քաղաքներ, ծննդատուն, հիւանդանոցներ, եկեղեցի, ապաստարաններ, սպասող մայրեր, կանայք, երեխաներ: Ցուցահանդէսը բաց պիտի ըլլայ մինչեւ Ապրիլ 18: Յաջորդ ցուցահանդէսը պիտի կայանայ Ստեփանակերտի մէջ: